Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ Է. Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան» Սկիզբը Եւ Ուղեւորութիւնը

2 0
Read Time:7 Minute, 16 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

5 Սեպտեմբեր 2024

Շար 7/8

haroutchekijian.wordpress.com

 

Զ. մասին մէջ տեսանք, որ Սեւրի դաշնագիրով ճշդուած Հայաստանի արեւմտեան սահմանը՝ հողերը, գրեթէ ամբողջութեամբ արդէն ազատագրուած էր ռուս բանակ եւ հայ կամաւորական գունդերուն կողմէ 1916-ի ամռան, եւ տարիէ մը աւելի անոր տիրած, մինչեւ Սեպտեմբեր 1917 (1): Ուղղակի նորութիւն է Սեւրի դաշնագիրի մեկնաբանութիւններուն մէջ 1917-ի ազատագրուած սահմանը Սեւրի սահմանին հետ բաղդատելը: Մեզի «տրուած նուէր» մը չէր «Սեւրի քարտէսը»՝ չորս հայկական նահանգները, որ տակաւին չստացանք նոյնիսկ:

          Հայկական կամաւորական գունդերը, իբրեւ առանձին միաւոր եւ ցարական Ռուսիոյ հայ սպաներն ու զինուորները մասնակից էին մեր չորս նահանգներուն ազատագրումին, որ վերջ գտաւ պոլշեւիկ յեղափոխութեան պատճառով: Այլ խօսքով, եթէ ռուսական ուժերը անկանոն կերպով տուն չկանչուէին, ռուս-հայկական սահմանը արդէն, մեծ մասով Սեւրի վճիռին տարածքին կը համապատասխանէր: Այս 100 հազար հաշուող ռուսական բանակէն ճակատ մնացող շուրջ 20 հազարը, որոնք ռուսական բանակին մէջ ծառայող հայերն ու մեր կամաւորական գունդերն էին (1), իբրեւ ոչ կանոնաւոր բանակ, անհաւասար կռիւով եւ նահանջելով հասան 1914-ի սահմանը ու անկէ ալ ներս: Շուրջ 80 հազար ռուսեր իրենց զինատեսակներով անկանոն կերպով լքեցին ռազմաճակատը (2)

Հարպորտ առաքելութեան ապրանքները նաւահանգիստի մը մէջ
Հարպորտ առաքելութեան ամփոփ տեղեկագիրը եւ յաւելուածը 

            Թրքական 6-րդ բանակին հրամանատար, տխրահռչակ Խալիլ փաշա Քութը, 1918-ին, Երեւանի մէջ, ինքն իր վրայ ծիծաղելով, կը խոստովանի Ապրիլ 1915-ի, Դիլմանի (հիւսիսային Պարսկաստան) ճակատամարտին յաղթական՝ զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանին, որուն ի՛նք փափաքած էր հանդիպիլ, թուրք բանակին պարտութիւնը՝ մէկ հայ կամաւորական եւ 10 ռուսական բանակի վաշտերէն եւ կը հպարտանայ, որ ինչպէ՛ս ինք բոկոտն կը փախչի ճակատէն, եւ նոյնիսկ զօրավար Անդրանիկի մարտիկները չեն կրնար զինք գտնել (3):

Սեւրի դաշնագիրը կը բաղկանայ 433 յօդուածներէ՝ 13 գլուխներու եւ երկու յաւելուածներու մէջ, որուն վեցերորդ գլուխը յատկացուած է Հայաստանին, թիւ 88-էն 93, վեց յօդուածներով: Սակայն մնացեալ 427 յօդուածները նաեւ կարեւո՛ր ընդհանուր եւ Հայաստանի առնչուող որոշումներ կը պարունակեն, նշելով նոյնիսկ Հայաստանը (այս մասին յաջորդիւ): Առանց Սեւրի դաշնագիրին բոլոր 433 յօդուածները կարդալու եւ իւրացնելու, լաւ կ՚ըլլայ, որ մարդիկ դաշնագիրին մասին բեմերէն, կամ՝ մամուլով կարծիք չյայտնեն:

 

Մարթա Ուաշինկթըն մարտանաւը, որ օժտուած էր նաեւ հայկական նիւթերու հարուստ գրադարանով՝ Նիւ Եորքէն Պրեսթ-Փարիզ, ապա Պոլիս բերաւ Հարպորտի պատուիրակութիւնը      

            Այլեւս կը բաւէ՛ Սեւրի դաշնագիրին մասին «թուղթի վրայ մնաց», «թուղթէ շերեփ» եւ այլն ըսել եւ կրկնել: ԵՐԿԱԹԷ ՇԵՐԵՓՈՎ՝ ԶԷՆՔԻ՛ ՈՒԺՈՎ Է, ՈՐ ԱՐԱՄՆԵՐՈՎ, ԴՐՕՆԵՐՈՎ, ՆԺԴԵՀՆԵՐՈՎ ՈՒ ԱՆՆՄԱՆ՝ ՀԵՐՈՍ ՈՒ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՈՎ, ԱՅՐ, ԹԷ՝ ԿԻՆ, ՍՈՎԻ ՈՒ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱԿ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏԵՑԻՆՔ, ԹՈՒՐՔԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑԻՆՔ, ԵՒ ՄԵԾԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՍԵՒՐԻ ՍԵՂԱՆԻՆ ՆՍՏԵՑԱՆՔ, ԻԲՐԵՒ ՅԱՂԹՈ՛Ղ ԿՈՂՄ: Այս է բացարձակ իրականութիւնը: Ա՛յս է որ պէտք է կրկնենք:

Ուրեմն, ինչո՞ւ Սեւրի հայկական բաժինը չիրականացաւ… Ի՞նչ պատահեցաւ…

«Ուիլսընի ստորագրութենէն՝ 22 նոյեմբեր, 10 օր ետք՝ 2 դեկտեմբեր 1920-ին, երկրին ղեկը պոլշեւիկները ստանձնեցին, որոնք Հայաստանի անկախութեան եւ ամբողջական՝ միացեալ Հայաստանին ու եռագոյնին դէ՛մ էին եւ մեր իրաւունքը չպահանջեցին»: Ա՛յս է, որ պէտք է ըսուի ու կրկնուի, փոխանակ «թուղթի վրայ մնաց» ըսելու:

Հարպորտ առաքելութեան ուղեւորութիւնը.

            «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, նոյեմբեր 1940-էն մայիս 1941, ութ թիւերու մէջ, Հարպորտ առաքելութեան անդամներէն, ամերիկահայ զինուորական՝ տեղակալ Յարութիւն Խաչատուրեան ընդամէնը շուրջ 90 էջ իր յուշերը գրած է (4), որմէ կը քաղեմ հետեւեալ հետաքրքրական մանրամասնութիւնները, նաեւ՝ հետագայ յօդուածներուն համար նիւթեր.

Հայոց վերջին թագաւոր, Կիլիկիոյ Լեւոն Զ.-ի Փարիզի Սենթ Ուէն պալատը, որ Ֆրանսայի Շարլ Զ. Թագաւորը նուիրեց
Լեւոն Զ.-ի շիրիմը Սելեսթին վանքին արքայական պանթէոնին մէջ, Փարիզ, ուր Հարպորտը իր շքախումբով այցելեց

Ա.- Հարպորտի 1600 էջէ աւելի տեղեկագիրը, որ Ամերիկա վերադարձի ընթացքին՝ 16 Հոկտեմբեր 1919-ին, «Մարթա Ուաշինկթըն» մարտանաւին մէջ պատրաստեց, ատոր «Յաւելուած» բաժինին սկիզբը յատկացուցած է շատ ամփոփ, շուրջ 7 էջ հայոց պատմութեան: Ինծի համար նորութիւն մը՝ այնտեղ կը նշուի, որ հայոց վերջին թագաւորը՝ Լեւոն Զ., Ֆրանսա աքսորուելէն ետք, 1386-ին, Պուլոնյի մօտ, իր հովանաւորութեամբ խաղաղութեան խորհրդաժողովին է, որ վերջ գտած է ՖրանսաԱնգլիա 100 տարուան պատերազմը, էջ 5, (5), (6): Ուշագրաւ է, որ Հարպորտ յարմար տեսած է այս տեղեկութիւնը իր տեղեկագիրին մէջ նշելու, իբրեւ հայոց վերջին թագաւորին մէկ իրագործումը:

Բ.- Խաչատուրեան կը նշէ, որ Հարպորտը եւ պատուիրակութեան շքախումբը  13 օգոստոս 1919-ին, այցելած են Լեւոն Զ.-ի շիրիմը, Փարիզի Սենթ Տենիզ Արքայական գերեզմանատան մէջ (մայր եկեղեցւոյ մէջ*): Կրկի՛ն ուշագրաւ է «Հարպորտ առաքելութեան» լրջագոյն եւ արժանավայել այս վարմունքը, երբ Հարպորտի շքախումբը յարգանքի տուրք կը մատուցէ Հայոց պետականութեան վերջին ներկայացուցիչին՝ Լեւոն Զ. Թագաւորին (1342-1393) շիրիմը այցելելով, Փարիզի մէջ: Այս արարքը քաղաքական կեցուածք մըն էր, որ կը մատնանշէր Կիլիկիոյ հայկական ըլլալը եւ առ այդ, հայոց թագաւորութեան փաստը, եւ որ` Կիլիկիան նաեւ իր «Առաքելութիւն դէպի Հայաստան»-ին մաս կը կազմէր: Արարողակարգէն անկախ, հիմնականը՝ ճշմարիտ պատմութեան ապաւինելու իր հետեւողական կեցուածքն է եւ այդ հողերուն՝ Կիլիկիոյ հայկական ըլլալու հաստատումը:

Գ.- «Մարթա Ուաշինկթըն» նաւը, որ Նիւ Եորքէն Փարիզ, ապա Պոլիս բերաւ պատուիրակութիւնը, օժտուած էր բացառիկ ճոխ գրադարանով մը, որուն աւելցաւ «Հայերու, Հայաստանի եւ հայկական հարցին մասին հրատարակուած բոլոր գիրքերը, որ կարելի էր գնել Փարիզի մէջ: Խաղաղութեան համաժողովին մէջ խնդրոյ վերաբերեալ բոլոր հրատարակութիւններն ու գաղտնի տեղեկագրերու օրինակները առնուեցան: Նոյնիսկ այսօր, չեմ կարծեր, թէ ըլլայ հայ հաստատութիւն մը, որ ունենայ այնքան ճոխ գրութիւններ Հայաստանի մասին, որքան` «Մարթա Ուաշինկթըն»-ի գրադարանը» կ՚ը գրէ Խաչատուրեան:

Առաքելութեան ինքնաշարժ մը Սուրիոյ մէջ, Եփրատ գետին մօտ, անյարմար ճամբու մը վրայ 
Աջին՝ Հարպորտ կը քննէ արաբի մը հրացանը դէպի Հայաստան ճամբուն վրայ Սեպտեմբերին

Հարպորտ իր տեղեկագիրին երկրորդ պարբերութեան մէջ կը նշէ իրեն տրուած հրահանգը. «Անմիջապէս կառավարական նաւով մը երթալ Կոստանդնուպոլիս, Պաթում եւ այլ վայրեր` Հայաստանի, ռուսական Անդրկովկասի եւ Սուրիոյ մէջ (ուր տեղահանուած հայերը՝ ցեղասպանութենէն վերապրածները կը գտնուէին), որ ձեզի հնարաւորութիւն կու տայ կատարել ձեզի հետ արդէն քննարկուած հրահանգները:

«Կը պահանջուի, որ դուք ուսումնասիրէք եւ տեղեկագիր պատրաստէք` քաղաքական, ռազմական, աշխարհագրական, վարչական, տնտեսական եւ այլն, որոնց մէջ` ամերիկեան հնարաւոր շահերու եւ պարտականութիւններու կարելիութիւններու հետ կապուած նկատառումները»: Ինչպէս յստակ է, «Անատոլու» եզրը բնաւ գործածուած չէ, այլ` Հայաստան:

Տեղեկագիրին երրորդ պարբերութեան մէջ ուղեւորութիւնը նշուած է. Հաւանաբար 1 կամ 2 օգոստոս 1919-ին* Նիւ Եորքէն ճամբայ ելլելով, «Առաքելութիւնը հասաւ (Պրեսթ, 14 Օգոստոս 1919-ին*) Փարիզ նաւով (7), ապա` Կոստանդնուպոլիս (2 սեպտեմբեր 1919-ին*), ուր երկու շաբաթ մնալէ ետք՝ «Պաղտատ» երկաթուղիով Ատանա՝ Միջերկրականի հիւսիսային ափին մօտ, հարուստ Կիլիկիոյ գլխաւոր քաղաքը, ուր 1909-ին տեղի ունեցաւ (հայերու*) ջարդը, ապա` երկու օր Թարթուս, Այաս եւ Մերսին, անկէ` երկաթուղիով Հալէպ եւ Մարտին, ուրկէ ինքնաշարժով Տիարպեքիր` Տիգրանակերտ, Խարբերդ, Մալաթիա, Սվազ` Սեբաստիա, Երզնկա, Էրզրում` Կարին, Կարս, Երեւան եւ Թիֆլիս, վերջապէս` երկաթուղիով Պաքու եւ Պաթում, որ նստավայրն է անգլիական համանուն զինուորական կառավարութեան (դեկտեմբեր 1918-էն յուլիս 1920*):

«Առաքելութեան անդամները նաեւ կառքով Ուլա-Քիշլայէն մեկնեցան Սեբաստիա, ապա Սամսոն` այցելելով Մարզուան, ուր այս պահուս հայ բնակչութիւնը մեծ մտավախութեան մէջ է: Տրապիզոնէն Կարին, Խորասանէն Բասէն, Պայազիտ եւ Երեւանէն Նախիջեւան` մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը ձիով:

«Հայոց կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գէորգ Ե. վեհափառ հայրապետին այցելեցինք Էջմիածին` Հայոց եկեղեցւոյ պատմական նստավայրը` իր հնագոյն տաճարով, որ կառուցուած է 301-ին: Առաքելութիւնը շրջած է Փոքր Ասիան իր ամբողջ երկարութեամբ եւ Անդրկովկասը` հիւսիսէն հարաւ եւ արեւելքէն արեւմուտք: Այցելեցինք թրքական (Արեւմտեան*) Հայաստանի բոլոր վիլայէթները` նահանգները, բացի Վանէն եւ Պիթլիսէն, ժամանակ խնայելու համար, քանի որ բանակի հարիւրապետ Նայլզը (Captain Emory H. Niles and mr. Arthur E. Sutherland 3 յուլիսէն 12 օգոստոս 1919*) արդէն ձիով այցելած էր այդ նահանգները, որուն տեղեկագիրը կը հաստատէ հարեւան շրջաններուն մէջ մեր դիտարկումները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան երկու մարզերուն (Երեւան եւ Կարս*) եւ Ազրպէյճանի ու Վրաստանի Հանրապետութիւններուն մէջ:

Երբե՛ք կարելի չէ բաղդատել Նայլզի երկանդամ պատուիրակութեան «փաստահաւաքը» Հարպորտի 53 անդամ պատուիրակութեան հետ, քանի որ Նայլզի ուղեւորութիւնը միշտ թրքական բանակին եւ ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ կատարուած է, եւ ան թրքական թէզը կը մատնանշէ, իբր թէ` հայերը կոտորածէն ու աքսորէն վերադառնալէն ետք, իբրեւ փոխվրէժ իրենք ալ ոչ հայերու նկատմամբ թուրքերու նման վայրագութիւններ կատարած են եւ գիւղեր բնաջնջած: Նայլզին այս 15 էջնոց տեղեկագիրը կը շահարկուի թուրք ժխտողականներուն կողմէ: Թէեւ Նայլզ կը նշէ, որ` «Շատ մը տրուած թիւերը վստահելի չեն, մանաւանդ պատերազմէն առաջ հայերուն թիւը…»: Ամենակարեւորը, սակայն՝ Նայլզին թարգմանը ամերիկացի չէր, այլ՝ տեղացի թուրք մը, որ դժուարաւ կրցաւ ապահովել:

Հարպորտի առաքելութեան  տեսանիւթեր գոյութիւն ունին որոնցմէ մէկը Ռիչըրտ Յովհաննիսեան ժապաւէնին հետեւելով կը պատմէ՝ կը բացատրէ (8), երկրորդը սկիզբն է (9), իսկ երրորդը եւ չորորդը՝ Կարսէն սկսելով Հայաստան այցելութիւնն է (10) եւ (11):

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

  1. https://en.wikipedia.org/wiki/Caucasus_campaign
  2. https://en.wikipedia.org/wiki/Russo-Turkish_wars
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/387134
  4. «Հայրենիք» ամսագիր, 19-րդ տարի, թիւ 1, նոյեմբեր 1940, էջ 119-130:
  5. https://history.state.gov/historicaldocuments/frus1919v02/d828
  6. https://www.loc.gov/resource/gdcmassbookdig.conditionsinnear00unit/?sp=11&st=image&r=-0.19,0.959,1.261,0.531,0
  7. https://en.wikipedia.org/wiki/USS_Martha_Washington
  8. https://www.youtube.com/watch?v=SW2juvDHayc
  9. https://www.youtube.com/watch?v=Z5m6fx2bFq8
  10. https://www.youtube.com/watch?v=LPwv0TReRNA
  11. file:///D:/documents/%D5%80%D4%B1%D5%90%D5%8A%D5%88%D5%90%D5%8F%20HARBORD/Harbord%20mission%20reports/HARBORD%20FILM/164.webm

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles