ՉԱՐԻՔԻ ԴԷՄ ԺՊԻՏ

1 1
Read Time:1 Minute, 35 Second

Վեհանոյշ Թեքեան

Օգոստոս 31, 2024

Դիտեցէ՛ք Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր կնոջ ժպրհելի ժպիտը ամենուրեք։ Ակներեւ չէ՞ որ իրենց հոգին հաղորդուած չէ չորս տարիէ ի վեր անդուլ սադրանքներով գործադրուած աղետին։

Հայը զոհուած ու զոհուող, հողը թշնամիին յանձնուած ու յանձնուող, բազմախաւ պարտութիւն, բազմամակարդակ յուսահատութիւն, ուռճացող Եռաբլուր, հայու հպարտութեան հոգեվարք։ Անդադրում սուգ ու բռնաբարում, կոհակ-կոհակ կեանք ընկլուզող արշաւանք, աւազախրում՝ հայկական խորհրդանշաններու, հերոսական պայքարներու, հայ եկեղեցիի սրբազնութեան։

Եւ հիմա դիտեցէ՛ք լուսանկարներու մէջ այսքան սադրանքներու հեղինակին ժպիտը – զղջումի ո՛չ մէկ նշոյլ, այլ՝ ժպի՜տ մը լայնարձակ։

44-օրեայ ծրագրուած պատերազմ, որ սուգ ու շիւան ստեղծած է, իւրաքանչիւր իրա՛ւ հայու սիրտը կը մղկտացնէ։ Մեր հպարտ Արցախը յանձնեց թշնամիին։ Մեզ Ազերիէն պաշտպանող սահմանամերձ գիւղացիներու տունն ու տեղը սպառնալով, կաշառելու փորձերով, կէս գիշերով ՝ իր անողնահար կերպարով՝ որկրամոլ ոսոխին յանձնեց ու տակաւին յանձնելու ձեւեր կը փնտռէ։

Որո՛ւ հոգը, երբ կան հայեր որոնք անտարբեր են ու կը յղփանան, դրամ կը հոսի իրենց գիրկը։ Մինչ սուգի, հիասթափութեան , արհաւիրքի ու աղքատութեան պատճառով՝ զանգուած առ զանգուած կը հայաթափուի Երկիրը։

Ու սա շրջագայող ժպրհելի ժպիտ՜ը. Ուրախ են երկուքն ալ, իրենց վնաս մը չեղաւ, ընդհակառակը՝ շահեցան բայց չկշտացան, նոյնիսկ երբ սրբազնագոյն հայրենիքն ու հայութիւնը սասանեցին իրենց բազմադարեան հիմերէն ։

Ահաւասիկ բարենիշը մեր թշնամիի գործակալին եւ իր գործընկալներուն, որ պիտի արձանագրուի ո՛չ թէ Հայաստանի պատմութեան այլ՝ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ մէջ.-

Դաւաճանութիւն՝ հարիւր

Ամբարտաւանութիւն՝ իննիսուն

Մսխում՝ իննիսուն

Դիւանագիտութիւն՝ քառասուն

Բարոյականութիւն՝ զէրօ

Թերեւս փոյթերնին իսկ չէ- այս ժպիտը, այո, կը խօսի՛։ Կ՚ըսէ թէ ոչինչ կարեւոր է բացի իրենց եւ կամակատարներուն բարօրութենէն։ Թերեւս կ՚ակնկալեն որ մինչ այդ Հայոց Պատմութիւնն ալ թշնամիին ձեռքը անցած պիտի ըլլայ։ Սահմանադրութիւնը սահմաններ պիտի փոխէ, առիւծները ձեռքի մէկ շարժումով պիտի հեռացուին, եւ Արարատը իր յիշողութիւնը պիտի կորսնցնէ։

Չարիքի դէմ՝ ժպիտ։

Հայրենիքի դէմ՝ նիւթական երաշխիք։

Պարտութեան եւ սուգի դէմ՝ հեծանիւով շրջագայութիւն, խմբական ու … ժպտո՜ւն։

 

Կապո՜յտ է Սեւանը, սեւցեր է աւանը։

 

Մթագնող մղձաւանջը մերն է, անպատկառ ժպիտը՝ իրենցը։

Խաղաղութեան ուրուականը՝ ոչ ոքի։

 

Բայց Ուրուական մը կա՛յ։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles