Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ.Օ.Մ.-ի Պատրաստած Արեւմտահայերէն Տեսանիւթերը

0 0
Read Time:49 Second


Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ պիտի սկսի հրապարակել՝ իր նախաձեռնութեամբ պատրաստուած արեւմտահայերէն տեսանիւթերու հերթական շարքը, որուն մէջ ներառուած են «Մեր լեզուն» դասագիրքի պատմութիւններէն ընտրանի մը (հեղինակներ՝ Լիզա կապուտեան, Սոնա Վարդապետեան եւ Ալիս Վարդապետեան)։

Մեր նպատակն է այս տեսաշարքին միջոցով, արեւմտահայերէնի ուսուցումը աւելի գրաւիչ եւ մատչելի դարձնել նոր սերունդի համար։
Ըստ Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին Քարոլին Շմաւոնեանին,- «Դաստիարակչական տեսանիւթերու այս շարքը լաւագոյն առիթն է՝ նոր սերունդը կապելու մայրենի լեզուին եւ ամրապնդելու իրենց հայերէն լեզուի հմտութիւնը:

«Մենք հպարտ ենք, որ հնարաւորութիւնը ունինք այս միջոցը հրամցնելու բոլորին՝ առանց սահմանափակումներու եւ յոյսով ենք, որ անիկա ձեր գնահատանքին արժանանաալով, պիտի ներշնչէ ձեզ ծանօթանալ մեր հարուստ մշակութային ժառանգութեան»:

Տեսանիւթերը բծախնդրութեամբ պատրաստուած են արեւմտահայերէն կրթական յայտնի տեղեկատուական կայքի՝Armlands.com-ի եւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ YouTube ալիքի հիմնադիր-խմբագիր՝ Նայիրի Մկրտիչեանի կողմէ։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հրաւիրէ բոլորդ այցելել մեր կայքէջ, ուր տեղադրուած են այս հետաքրքրական տեսանիւթերը, եւ լայնօրէն տարածել զանոնք՝ ձեր ընտանեկան եւ ընկերական շրջանակներէն ներս:

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles