ՊՕՂՈՍ ԱՊԱՃԵԱՆ ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ԽՄԲԱՎԱՐԸ

1 0
Read Time:1 Minute, 47 Second

ԿԱՐՊԻՍ ԳՈՃԱՆԵԱՆ

Խմբավար՝ Պօղոս Ապաճեան
Խմբավար՝ Պօղոս Ապաճեան

Ապրիլ 12-ին, Սուրբ Զատկուայ օրը, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքեց, տաղանդաւոր խմբավար, երգարուեստի անխոնջ մշակ, պրն. Պօղոս Ապաճեան:
1969 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով, Հալէպի բեմահարթակներուն վրայ հնչեցին »Զուարթնոց« երգչախումբի համերգները, ղեկավարութեամբ երիտասարդ խմբավար Պօղոս Ապաճեանին, շրջանաւարտ Երեւանի Կոմիտասի Անուան երաժշտանոցէն: Արդէն իսկ հանդիսատեսներու հոգիները հրճուած էին, ի տես համերգներու քաղցրահնչիւն եւ նրբաճաշակ կատարումով:
Այդ օրերէն ի վեր հալէպահայութիւնը անհամբեր կը սպասէր Ապաճեանի համերգ-ներուն, լիցքաւորուելու հայատրոփ երգերու հնչականութեամբ: Երգչախումբը վայելեց Բերիոյ Թեմի հովանաւորութիւնը երկար տարիներ, ապա հովանաւորութիւնը փո-խանցուեցաւ Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ գործեց իբրեւ երգչախմբային միաւոր:
Համերգներու յայտագիրները կ’ընդգրկէին հայ երգարուեստի գանձարանէն առնուած գոհարներ, օտար դասական երաժշտութենէն բարձրորակ հատուածներ, ինչպէս նաեւ արաբերէն երգերու բազմաձայն դաշնաւորումով կատարումներ, որոնք արժանացան արաբ երաժիշտներու անվերապահ գնահատանքին, Դամասկոսի մէջ ներկայացուած համերգները արձանագրուեցան հեռատեսիլի կայանը:
Ապաճեան իր համեստ նկարագրով ու երաժշտագէտի հմտութեամբ, կրցաւ իր շուրջ համախմբել մեծ թիւով երաժշտասէր անդամներ, որոնք երկար տարիներ հայ երգարուեստին սպասարկեցին իրենց նրբաճաշակ երգեցողութեամբ:
Անցնող քառասուն տարիներու ընթացքին, Ապաճեան ունեցաւ մեծ թիւով երգողներու փաղանգ մը, որոնց համար երգչախումբը եղաւ երկրորդ դպրոց մը, հաղորդ մնալու երգերու ընդմէջէն մեր ազգային պատմութեան, մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն, եղաւ հնոց մը ազգասիրութիւն թարփնող,  եղաւ փարոս մը միջազգային դասական երաժշտութեան ակունքները բացայայտող:
Ապաճեան եղաւ նաեւ բազմավաստակ մանկավարժ, դասաւանդելով երաժշտութիւն, ազգային դպրոցներու, Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եւ պետական երաժշտանոցին մէջ:
Հիմնեց իր անձնական երգչախումբը »Նարեկացի« անունով, ներկայացնելով բարձ-րորակ համերգներ:
Տարածեց հայ երգչախմբային արուեստը, ոչ միայն Հալէպի այլ նաեւ Դամասկոսի, Պէյրութի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Գամիշլիի մէջ, խլելով գնահատանքի ջերմ ծափողջոյններ, հայ եւ արաբ մամուլը երկար յօդուածներով փառաբանեց Ապաճեանի հա-մերգները: Պօղոս Ապաճեանի  տածած աւանդը հայ մշակոյթին եւ մասնաւորաբար հայ երգարուեստին մեծ է եւ յոյժ գնահատելի:
Սիրայօժար խմբավարեց երգչախումբը, զանազան ազգային եւ եկեղեցական հան-դիսութիւններուն, համագործակցելով բոլոր հայ համայնքներուն հետ:
Յատկանշական համերգ մըն էր 2001ի խմբավարած, 170 անդամներէն բաղկացած »լուսաւորիչ« երգչախումբը, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակման 1700ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի մէջ նոյն խումբով ներկա-յացուած քառաձայն պատարագը, երկու վեհափառներու, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վսեմաշուք ներկայութեամբ:
Սրտի խոր կսկիծով կ’իմանանք, վաղահաս մահը վաստակաւոր խմբավարին, հե-զահամբոյր նկարագրով մանկավարժին, հալէպահայութեան եւ իր երգչախումբին մէջ երգող անդամներուն, մտքին եւ հոգիին մէջ յաւերժ քանդակուած պիտի մնայ իր խնկելի յիշատակը:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles