Լրահոս

Երկու Մրցումով Կախակայուեցաւ «Գորշ Գայլեր»-ու Նշանը Ցոյց Տուած Թուրք Ֆութպոլիստը 

Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազգային խումբերու ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքին, Աւստրիոյ դէմ Թուրքիոյ (2-1) տարած յաղթանակին յաջորդ օրը, Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը (ԵՈՒԷՖԱ) հետաքննութիւն բացաւ եւ երկու մրցումով կախակայեց, խումբին երկու կոլերը նշանակած Մերիհ Տեմիրալը, որ երկրորրդ կոլը նշանակաելէն ետք, երկու ձեռքերու շարժումներով ներկայացուցած էր թուրք ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան խորհրդանիշը:

«Թուրք աջակողմեան ծայրայեղականներուն խորհրդանիշը տեղ չունի մեր մարզադաշտերուն մէջ։ Ֆութպոլը՝ իբրեւ ցեղապաշտութեան հարթակ օգտագործելը բացարձակապէս անընդունելի է», արձագանգած էր Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը: Իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հետաքննութիւնը եւ պատիժը «քաղաքական դրդապատճառներով այլատեացութիւն» որակած էր։

Տեմիրալ պիտի չմասնակցի վաղը՝ Շաբաթ, Յուլիս 6-ին Հոլանտայի դէմ տեղի ունենալիք քառորդ աւարտականի մրցումին։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button