«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՓԱՍՏԵՐ ԵՒ ՄՏՔԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

0 0
Read Time:3 Minute, 5 Second

Խմբագրական
Սեպտեմբեր 9, 1932
Աշխատանքի Օրուան առթիւ Աշխատանքի Ամերիկեան Դաշնակցութեան նախագահ Կրին Փիցպըրկի մէջ ըրած էր ընդարձակ ուղերձ մը, որուն մէջ շահեկան մտքեր ու տուեալներ կային, ինչպէս գործի վրայ եղող բանուորներու, այնպէս ալ գործազուրկներու ներկայ վիճակի մասին։
Ամենավերջին տեղեկութեանց համաձայն, ան յայտարարած էր, թէ գործազուրկներու թիւը ներկայիս հասած է 11,400,000¬ի։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ հակառակ ամառուայ ամիսներու ընթացքին նկատուող տնտեսական կազդուրման բազմաթիւ նշաններուն, հակառակ գործազրկութեան դէմ թափուած բոլոր ջանքերուն, գործազուրկներու բազմութիւնը ոչ միայն պակսած չէ այս երկրին մէջ, այլ անընդհատ աճած է։
Այս տխուր երեւոյթը մասնաւորապէս ուշագրաւ է այն պատճառով, որ որոշապէս ցոյց կու տայ, թէ կառավարութեան ձեռնարկած միջոցները դրական արդիւնք տուած չեն մինչեւ այժմ եւ որեւէ չափով չեն բարւոքած աշխատաւոր զանգուածի տնտեսական կացութիւնը։
Այնպէս որ, բոլորովին անտեղի ու անհիմն չէ յաճախ լսուող մեղադրանքը, թէ Ուաշինկթընի ներկայ վարչութիւնը իրականին մէջ օգնութիւն կը հասցնէ խոշոր դրամատէրերու եւ ընկերակցութիւններու, բայց շօշափելի ոչինչ կ’ընէ փոքր մարդոց ծանր վիճակը թեթեւցնելու համար։
Հարկաւ, անկարելի է ժխտել, որ Հուվըրի վարչութիւնը անկեղծօրէն կ’ուզէ օգնութիւն ընել նաեւ փոքր մարդոց։ Սակայն, ինչպէս դառն փորձը կը պարզէ, անոր թափած բոլոր ջանքերը բարւոքում առաջ չեն բերեր ժողովրդական զանգուածի վիճակին մէջ։ Անհերքելի փաստ է, որ հակառակ այդ ջանքերուն, ոչ միայն չի դադրիր գործազրկութեան աճումը, այլ եւ ամսէ ամիս աւելի կը վատթարանայ գործի վրայ մնացող աշխատաւորներու ալ վիճակը։
Աշխատանքի Ամերիկեան Դաշնակցութեան նախագահի խորունկ համոզումով՝ վերջին երեք տարուայ ընթացքին Միացեալ Նահանգներու գործատէրերը հետեւած են եւ այժմ ալ դեռ կը շարունակեն հետեւիլ բացարձակապէս քանդիչ տնտեսական քաղաքականութեան մը, այն է՝ կրճատել գործաւորներու աշխատավարձերը։ Որոշ է, թէ այս կարճատես քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք խոշոր չափով մը պակսած է ժողովրդական զանգուածներու գնողական կարողութիւնը, որով աւելի եւս սահմանափակուած է ապրանքներու սպառումը եւ աւելի սաստկացած տնտեսական տագնապը։
Բազմաթիւ փաստերու հիման վրայ Կրին կու գայ այն եզրակացութեան, որ այս երկրի արդիւնաբերութեան զանազան ճիւղերու մէջ վերջին 2-3 տարուայ ընթացքին կատարուած աշխատավարձերու կրճատումները ծանր հետեւանքներ են ունեցած ոչ միայն գործաւորներու վիճակին, այլ եւ գործարանատէրերու գործին վրայ։ «Կրճատումները կը վնասեն բոլորին, բայց չեն օգներ ոչ ոքի»,- կ’աւելցնէ ան։
Կրին կը յայտնէ այն միտքը, թէ երկիրը կրնայ նորէն բարգաւաճման ճամբու մէջ մտնել միայն այն ատեն, երբ աշխատավարձերը սկսին կրկին բարձրանալ, փոխանակ իյնալու, երբ ժողովրդական զանգուածները իրենց աշխատանքի փոխարէն աւելի դրամ ստանան գնելու համար։
Աշխատավարձերու բարձրացումը պահանջելով հանդերձ, Աշխատանքի Ամերիկեան Դաշնակցութեան նախագահը անհրաժեշտ կը նկատէ նաեւ անմիջապէս ամբողջ երկրին մէջ կրճատել աշխատանքի ժամերը մինչեւ օրական վեց ժամ՝ հաստատելով միաժամանակ միայն հինգ օր աշխատելու դրութիւնը։ Այս միջոցով միլիոնաւոր գործաւորներ պիտի կարենան իսկոյն գործ ստանալ։
Ակներեւ է, որ շնորհիւ մեքենաներու կատարելագործման եւ աշխատանքի արդիւնաբերութեան աննախընթաց բարձրացման, կարելի չէ այլեւս բոլորին աշխատանք հայթայթել, եթէ մարդիկ շարունակեն առաջուան պէս շաբաթական 6 օր եւ օրական 8 եւ աւելի ժամեր աշխատիլ։ Բոլորին գործ տալու համար, պէտք է կրճատել բոլորի աշխատանքի ժամերը։ Ասիկա անխուսափելի է։
Հարկաւ, աշխատանքի ժամերու կրճատումը չի նշանակեր երբեք, թէ կրճատման պէտք է ենթարկուին նաեւ աշխատավարձերը։
Պէտք չէ թոյլ տրուի, որ իյնայ ժողովուրդի ապրելակերպի մակարդակը։ Պէտք չէ թոյլ տրուի, որ շարունակուի վարձատրութեան եւ շահի ներկայ աննախընթաց անարդար բաշխումը։
Կրին ամենայն իրաւամբ կը պնդէ, թէ մինչեւ այժմ մեքենաներու կատարելագործումէն առաջ եկած բարիքներէն համեմատաբար քիչ է օգտուած աշխատաւորութիւնը, մինչդեռ դրամատէր կամ գործատէր դասակարգը կորզած է առիւծի բաժինը։
Պէտք է որ աշխատաւորները այսուհետեւ աւելի բաժին ստանան այն շահէն, զոր կը ստանան դրամատէրերն ու գործարանատէրերը։ Այդ պարագային խոշոր չափով մը պիտի մեծնայ նաեւ ժողովրդական զանգուածներու գնելու կարողութիւնը, որ իր կարգին պիտի նպաստէ արդիւնաբերութեան զարգացման, գործերու բարելաւման եւ վերջին հաշուով դրամատէր կամ գործատէր դասի ալ շահուն։
Ամենէն նշանակալից յայտարարութիւնը Կրին ըրած է գործազրկութեան դէմ պետական ապահովութեան հրատապ խնդրի մասին։
Ինչպէս յայտնի է, ասկէ առաջ Ամերիկեան Դաշնակցութիւնը հակառակ էր գործազրկութեան դէմ պետական ապահովութիւն հաստատելու դրութեան։ Այժմ հիմնովին փոխած է իր նախկին դիրքը։ Կրինի ըսելով՝ քանի որ գործատէրերը բաւականաչափ իմաստուն չգտնուեցան գործ հայթայթելու բոլոր գործազուրկներուն, այժմ ուրիշ ճամբայ չի մնար, բայց եթէ պահանջել պետական ապահովագրութիւն գործազրկութեան դէմ։
Անկասկած, ասիկա միակ տրամաբանական եւ նպատակայարմար միջոցն է դրամատիրական տնտեսութեան ներկայ անստոյգ պայմաններուն մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles