Մեր Խառն Զգացումներէն Անդին (Անկախութեան Տարեդարձի Խոհեր)

0 0
Read Time:4 Minute, 57 Second
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Անցնող աւելի քան երեք տասնամեակներուն, Սեպտեմբեր ամիսը համայն հայութեան համար անխառն ուրախութեան եւ ցնծագին տօնակատարութեան ամիս մըն էր: 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին Արցախ, ապա նոյն ամսուան 21-ին Հայաստան՝ յաղթանակի սրտառուչ զգացումներով հռչակեցին իրենց անկախութիւնը:
Արդարեւ, 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն շուրջ երկուքուկէս տարի ետք, ծնունդ առնող Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու ծագումն ու օրէ օր աճումն ու զարգացումը հրաշալի երեւոյթ մըն էր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Պատմութեան արիւններէն ու աւերներէն ժառանգ մնացած այս երկու պատառ հողերը մեր ազգային յոյսերուն, երազներուն եւ իղձերուն մարմնացումը եղող իրականութիւններն էին:
Աւա՜ղ, շուրջ տարի մը առաջ, Սեպտեմբեր 27, 2023-ին, ազերի վոհմակներու մահասփիւռ արշաւը վերջ դրաւ Արցախի օրէ օր ծաղկող հանրապետութեան: 120 հազար հայեր իրենց պատմական հայրենիքին մէջ զանգուածային յարձակումի ենթարկուեցան Ատրպէյճանի կողմէ, արդի զէնքերով ներմուծուած՝ Իսրայէլէն, Ռուսիայէն, Փաքիստանէն եւ Արեւելեան Եւրոպայէն: Ցեղասպանութեան միտումով կատարուած այս անակնկալ եւ վայրագ յարձակումը պատճառ եղաւ, որ Արցախահայութիւնը ակամայ հեռանայ իր դարաւոր հայրենիքէն:
1991-էն մինչեւ 2023-ի Սեպտեմբերին, ողջ հայութիւնը անկախութեան երկու ազգային տարեդարձներ կը տօներ: Այս տարի խառն զգացումներով լոկ մէկ տարեդարձ պիտի տօնէ:
19-րդ դարու վերջաւորութեան, Ֆրանսացի նշանաւոր գրագէտ, Վիքթոր Հիւկօ, իրազեկ էր թուրքերու նկարագրին ու կենցաղավարութեան երբ գրեց, “Les Turcs ont passé par lá”, որ կը նշանակէ «Թուրքերը ասկէ անցած են», ակնարկելով այն կործանումին եւ աւերին, որ թուրքերը իրենց ետին կը թողուն ուրկէ որ կ’անցնին:
Այո’, մենք, հայերս, ամենէն լաւ վկաներն ենք, այս հանրայայտ ճշմարտութեան, որովհետեւ մեր բնաշխարհի վրայէն երբ թուրքերը անցան մեր ժողովուրդը արմատախիլ ըրին իր հազարամեայ հայրենիքէն: Ուրկէ որ անցան թուրքերը այնտեղ քանդեցին, սրբապղծեցին, թալանեցին: Ուրկէ որ անցան ոչ միայն ցեղասպանութիւններ, այլ մշակութային սպանդներ գործեցին եւ ցոյց տուին, թէ անկէ անցած, կոխկրտած եւ իրենց ոճիրներու հետքերը թողուցած են:
Վիքթոր Հիւկօն եթէ մեր օրերուն ապրած ըլլար անտարակոյս պիտի գրեր, «Ասկէ ազերիները անցած են» որովհետեւ իրենց ըրածը տարբեր չէր թուրքերու վարմունքէն: Կարծես բաւական չէին իրենց ի գործ դրած ջարդերը Սումկայթի մէջ 1988ին, Պաքուի մէջ 1989-ին, Գետաշենի մէջ 1991-ին: Կարծես  բաւական չէր 2020-ի  44-օրեայ պատերազմը, որու ընթացքին սպաննեցին մօտ հինգ հազար հայորդիներ, ինչպէս նաեւ բռնագրաւեցին Արցախի հանրապետութեան 11,500 քառակուսի քիլոմեթր տարածութենէն 8,330 քառ. քիլոմեթր հողը: Եւ այս ամենուն յաջորդեց Սեպտեմբեր 27, 2023-ի բովանդակ Արցախի բռնագրաւումը:
Բաց աստի, Սեպտեմբեր 27, 2023 թուականէն իվեր, անցնող գրեթէ ամէն շաբաթ կը կարդանք այն մշակութային ցեղասպանութեան մասին, որ ազերիներ, թուրքերու նման, ի գործ կը դնեն իրենց բռնագրաւած հողամասերու վրայ գտնուող հայկական տաճարներու, սրբատեղիներու, վանքերու, յուշակոթողներու եւ խաչքարերու վրայ:
Անտարակոյս, Արցախի բռնագրաւումը մեր նորագոյն պատմութեան չարաղէտ իրականութիւններէն մէկն է: Հայկական Ցեղասպանութեան նման հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ենթարկուեցաւ պատմական Հայաստանի կարեւոր մէկ բաժինի կորուստին: Քաղաքակիրթ ազգեր եւ միջազգային հանրութիւնը անտարբեր մնացին կամ բաւարարուեցան միայն դատապարտումի պարզ կոչեր ընելով:
Հասկնալի է հայ ժողովուրդին վրդովանքն ու յուսախաբութիւնը ի տես այս անսպասելի իրողութեան: Անտարակոյս, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը կը բացուի մեր առջեւ, որոնք ոչ միայն Հայաստանը, այլ ամբողջ ազգը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնեն:
Այո’, այս Սեպտեմբերին խառն զգացումներ ունինք: Մէկ կողմէ, ուրախ ենք որ մեր Արցախի հայրենակիցնեուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Մայր հայրենիքի մէջ ապաստան գտած է: Միւս կողմէ, անոնք պէտք է Արցախ վերադառնան, իրենց հայրենիքը:
Խառն զգացումներ ունինք, Ատրպէյճանի մէջ մեր հայ պատերազմական բանտարկեալներուն, եւ մանաւանդ Արցախի ղեկավարութեան կալանաւորումի նկատմամբ: Մէկ կողմէ, կ’իմանանք որ աշխատանք կը տարուի զանոնք ազատագրելու համար: Միւս կողմէ, յուսախաբ ենք որ դրական արդիւնքներ չկան:
Դժբախտաբար, Արցախի հիմնահարցը պատրուակ դարձաւ Ատրպէյճանի համար, սպառնալիքներ ընելու Հայաստանի դէմ, անհեթեթ պահանջքներ դնելու եւ բացայայտ քայլեր առնելու Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան դէմ:
Ինչ կը վերաբերի Հայրենիքին, Սեպտեմբեր 21, 2024-ին Հայաստան իր վերանկախութեան 33-րդ տարեդարձը պիտի տօնէ: Թէեւ ամէն գիտակից հայ հպարտ եւ երջանիկ է իր հայրենիքով, չենք յաւակնիլ յայտնելու, որ ամէն հայ անխառն զգացումներ կը տածէ հոն տիրող ներկայ իշխանութեանց հանդէպ: Թէ’ հայրենիքի եւ թէ’ Սփիւռքի մէջ կան բազմաթիւ դժգոհ հայեր: Հայրենի իշխանութիւններն ալ երբեմն խէթ աչքերով կը նային իրենց քննադատներուն եւ անտեղի եւ անիրաւ միջոցներու կը դիմեն: Երբեմն եղած քննադատութիւնները արդար են եւ երբեմն ալ շահագիտական եւ շիլ հաշիւներով եղած են:
Մէկ բան յստակ է, որ որեւէ վարչակարգ, մահկանացու մարդոցմէ բաղկացած ըլլալալուն, իր թերութիւններն ու յանցանքները, իր զանցառութիւններն ու տկարութիւններն ունի: Բայց վարչակարգերը հայրենիք չեն, անոնք կուգան ու կ’անցնին: Հայրենիքը մնայուն եւ տիրական իրականութիւն է: Ամէն գիտակից հայ անհատ եւ կազմակերպութիւն իր խառն զգացումներէն անդին նայելու է: Հայրենիքը վեր է ամէն անձնական նկատումներէ: Երբէք մոռնալու չենք, թէ Հայաստանը կրնայ ըլլալ առանց մեզմէ ոեւէ մէկուն, բայց մենք չենք կրնար ըլլալ առանց Հայաստանի:
Այսօր Հայաստանի ապագան շատ անստոյգ եւ անապահով է: Բայց, ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ մեր մարտահրաւէրը նոյնն է—չյանձնուիլ վհատումի եւ ընկճումի յորձանուտին, չընկղմիլ յուսահատութեան ալեկոծ ովկիանին մէջ: Ընդհակառակը, հաւատքով մեր աչքերը սեւեռել դէպի ապագան: Այսօր անգամ մը եւս մեր հայրենասիրութիւնը փորձաքարի կ’ենթարկուի՝ տեսնելու թէ մեր խօսքերը իրօք կը համապատասխանե՞ն մեր գործերուն: Որեւէ ընկրկում եւ վհատում կրնայ իր ահաւոր հետեւանքներն ունենալ:
Հայեր ուր ո’ր ալ գտնուին, այս մոլորակին որեւէ երկնակամարին ներքեւ՝ կը պատկանին նոյն ազգին եւ անբաժանելի են. որպէս ժողովուրդ՝ միացած են միեւնոյն ճատակագրով: Արդ, ինչ խաւի, դաւանանքի եւ գաղափարաբանութեան ալ պատկանին, ինչ լեզու որ խօսին՝ ունին հասարակ յայտարար մը, իրենց հայկականութիւնը: Եթէ այս էական իրողութիւնը դառնայ մեզ մղող ներզօր ուժը, մենք վախ չենք ունենար ապագան դիմակալելու:
Որեւէ ժամանակէ աւելի պատմական այս հանգրուանին, Հայրենիք եւ Սփիւռք պէտք ունին իրարու զօդուելու անքակտելի կապերով՝ ի սէր մեր ազգային գոյութեան եւ յաւերժութեան: Ի վերջոյ, հայ մարդիկ ո’ւր որ ալ գտնուին, իրարու կապուած են իրենց հասարակաց պատմութեամբ մը, հասարակաց յուշերով ու յոյզերով, իրենց հասարակաց երազներով եւ ճակատագրով:
Պատմութեան այս տագնապալի հանգրուանին, կը սիրենք յուսալ, որ մեր հայրենի իշխանութեան գլուխը գտնուող Վարչապէտ Նիկոլ Փաշինեան իմաստութիւնը, վեհանձնութիւնը եւ նախաձեռնութիւնը կ’ունենայ կեանքի կոչելու խորհրդակցական փոքր մարմին մը, բաղկացած Հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ եկեղեցական եւ աշխարհական տարրերէ ղեկավարներ, որոնք մէկդի դրած իրենց տարակարծութիւնները, գլուխ-գլուխի խորհրդակցին, թէ ինչպէս, այս դժուարին օրերուն պիտի թիավարեն մեր ազգային նաւը ներկայ փոթորկալից քաղաքական ովկեանին մէջ:
Պատմութեան դասերը ազդանիշեր են: Իրազեկ ըլլանք անոնց թէ ոչ, ի հեճուկս մեր բոլոր տարբերութիւններուն, մենք մէկ ազգ ենք, անբաժանելի ազգ: Կա’մ բոլորս միասին պիտի բարձրանանք, կա’մ բոլորս միատեղ պիտի իյնանք: Ինչո՞ւ բոլորս մէկ չբարձրանանք, Ինչո՞ւ միակամ չ’ըլլանք, ինչո՞ւ գործնապէս չսիրենք զիրար, ինչո՞ւ իրարու հետ չգործակցինք:
Չէ՞ որ  Հայաստանը բոլորիս հայրենիքն է եւ չէ՞ որ մենք բոլորս ալ հայեր ենք…:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles