ՏԻԹՐՈՅԹ.- «ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է»

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second
Եկեղեցական արարողութիւն Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ
Եկեղեցական արարողութիւն Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

 

Գաղութիս ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ, տարիներու ընթացքին սովորութեան վերածուած է համագաղութային արումով եկեղեցական արարողութեամբ ոգեկոչել »Աւարայր«ի հերոսներուն անմեռ յիշատակը : 
Տարուէ տարի շարունակուող այս գեղեցիկ ու օրինակելի աւանդութիւնը իւրայատուկ հոգեկան ու բարոյական խանդավառութիւն մը յառաջացուցած է գաղութիս ազգային ու կրօնական կեանքին մէջ: Գաղութիս մէջ գործող երեք յարանուանութեանց հոգեւոր հայրերը, իրենց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներուն ու ժողովուրդի խուռներամ մասնակցութեամբ կը հաւաքուին Սուրրբ Վարդան եկեղեցւոյ յարկին տակ իենց հաւատքի ջերմերանդութեամբ, անգամ մը եւս գօտեպնդուելու »Աւարայր«ի պատգամով:
Փետրուար 19, 2009-ին երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ անմահ Սուրբ պատարագ, կատարողութեամբ հոգեւոր հովիւ Գրպտ. Տ. Անտոն Ծ. Վրդ. Ադամեանի, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին Հայց. Առաքելական Ս. Յովհաննէս եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիներու դպրաց դասի երգչախում-բը, ղեկավարութեամբ Պրն. Նաւասարդ Մարտոյեանի :
Պատարագիչ հայր սուրբը շնորհակալութիւն եւ բարի գալուստ յայտնեց հոգեւոր հայրերուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն, ապա հերթով խորան հրաւիրեց Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Մակարիոս Տարրաուին, եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Տարօն Քհնյ. Ստեփանեանը :
Արժպ. Տ. Տարօն Քհնյ. Ստեփանեան հայերէն լեզուով տուաւ իր օրուայ պատգամը: Աւետարանէն մէջբերում մը կատարելով, ան ըսաւ.- »Մարմինը մեռցնողներէն մի վախնաք, այլ հոգին սպանողներէն: Ահա դարձեալ հաւաքուած ենք որպէս ուխտաւորներ ոգեկոչելու եւ վերանորոգելու Աւարայրի անմահ հերոսներուն կողմէ ժառանգուած Քրիստոնէական հաւատքը եւ ազգային արժէքները : …Ղեւոնդ Երէց եւ ուրիշ հոգեւորականներ, որոնք կրքոտ ճառերով յաղթելու վճռակամութեամբ ոգեւորեցին հայոց բանակը, հակառակ պարագային նահատակներու փառքով պսակելու իրենց կեանքը, որովհետեւ անվախ էին, այդ հաւատքով ու հայրենիքի սէրով գօտեպնդուած որոշեցին  լաւ է մեռնիլ ոտքի վրայ, քան ապրիլ ծնկաչոք, քանի որ Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է«: 
Եղիշէ ու Ղազար Փարպեցի իրենց գրած անմահ երկերով պանծացուցին  Աւարայրի քաջ նահատակները, որոնք դարեր շարունակ հայ ժողովուրդի զաւակներուն սորվե-ցուցին ամէն տեսակ թշնամիին դէմ կռուիլ ու վառ պահել հայրենիքի սէրը ու քրիստոնէական հաւատքը: Ապա ան ըսաւ թէ 1826- ին, այդ ոգին Հայաստանէն թռիչք առաւ դէպի Կիլիկիոյ արծուաբոյն Զէյթուն գաւառը, Աւարայրի տեսիլքով զօրացած Զէյթունի քաջարի ժողովուրդը ջարդեց ու փախուստի մատնեցին գերզանց թիւով թուրք բանակը: 1918-ին Տղմուտ գետի ափի Աւարայրի դաշտը փոխարինուած էր Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով ու Ղարաքիլիսէով:
»Երբ բաղդատութիւն մը կը կատարենք երկու ճակատամարտերուն, իրական որ երկու վճռական ազատամարտերը իրենց էութեամբ շատ նման են իրարու, երկու դէպքերուն ալ  թշնամիին գերակշիռ ուժերուն դէմ կազմակերպուած էր ժողովրդական պատերազմ, յաղթելու կամ փառքով նահատակուելու պատրաստակամութեամբ: Մեր նորօրեայ ազգային պատմութեան մէջ, Արցախի քաջարի Առաջնորդ՝ Պարգեւ Արքպ. Մարտիրոսեան աջ ձեռքին խաչը, իսկ ձախին հրացանը, եղաւ Արցախի ազատագրական պայքարի Ղեւոնղ Երէցը: Արցախի քաջարի մարտիկներ Աւարայրով ոգեւորուած 1994-ին յաղթելու եւ գոյատեւելու վճռական հակահարուածով ոչ թէ միայն ազատագրեցին բռնագրաւուած պատմական Արցախը, այլ եւ Հայաստանի ու Արցախի շուրջ հաստատեցին ապահովութեան գօտի մը, որմէ ետք յայտարարեցին Արցախի անկախութիւնը«, ըսաւ Տէր Հայրը որ իր պատգամը փակեց, ըսելով .- »Պէտք է մեր տուներէն ներս թէ դուրս, մեր հաւաքական կեանքին մէջ, որպէս ինքնապաշտպանութեան զօրաւոր վահան վերականգնենք Աւարայրի քաջերու անվախ ոգին, վառ պա-հենք հայրենիքի սէրը, հաւատարիմ մնանք մեր պապերու դարաւոր քրիստոնէական հաւատքին, պատմութեան, մշակոյթին, ու ազգային տեսիլքներուն« :
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ-ներ՝ Արժ. Տ. Կարապետ Աւգ. Քհնյ, Գոչակեան, եւ Արժպ. Տ . Հրաչ Քհնյ. Սարգսեան կատարեցին փակման աղօթքը:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles