Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
6 Սեպտեմբեր 2024
Միշէլ Պառնիէի՝ Ֆրանսայի վարչապետ նշանակումը արդեօք քաղաքական-տնտեսական երկարաշունչ տագնապի մը բանալի՞ն պիտի հանդիսանայ, թէ ամիսներ առաջ թել առ թել կուտակուած հանգոյցը նոր բարդութիւններու պիտի տանի: Ահաւասիկ հարցումներ, որոնք լայնածիր բանավէճի եւ անհատնում մեկնաբանութիւններու գանձարկղը բացած են ո՛չ միայն Ֆրանսայի մէջ, այլ նաեւ՝ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը:
Պառնիէի նշանակումը առաջին ակնարկով անմիջական լուծում մը կը բերէ այն անելին, որ ստեղծուած էր աւելի քան 50 օր առաջ, երբ խորհրդարանական ոչ-վճռորոշ ընտրութիւններէն ետք, վարչապետ Աթալ հրաժարական տուաւ եւ հրապարակը բացուեցաւ խորհրդակցութիւններու առջեւ, ճշդելու համար յաջորդ վարչապետը: Խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտած էին ուշագրաւ անակնկալներով: Առաջին հանգրուանին, աջակողմեանները, Մարին Լը Փէնի գլխաւորութեամբ, եւ օգտագործելով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կարճ ատեն առաջ իրենց ձեռք բերած առաւելութիւնը, ապահոված էին բացայայտ առաւելութիւն: Սա հաւասարապէս զօրաշարժի ենթարկած էր «կեդրոն» խաղացող նախագահ Մաքրոնն ու համախոհները, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան կուսակցութիւնները: Երկրորդ հանգրուանին, զօրաշարժը ստեղծած էր անակնկալը, ձախակողմեանները ապահոված էին առաւելագոյն թիւով աթոռներ, երկրորդ դիրքին տարած՝ նախագահին խմբակցութիւնը, իսկ Լը Փէնի արագավազները ժամանման գիծ հասած էին իբրեւ պրոնզեայ մետալակիր (չմոռնանք, որ կարճ ատեն ետք տեղի պիտի ունենային Փարիզի ողիմպիականները եւ իրական մտալներու բաշխումը):
Օրին, մեկնաբանութիւններուն շարքին հնչած էր այն տեսակէտը, թէ կանխահաս ընտրութիւններու քայլին դիմելով՝ Մաքրոն բախտախաղի մտած է եւ կորսնցուցած: Այդ օրերուն, Լը Փէնի արձանագրած արդիւնքներն էին, որ առաւելաբար մտահոգած էին նախագահն ու ընկերակիցները, որովհետեւ Լը Փէն նախագահական ընտրութիւններուն գլխաւոր մրցակիցն էր ու անոր յաւակնութիւնները նահանջ չեն արձանագրած, ընդհակառակն՝ նոր թեւեր առած են:
Եւ ահա, Մաքրոն երկրորդ անակնկալի մը դիմաց կը դնէ ժողովուրդն ու քաղաքական շրջանակները՝ աջ թէ ձախ խմբաւորումները: Ան վարչապետ կը նշանակէ ընտրութիւններուն չորրորդ դիրքը շահած Պառնիէն, բացայայտ դարձնելով, որ իր նախընտրութիւնը կ’երթայ գործակցելու աջակողմեաններուն հետ, անգամ մը եւս հեռու կանգնելով Ձախէն:
Որպէսզի պատկերը աւելի յստակ ըլլայ, աւելորդ չէ արձանագրել խորհրդարանական աթոռներուն ներկայ պատկերը (գումարը՝ 577 աթոռ).
- Ձախակողմեան ուժերու խմբաւորումը (ընկերվարականներ, կանաչներ, համայնավարներ եւ ծայրայեղ ձախ) ունի 180 աթոռ:
- Մաքրոնի շուրջ խմբուածներ՝ 163 աթոռ:
- Լը Փէնի համախոհները՝ 143 աթոռ:
- Պառնիէի Հանրապետական կուսակցութեան խմբաւորումը՝ 66 աթոռ:
- Անհատներ՝ 13 աթոռ:
- Այլ ձախակողմեաններ՝ 12 աթոռ:
ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Նոր վարչապետին նշանակումը (ան Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբերին ստանձնեց Օթէլ Մաթինիոնի՝ վարչապետարանի բանալիները) բազմագոյն արձագանգներ ստեղծեց նախ՝ Ֆրանսայի քաղաքական բեմին վրայ, ապա նաեւ միջազգային շրջանակներու մէջ: Աւելի՛ հետաքրքրականը՝ ներքին ճակատներն էին:
Ձախակողմեան խմբաւորումը, որ ապահոված էր առաւելագոյն աթոռները, բուռն քննադատութեան ենթարկեց նախագահը, նշելով, որ ան այս խմբակէն գողցած է երկիրը կառավարելու իրաւունքը: Տրամաբանութիւնը կ’ըսէ, որ նախապատւութիւնը կը տրուի առաւելագոյն թիւով աթոռ ունեցողին՝ կազմելու նոր կառավարութիւնը: Մաքրոն մեղադրուեցաւ նաեւ կեղծ ժողովրդավարութիւն խաղալու յանցանքով, որովհետեւ տարածուած «բոյրը» կը նշանակէ, թէ ան սեղանին տակէն ձեռք երկարած է իր գլխաւոր մրցակիցին՝ Լը Փէնի: Յիշեալ երեք խմբաւորումներուն հետ, Մաքրոն Պառնիէի համար ապահոված կ’ըլլայ 372 աթոռ: Հոս, սակայն, կը բացուի բախտախնդրութեան նոր արարը, որովհետեւ Լը Փէն յաջորդ կառավարութեան անվերապահօրէն քուէ տալու խոստում չունի, այլ, մեկնաբաններու մեծամասնութեան կարծիքով, ան հիմա նստած է «թագաւոր կարգելու» աթոռին վրայ եւ յայտնապէս պիտի փորձէ իր պայմանները պարտադրել թէ՛ նախագահի եւ թէ նշանակեալ վարչապետին, այլապէս, Պառնիէի կազմելիք կառավարութիւնը պիտի տապալի շուտով, եւ ճիշդ պիտի ըլլան այն մեկնաբանութիւնները, թէ Մաքրոն այս քալին դիմած է ժամանակ շահելու համար:
Եւրոպական եւ այլ արձագանգները ընդհանրապէս դրական էին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Պառնիէ երկար փորձառութիւն ունի Եւրոպական խորհուրդի բեմին վրայ, գլխաւոր վարիչն էր Եւրոպական շուկայէն Բրիտանիոյ հեռացման բանակցութիւններուն:
ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՍՏԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Իր անդրանիկ յայտարարութեան մէջ, Պառնիէ հրապարակ եկաւ ականջահաճոյ խոստումներով: Եթէ Մաքրոն յոյս ունի, որ ան պիտի կարենայ համախոհութիւն ստեղծել սուր կերպով հակադրուած ուժերուն միջեւ (կրկնենք, բաւական մեծ հարցականներ կան հոն), ինք՝ նշանակեալ վարչապետը խոստացաւ դարմանել ժողովուրդին «զայրոյթ պատճառող» տագնապները: Ան ընդունեց, որ ժողովւրդը կը տառապի, լքուած կը զգայ, անարդարութիւն կայ (եւ այլն): Առաջին անկնարկով, ասոնք ընդհանրութիւններ են, մեկնաբաններ անոնց մէջ շօշափելի բան չտեսան, միաժամանակ յիշեցուցին, որ Ֆրանսայի եւ իր ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապները բազմագոյն են, շատ աւելի՝ քան ծիածանին երիզները: Կան ապրուստի սղութիւնը, ընկերային բազմայարկ հարցեր, որոնց շարքին՝ հանգստեան կոչումի տարիքի բարձրացումը, որուն կողմնակից է Պառնիէ): Ընդդիմադիրները արդէն կը սպառնան վերադառնալ հրապարակային բողոքի քայլերու, որոնք մերթ ընդ մերթ անդամալուծած են քաղաքներ եւ ծանր ցնցումներ պատճառած՝ երկրին:
Ներքին կեանքը յուզող այս ու նման բազում տագնապներուն դիմաց, Պառնիէ, նոր կառավարութեան մը կազմութեան մէջ յաջողելու պարագային, լուրջ մարտահրաւէր-պահանջ մը կը դիմագրաւէ Եւրոպայէն: Եւրոպացիք կը պահանջեն, որ Ֆրանսա շատ մօտիկ ապագային կտրուկ կրճատումներու ենթարկէ հանրային ծրագիրներու տրամադրուած պիւտճէն (մինչեւ 30 միլիառ եւրոյի կրճատումի պահանջ), ինչ որ Ֆրանսան պիտի դնէ տնտեսական, հետեւաբար նաեւ ընկերային աւելի՛ եւս ծանրացող ճնշումներու տակ:
Այս ու նման հարցականներու մթնոլորտին մէջ է որ Պառնիէ պիտի փորձէ կազմել կառավարութիւն մը եւ յուսալ, որ ապահովէ անոր վստահութեան քուէն: Թէ ինչպէ՞ս, կը մնայ սպասել, տեսնելու՝ թէ Մաքրոն ի՞նչ ձեւով անոր պիտի փոխանցէ կախարդական այն գլխարկը, որուն մէջէն նապաստակներ դուրս կը ցատկեն:
«ԼՈՒՌ» ԿԷՏԵՐ
Ֆրանսայի քաղաքական կեանքը իրողապէս անդամալուծած եւ տարիներէ ի վեր անլոյծ թողուած տագնապներուն շարքին կամ բազմաթին գիծեր, որոնց մասին շատ չի խօսուիր «փոխանցման» այս փուլին, անոնց մասին լռութիւն կը պահուի: Նշանակեալ վարչապետի յայտարարութիւններն ալ առաւելաբար ներքին դժուարութիւններու կ’ակնարկէին: Մամուլին աչքին, յայտնապէս շատ աւելի հետաքրքրական են այն, որ Աթալ Ֆրանսայի Հինգերորդ հանրապետութեան (եւ ընդհանրապէս) ամէնէն երիտասարդ վարչապետն էր, ունի սեռային այլանդակ հակումներ, իսկ Պառնիէ ամէնէն տարեցն է, ունի կառավարական եւ եւրոպական բեմերու վրայ լայն փորձառութիւն, հետեւորդն է Տը Կօլի (ինչ որ մնացած է տը-կօլականութենէն) եւ իրողապէս դուրս կը քաշուի հանգստեան կոչումի վիճակէն:
«Լուռ» հարցերու ցանկն ալ բաւական երկար է. կանգ առնենք մէկ քանի ուշագրաւներուն առջեւ:
Լայն քննարկումի նիւթ չէ, թէ նախագահը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ձախակողմեան խմբաւորումէն «գողցաւ» վարչապետութիւնը ունենալու իրաւունքը: Եթէ հոն բացայայտ է Մաքրոնի եւ յիշեալ կողմերուն միջեւ լուռ ու բացայայտ գործակցութիւնը (միշտ ալ հարցականները կը պահուին), «լուռ» է այն երեսը, թէ մեծամասնութիւն ունեցողները ինչո՞ւ չկրցան ստեղծել կառավարական իրե՛նց համախոհութեան ենթահողը: Աղաղակող չէ, բայց նաեւ գաղտնիք ալ չէ, որ Մաքրոնի եւ Լը Փէնի հակադրուողները (խօսքը անձերու մասին չէ, այլ անոնց հետապնդած վնասարար եւ հաւանական վնասաբեր ծրագիրներուն մասին է) ունին այլօրինակ հակադրութիւններ, մրցակցութիւններ, որոնք ահա մեծ չափով կը փոշիացնեն իրենց ձեռք բերած առաւելութիւնները: Մինչդեռ, այս փուլին, անոնց ընելիքը՝ որոշ տարակարծութիւններ եւ հակամարտութիւններ մեկդի դնելն էր եւ ընդհանրական սպառնալիքներուն առաջքը առնելը…
Նախագահին եւ քաղաքական շրջանակներու միջեւ խորհրդակցութեանց՝ վերջին շաբաթներու փուլին, հիմա նաեւ Պառնիէի ձեռնարկելիք քաղաքական բանակցութիւններուն, ընդհանրապէս չի խօսուիր, այլ լուսանցքի վրայ նետուած է Ուքրանիոյ պատերազմը: Մաքրոն, որ ամիսներ առաջ թեւերը սոթտած էր ու պատրաստակամութիւն յայտնած՝ զինուորներ ղրկելու պատերազմող երկիրը, այս փուլին կարծէք թէ մոռցած է այդ ախորժակը:
Վարագոյրի ետին նետուած են նաեւ այն հարցերը (խորքին մէջ՝ հարցերու հարցը), որոնք կը բխին Ֆրանսայի (եւ առհասարակ Եւրոպայի) վրայ ամերիկեան ճնշումներէն: Մասնաւորաբար Ուքրանիոյ պատերազմին պայթումէն ասդին, աւելի՛ յաճախակի կը դառնան այն հարցումները, թէ Ֆրանսա – եւ եւրոպական այլ երկիրներ – որքա՞ն ինքնիշխան ու գերիշխան են, մինչդեռ իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ ամերիկեան (խորքին մէջ Ամերիկայի անունով դիմակաւորուած ուժերու) միջամտութիւններն ու պարտադրանքները ստեղծած են աւելի՛ քան կախեալի վիճակ: Ժողովուրդը գիտէ, իր մորթին վրայ կը զգայ այդ բոլորը (սղութիւն, օտարներու «ներածում» եւ այլն), գիտէ նաեւ, որ որքա՛ն սուղ կը վճարէ այդ բոլորին համար, եւ սակայն, մատնուած է անկարողութեան, անելի, որ շատ ալ կապ չունի քաղաքական հոսանքներուն ստեղծուած անելին հետ: Փաստօրէն, իշխանութեան որեւէ յաւակնորդ չի խոստանար կոտրել իրողական ստրկութեան շղթան, համարձակիլ մտածե՛լ իսկ, թէ Ֆրանսա պէտք է կասեցնէ դէպի Ուքրանիա, Իսրայէլ եւ այլուր՝ իր տնտեսութեան արիւնահոսութիւնը: Անշուշտ կան նաեւ «մանրուքներ», որովհետեւ Ֆրանսա նաեւ դաշնակիցներէ անուղղակի ճնշումներու – եւ հանգոյցներու – դէմ յանդիման կը գտնէ ինքզինք, երբ յանկարծ Ազրպէյճան մը (չես գիտեր թէ որո՞ւն դրդումով…) հարցեր կը ստեղծէ, օրինակի համար՝ «Հայաստանը կը զինես» մեղադրանով ու դիւանագիտական մասնակի խզում ցուցադրող քայլերով…
Շուտով յայտնի պիտի ըլլայ, թէ Մաքրոնի այս աճպարարութիւնն ու լարախաղացութիւնը ի՞նչ արդիւնքի պիտի յանգին: Նախանշանները յուսատու չեն, սակայն քաղաքական կեանքը հարուստ է ամէնէն այլանդակ անակնկալներով: Իսկ եթէ Պառնիէի փորձը չյաջողի, հաւանական է, որ Ֆրանսա դարձեալ մատնուի «անվարչապետ» վիճակի: Բայց անկէ ի՞նչ վնաս: Լիբանան շուտով պիտի տօնէ «աննախագահ վիճակի» (քանի՛երորդ անգամ ըլլալով) առաջին տարեդարձը: