ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԵՓՐԷՄԵԱՆ
Շաբաթ օրը երբ յիսունէ աւելի անձեր, ամէն տարիքի, հաւաքուած էին Տակլըսթընի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մուտքին, մասնակցելու համար Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան Մայր եւ Էրեբունի մասնաճիւղերու կազմակերպած տարեկան քայլարշաւին: Պատասխանատուներն էին ընկհ. Յասմիկ Իսրայէլեան եւ ընկհ. Սանտրա Վարդանեան:Երկու մասնաճիւղերու միացեալ որոշումով այս տարուայ նիւթական հասոյթը իր ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Նիւ եորքի երեք հայկական վարժարաններուն: Սուրբ Լուսաւորիչ եւ Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ վարժարաններուն եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեան Շաբաթօրեայ վարժարանին: Շատ տեղին եւ շատ առողջ որոշում մը իսկապէս, նկատի ունենալով հայկական դպրոցներու նիւթական դժուարութիւնները:
Ժամը 1.00-ին տեղի ունեցաւ ներկաներու արձանագրութիւնը: Բոլոր մասնակցողները կը կրէին Հ.Օ.Մ.ի խորհրդանշանով զարդարուն կապոյտ փողկապներ նուիրուած՝ Մարիէթ Իսրայէլեանի կողմէ, եւ այս շատ հաճելի տեսարան մը կը պարզէր:
Բաղդատմամբ նախորդ տարուայ քայլարշաւին, այս տարի մասնակցող երիտասարդներուն եւ աշակերտներուն թիւը աւելի շատ էր: Եկած էին վերեւը նշուած վարժարաններու շրջանաւարտները, ներկայիս յաճախող աշակերտները եւ իրենց ծնողները մասնակցելու Հ.Օ.Մ.ի քայլարշաւին:
Հաճելի անակնկնալ մըն էր այս տարի երբ իր ներկայութեամբ Հ.Օ.Մ.ին պատուեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան, տիար Արմէն Մարտիրոսեան, իր տիկնոջ Անահիտի եւ երկու զաւակներուն Դաւիթի ու Վահանի հետ: Հանդերձ ընտանեոք չորս մղոնը քալեցին բոլորիս հետ: Նախ քան քայլարշաւը Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Նարեկ Թռթռեանի Հայր Մերով եւ պահպանիչով խումբը սկսաւ քալել բարձր տրամադրութեամբ:
Խումբին առջեւէն կը քալէին Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամ-անդամուհիները տանելով Հ.Օ.Մ.-ի դրօշակը: Անոնց կը հետեւէին 8-12 տարեկան, աշակերտներ, ապա յաջորդաբար կը քալէին շրջանաւարտներ, մայրեր, հայրեր, մեծ մայրեր ու մեծ հայրեր: Բոլորը մոռցած էին իրենց առօրեայ պարտականութիւնները եւ մեծ հաճոյքով մաս կը կազմէին Հ.Օ.Մ.-ի այս խիստ կարեւոր ծրագրին:
Խումբը հասաւ Լիթըլ Նէքի Իրանահայ Միութեան Կեդրոնը ուր զովացուցիչներ տրուեցան բոլորին: Ապա խօսք առաւ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան եւ նշեց թէ այս օտար ափերուն վրայ զաւակը հայ պահել կամ հայկական վարժարան ուղարկել մեծ զոհողութեան կը կարօտի ծնողներու կողմէ որոնք իրենց հանգիստը զոհելով զաւակները հայկական վարժարան կը բերեն: Ան նշեց Հ.Օ. Մ.-ի կատարած աշխատանքները Հայաստանի մէջ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Մայր եւ Էրեբունի մասնաճիւղերուն որ կը գործադրեն այս քայլարշաւը դպրոցներուն օգտակար ըլլալու համար:
Կարճ դադարէ մը ետք խումբը քալելով վերադարձաւ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցիին սրահը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ նուիրուած Թամ եւ Ռուպինա Սրրան ընտանիքի կողմէ: Ապա Էրէբունի մասնաճիւղի ատենապետուհին ընկհ. Սանտրա Վարդանեան, շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցողներուն, եւ մանաւանդ աշակերտներուն, որոնք հպարտութեամբ քալեցին ցոյց տալով օտարներուն թէ ով է հայը, մանաւանդ որ այս շաբաթ Հայոց Եղեռնի 94-ամեակի ոգեկոչումի օրերն են: Հ.Օ.Մ.-ի Նիւ Եորքի Մայր եւ Էրէբունի մասնաճիւղերը յաջողութիւն մը եւս արձանագրեցին այս միացեալ քայլարշաւին:
Շնորհակալութիւն ընկերուհիներ Յասմիկ եւ Սանտրա որ այս քայլարշաւի պատասխանատուութիւնը ստանձնեցիք եւ որը յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Վարձքերնիդ կատար սիրելի մասնակցողներ որ գիտակից էք, այս օտար ափերուն, սերունդները հայօրէն դաստիարակելու հայ դպրոցի դժուարին ճիգերուն: Իսկ դուք սիրելի փոքրիկներ շատ ապրիք՝ որ հպարտութեամբ քալեցիք մեզի հետ:
Մասնակցողները մեկնեցան սրտի անհուն գոհունակութեամբ, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ Հայ Օգնութեան Միութեան: