Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան 100-ամեակի Յոբելինական Պաշտամունք

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second

Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումէն ետք, մեծ թիւով հայ ժողովուրդի վերապրողներ հասնելով Միջին Արեւելքի երկիրներ, յատկապէս Սուրիա եւ Լիբանան, վերակազմեցին իրենց հաւաքական կեանքը: Շատ չանցած՝ հայութեան այս բեկորները սկսան եկեղեցի եւ դպրոց կազմել։

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ստեղծուելէն առաջ իսկ՝ Հայ Աւետարանական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ ձեւ առին եւ համախմբեցին տարագիր հայութիւնը, նոր եւ յուսալից ապագայ մը կերտելու համար։ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը կազմակերպուեցաւ Հալէպի մէջ 1924-ին, եւ իր առաջին Համաժողովը ունեցաւ նոյն տարուայ 30 Ապրիլէն մինչեւ 3 Մայիս։ Յաջորդ տարիներուն ուրոյն Հայ Աւետարանականներու ջանքերով նոր եկեղեցիներ, դպրոցներ հիմնուեցան, նաեւ հիմնուեցան հաստատութիւններ գործակցաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հետ։

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հարիւրամեայ հոգեւոր, կրթական , ընկերային եւ այլ ծառայութիւններու իրագործման առթիւ, յոբելենական հանդիսաւոր պաշտամունք մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 30 Յունիս -ին Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին մէջ, ներկայութեամբ Միջին Արեւելեան եւ համաշխարհային տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպանին, պետական երեսփոխաններու, հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներու եւ պատկան մարմիններու, եւ մեծ թիւով եկեղեցիներու ժողովուրդին:

Յատուկ հիւրերու կարգին էին Քրիստոսի Միացեալ Եկեղեցիի նախագահուհի Վեր. Դոկտ. Քարէն Ճորճիա Թոմփսընը որ այս առիթով ժամանած էր Լիբանան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետարանական համայնքի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Վեր. Դոկտ. Ժոզէֆ Գասապը, Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցիներու Հոգեւոր Խորհուրդի նախագահ Վեր. Ալպեր Փայտեանը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը, Յունաստանի Հայ Աւետ. Համնայնքապետ Վեր. Վիգէն Չոլաքեանը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան կեդրոնական մարմնի ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը, Պարսկաստանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիի Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Միշէլ Աղամալեանը, որոնք բաժին վերցուցին Պաշտամունքի ընթացքին:

Փառաբանութեան երգին եւ աղօթքին յաջորդեցին ողջոյնի խօսքը, սաղմոսներու ընթերցումը, փոխասաց աղօթք ժողովուրդին մասնակցութեամբ, Աստուածաշունչի ընթերցումը հայերէն եւ արաբերէն: Կարդացուեցան Հարիւրամեակին նուիրուած շնորհաւորական գիրերն ու խօսքերը:

Պաշտամունքի գլխաւոր առանցքը կը կազմէր Տէրունական Աղօթքը, որուն վրայ կեդրոնացաւ միութեան Նախագահի տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, իր պատգամին մէջ՝ «Երբ Ներքին Սենեակդ Մտնես»: Ան ըսաւ .-«Ու՞ր է մեր ներքին սենեակը: Հոն է ուր կայ հոգեշունչ հանդիպում ՄԻԱԿին հետ , որ Տէր է, Հոգի է, Սէր է, մինչ կը կարծենք թէ բուն ճոխ հանդիպումը դուրսի սենեակներուն մէջ է, շահաբեր հանդիպումը մեծ թիւերուն հետ է, կամ շողշողուն աստղերուն հետ:»

Վերապատուելին իր խօսքը աւարտեց.- «Հարիւրամեակի այս տօնը հայ ժողովուրդին եւ Միջին Արեւելեան երկիրներու աննկարագրելի փոթորիկներու մէջ Աստուծոյ խաղաղութիւնն է: Հարիւրամեակի տօնը եկեղեցւոյ միութեան օրինակն ու ճանապարհն է Քրիստոսով: Հարիւրամեակի տօնը անգամ մը եւս Տէրունական Աղօթքի, Տէրունական մթնոլորտի եւ մշակոյթի վերականգնումն է, եկեղեցւոյ նորոգութիւնն է:»

Պաշտամունքի ընթացքին «Արմիս» երգչախումբը առաջնորդութեամբ Վեր. Նշան Պագալեանի (խմբավար) եւ Օրդ. Մաթիլտ Սանտրա Չոլագեանի (դաշնամուր) հոգեւոր երգերով եւ շարականով խորապէս տպաւորեց ներկաները, ստեղծելով միասնական փառաբանութեան մթնոլորտ:

Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի («Արմիս»-ի կատարողութեամբ) եւ Վեր. Հայտօսթեանի Առաքելական օրհնութեամբ:

Յիշենք թէ նախանուագն ու վերջանուագը կատարեցին Հայ Աւետարանական Ա. Եկեղեցիի համոյթը: Հիւրասիրութեան շուրջ ներկաները զիրար շնորհաւորեցին եւ փառք տուին Տէրոջ այս ուրախ առթիւ:

Յաջորդական երեք օրերուն տեղի ունեցաւ միութեան 77-րդ համաժողովը, ներկայութեամբ Լիբանանի եւ այլ երկիրներու պատուիրակներուն եւ հիւրերուն:

Միութիւնը, ինչպէս Միջին Արեւելքի հայութիւնը, հարիւրէ աւելի տարիներով նկատուած է սփիւռքահայութեան խարիսխը եւ պահապան՝ արեւմտահայ մշակոյթի։ Հակառակ ցարդ գոյութիւն ունեցող բազմապիսի դժուարութիւններուն, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը կը շարունակէ իր հոգեւոր ու ազգային պարտականութիւնը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles