Լրահոս

Զուիցերիոյ Կոչը՝ Արցախահայութեան Վերադարձի Միջազգային Խորհրդաժողով Կազմակերպելու

 

 

 

Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանի ստորին պալատ) որդեգրած է բանաձեւ մը, որով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու` Արցախի հայերու անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի հարցը քննարկելու համար:

Խորհրդաժողովի նպատակը պիտի ըլլայ «դիւրացնել Ատրպէյճանի եւ Արցախի հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը` հայ բնակչութեան անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի շուրջ` միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ»:

Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի վերջին զինուորական յարձակումէն ի վեր Արցախը զրկուած է հայ բնակչութենէն:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button