ՀՐԱՅՐ ԱՆՄԱՀՈՒՆԻ
Կը գրեմ մահուան քառասունքին առիթով, անձի մը մասին որ պատճառ եղած է գրել սկսելուս… Գրելը սիրելուս…
Սեւերը հանելու արտօնութեան՝ այս պահուն անգամ մը եւս ժամանակն է նայելու արդէն իսկ քառորդ դար անդին, աշխարհի միւս ծայրէն… Յիշելու… Յիշատակներէդ ընտրելու զանազանելու խմբագրելու այն տողերն ու տեղերը ուր կրնար հետք մը, նշոյլ մը ձգած ըլլար:
Ընդհանուր գիծերէն անդին ու նաեւ անոնց հետ, առօրեայ կեանք, զարթնում եւ ցաւալի լուրին իմացը…Կարդացող նայուածքին մէջ ծփացող տեսարան առ տեսարան, տող առ տող, խօսք առ ձայն, անկախացած նոյնիսկ ժամանակէն ու ակնթարթի մը առանցքականութեան մէջ սեղմուելով կամաց կամաց քակուելու սկսած ամառուայ կարճ թեւ շապիկը, նօթի տետրակէդ գանգատող պարտականութիւնը, ձմեռուայ բաճ-կոնը, տողադարձիդ վանկը, սրբագրուած կաս կարմիր գրաւորը, ճերմակ «Սիթրոէն»ը, ամավերջի քննութիւնները, բաց կանաչ վիճակացոյցդ, ձիւնագնացութիւնը, «Սինէ Քլապ»ները, լսարանական միութիւնը, «Ջահակիր»ի խմբագրութիւնը… Ուսուցիչը, դաստիարակը, Համազգայնականը, Լիբանանցին, Լիբնանահայը… հայը, հօրեղբայրը, ամուսինը, հայրը… Մարդը:
Ան մեր հետ պիտի զուգադիպէր գիտակցութեան սահմանները ընդլայնուած, ձայնապնակնէրէն ժայթքող ու նոր սերունդի մը անձկութիւններուն, ընդունուած արժէքներէն անդին վերասահամանումներու ոյժ …օրէնք ու կառավարութիւն հաստատե-լու: «Իքոնոքլասթ»ներու՝ պատկերաքանդներու ժխոռին մէջ ինկած, սուրճը՝ ծխախոտին հետ, հաճոյքով վայելելով, պատերազմի օրերուն ստեղծուած հերոսացման պատկերներուն եւ գաղափարաբանութիւններու արդարութիւններու թոհուփոհին մէջ ինկած ու շուարած արբունքի սեմին պատանիներուն կը գուրգուրար ան: …Ակնոցներուն վրայէն քիչ մը կողմնակի նետած նայուածքը, հարցնելու համար էր թէ գիտէ՞ք ինչ կ’ընէք ու՞ր կ’երթաք: Պարոն Շահինեան հակառակ չէր եղածին, կը հասկ-նար, այն քիչերէն էր որ ոչ միայն կը մասնակցէր, այլ նաեւ կ’ուզէր անդրադարձնել տալ եղածին ու միտքի աշխարհի պատմութեան… պարունակութեան, անոնց կապին… Ընդհանուր պատկերին…եւ ոչ թէ նորոյթին:
Առաջին հերթին, ան ֆրանսերէնի ուսուցիչ եղած էր, յաջորդ տարին հայերէնի… Լեզուները մասնաւոր զիս չէին հետաքրքրէր ու հաւանաբար այդպէս ալ մնային, երբ վերամուտին՝ ամառուայ արձակուրդի նոր տարուայ ու Զատկուայ արձակուրդնե-րուն, Վարդանանցի ու մայրերու օրուայ եւ գալիք ամառուայ արձակուրդի շարադրութեան նիւթերը, ազգային տօներն ալ, հետը մէկ կողմ դրած չ’ըլլար ու մեզի ազատութիւն տուած՝ մեր նախընտրած նիւթը, մեզի հետաքրքրող այժմէական նիւթի վերածելու, ու առանց ժամկէտի մեր ուզած ժամանակ յանձնելու:… Այդ ատեն ոչ միայն նիւթը գտայ կամ գրելու կարողութիւնը ունեցայ, այլ պատահմամբ նորէն ու նորէն գրելը, ինքզինքս ընդօրինակելով խմբագրելը…գրի առնելու ու հանրութեան յանձնելու տեղը… Շարադրութեան ու գրելուն տարբերութիւնը լաւապէս սորվեցայ:
Երբ մեր չար կամ անմեղ անհնազանդութիւնները, ազդարարութիւն պատիժով պիտի դիմագրաւուէին, խրատներով, հայու վայել բարոյականի մը խոժոռ նայուացքով, ազդարարութեամբ, ան միայն գիտակցութեան հրաւէր մը ունէր նախադասութեան մը մէջ ամփոփուած «մէկ խնդրանք միայն…Բան մը չ’ըրած, կ’ուզեմ որ նախ մէկ վայրկեան միայն մտածես, ու եթէ տակաւին համոզուած ես, շարունակէ…» ըսած էր ան: …Վստահ չեմ… ինչու բայց վստահած:
Երբ աջն ու ձախը լոզունքներ էին, հակասութիւններով ու հակակռանքներով լեցուն, թշնամացած, մահացու մեղքեր, ինք տրամաբանական թեր ու դէմ կարծիքի կը դիմէր:
Սկզբունքային գաղափարներու տէր ու անշահախնդիր, երբ Լիբանանը համայնքային կրօնական նեղ սահմանումներով կիսելու ելած էին, իբր Լիբանանցի պիտի ընդվզէր, ոչ թէ հայութեան շահերուն տեսանկիւնէն՝ այլ Լիբանանի ու մանաւանդ Պէյրութի բազմաքաղաքացի դիմագիծի կորուստին պատճառով: Առանձինը միջավայր մը ստեղծած էր, եւ առ այդ երբ ապահովական պատճառներով, Ճեմարան տանող ճամ-բան փակուած էր, ինք նախաձեռնած էր աձնական բնակարանի մը մէջ դասընթացքներ կազմակերպել…անկարելին իրականացնելով:
Երբ այդ ահաւոր քար ու քանդ կացութեան մէջ, լուսանկարչութեամբ տոգորուած եւ այլ վայրագութեան յանձնուած չ’ըլլալու համար, Էշրաֆիէի մէկ անկիւնը, քանի մը հոգիով մեր «Ֆօթօ Քլապ»ին համար «Չաթալպաշեան» վարժարանի հին շէնքին խո-հանոցը, տարրալուծարան վերածելու հրամանի պէտք ունէինք, ան «Համազգային»ի ճամբով, հոգուով ու սրտով հովանաւորեց զայն ու կարելի դարձուց անկարելին: Ահաւասիկ օրինակ մը անձի մը որ սոյն մշակութային միութեան հիմնադիրներուն շունջին ու շուքին տակ մեծցած է եւ անոնցմէ ժառանգած՝ հոգին:
Երբ տակաւին (…տակաւին) կաղացող ֆրանսերէնովս, համալսարան կ’ուզէի դիմել, սիրայօժար օգնեց քննութիւններուս պատրաստուելու:
Երբ թերթերը ղեկավարներ ու քաղաքական դէմքեր կը յիշեն, ինք վաւերականին, պարկեշտ օրապահիկ հանող արհեստաւորին կ’ուզէր արժեւորել:
Երբ Վահէ Օշականին մասին վաւերագրական մը պիտի պատրաստէի, ինք առաջիններէն էր որ միտքէս անցաւ, գիտէի որ վերլուծումին կրնայ վստահիլ…եւ պարոն Շահինեան ոչ միայն այն հազուագիւտներէն էր, որ կրնար Վահէ Օշական կարդալ, այլ ապրած էր նաեւ անոր «Քաղաքին»՝ Պէյրութին մէջ, տեսած, լսած ու ապրած անոր լացն ու խնդուքը, չնաշխարհիկ տեսարաններն ու միջին արեւելեան պայծառ արեւին տակ պահուըտած կեղծիքները:
Երբ յաճախ ու տակաւին «հայութիւն ըսուածը՝ լորձնոտք գովասանքի կ’արժանա-նայ», մտաւորականը անոր մէջ պիտի փնտռէր վերլուծելին:
Երբ այսօր Սփիւռք ըսուածը տեսաբնական աշխարհի միջազգային ուշադրութիւնը սկսած է գրաւելու, ինք ու իր սերնդակիցները… շատոնց հոն էին արդէն, գոյութենէ անդին, անոր մէջ իմաստ մը փնռելու, սփիւռքահայերէնը հոն ալ ապրեցնելու:
Երբ քսան տարի ետք նոր ներշնջումով ու խանդավառութեամբ մը՝ հայերէնը վերագտած էի ու սպեղնաշարը մատներուս տակ…տառերը մէկ-մէկ ոռոնելով նորէն հրատարկելու սկսած, միակ օրինակը որ անձնի մը ղրկած եմ, իրեն էր… Երկարօրէն տատամսելով թէ, Սիրելի Պրն. Շահինեանի՞ն ուղղեմ զայն կամ պարզապէս Սիրելի Գրիգորին: