ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ Փետրուար 10, 1924
Ռուս-թրքական յարաբերութեանց մասին ռուսական «Դնի» թերթին Պոլսէն կը հաղորդեն հետեւեալ խիստ կարեւոր տեղեկութիւնները, որոնք չեն կարող կենսապէս չշահագրգռել բովանդակ հայութիւնը.-
«Ներքին իրադարձութիւններէն հանրային ուշադրութիւնը շեղելու համար՝ Էնկիւրիի կառավարութիւնը բոլոր միջոցները ձեռք կ՛առնէ, որպէսզի ժողովրդի միտքը ուղղուի դէպի արտաքին վտանգը, որ իբրեւ թէ կը սապառնայ Թուրքիոյ՝ Մոսկուայի կողմէն։ Թուրք պաշտօնաթերթերը լեցուն են խորհրդային Ռուսիոյ պատերազմական պատրաստութեանց լուրերով Կովկասի մէջ։ Մասնաւորապէս շատ գրգռիչ յօդուածներ կան ընդդէմ Անդրկովկասի Խորհրդային Միութեան, որ ոչնչացուց Անդրկովկասեան պետութեանց անկախութիւնը։ Թերթերը կը պահանջեն ամէն գնով քանդել խորհրդային այդ միութիւնը։ Էնկիւրիի ներկայացուցիչը Մոսկուայի մէջ արդէն սպառնալիքներու դիմած է, յայտարարելով, որ եթէ Մոսկուա կլանէ կովկասեան պետութիւնները, այն ատեն թուրքերը պիտի հարկադրուին պահանջել Պրեսթ-Լիթովսկի դաշնագրի լիակատար իրագործումը։ Ասիկա կը նշանակէ կտրել Ռուսիայէն եւ միացնել Թուրքիոյ Պաթումի շրջանը։
«Յատկանշանական է, որ Էնկիւրի ամէն առիթ կը փնտռէ բաղխուելու համար Ռուսիոյ հետ։ Գաղտնիք չէ, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ եւ մուսաւաթականներու լիտըր Ռասուլ Զատէն, Կովկասի լեռնականներու հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Բամաթովը եւ անոնցմէ ոչ նուազ յայտնի տոքթ. Սուլթանովը բանակցութիւններ կը վարեն այստեղ թուրքերու հետ Կովկասի ապագայի մասին։ Բանակցութիւններուն կը մասնակցին նաեւ Բուխարայի եւ Աֆղանիստանի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Խալիլ փաշան ու Իթթիհատի ներկայացուցիչները։ Կը մասնակցին նաեւ Վրաստանի նախկին կառավարութեան ներկայացուցիչները։ Բանակցութեանց նպատակն է՝ մահմետական երկիրներու ընդհանուր ճակատ մը ստեղծել Ռուսիոյ դէմ։
«Առաջին հարուածը պիտի իջնէ Հայաստանի գլխուն եւ մանր դրամի նման ան պիտի բաժնուի հարեւաններու միջեւ։ Մենք կը գտնուինք մեծ դէպքերու նախօրեակին, որոնց ասպարէզը պիտի դառնայ Անդրկովկասը։
«Այն պարագան, որ Մոսկուա ամէն կերպով կը խուսափի բաղխուելէ Էնկիւրիի հետ, հարկաւ թեւ ու թիկունք կու տայ վերջինիս։ Ռուս-թրքական սպասուող բախումի առթիւ Էնկիւրի արդէն համաձայնութիւն մը կայացուցեր է Լեհաստանի հետ։ Թէեւ դաշնագիրը «առեւտրական» է, բայց ունի գաղտնի կէտեր։ Ի զուր չէր որ լեհ-թրքական այդ դաշնագրի քննութեան ատեն Վարշաւայի Խորհրդարանը խանդավառ ցոյցեր ըրաւ, Էնկիւրիի ներկայացուցչին… Թուրքիա դաշնակիցներ կ՛որոնէ նաեւ Լեհաստանի հարեւան Ռումանիոյ եւ նոյնիսկ Պալթիկ պետութեանց մէջ…»։
Ասկէ քանի մը օր առաջ էր որ հեռագիրները հաղորդեցին լեհ-թրքական դաշնագրի վաւերացման մասին Լեհաստանի խորհրդարանի կողմէ։ Յամառ զրոյցներ կան, որ նման «առեւտրական» դաշինքներով Թուրքիա կապուեր է կամ կապուելու ճիգեր կ՛ընէ նաեւ Հունգարիոյ, Աւստրիոյ եւ Պուլկարիոյ հետ։
Այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիա Ռուսիոյ դէմ ընդհանուր ճակատ մը ստեղծելու հսկայ ծրագիր մը կը հետապնդէ ոչ միայն Արեւելքի, այլ եւ Արեւմուտքի մէջ։ Մահմետական երկիրներու հետ համաձայնութեան գալով՝ Ինկիւրի միաժամանակ կը ձգտի զինակիցներ գտնել Ռուսիոյ արեւմտեան հարեւաններուն մէջ։ Թուրք դիւանագիտութիւնը երեխայ չէ հարկաւ, որ չըմբռնէ, թէ Թուրքիա մինակը չպիտի կարենայ յաղթել Ռուսիոյ. այդ պատճառով ալ ան կը պատրաստէ իրենց դաշնակից ոյժերու այնպիսի խոշոր համախմբում մը, որ բաւականաչափ զօրաւոր ըլլայ՝ յաղթական դուրս գալու համար Ռուսիոյ հետ ունենալիք բախումի պարագային։
Չենք զարմանար բնաւ, որ Մոսկուա կը խուսափի Թուրքիոյ հետ ընդհարուելէ. որովհետեւ, նախ, այդ պարագային իրեն պիտի թշնամացնէ ամբողջ մահմետական աշխարհը, որուն բարեկամութիւնը այնքա՜ն շօշափելի ծառայութիւններ մատոյց անոր՝ վերջին տարիներու ընթացքին, երկրորդ, Ռուսիոյ ներքին վիճակը, մանաւանդ Լենինի մահէն ետքը, այնքա՜ն ալ կայուն չէ, իսկ անյաջող պատերազմ մը ներկայ պայմաններու մէջ ճակատագրական հետեւանքներ պիտի ունենայ Խորհրդային իշխանութեան համար. եւ երրորդ՝ Ռուսիա անկարող է այժմ յաջողութեամբ պատերազմիլ առանց դրամատիրական երկիրներու գործօն օժանդակութեան, մինչդեռ Թուրքիա եւ իր հաւանական զինակիցները անկասկած այդպիսի օժանդակութիւն պիտի ունենան։
Պարզ է, որ Անդրկովկասի պետութեանց անկախութեան հարցը Թուրքիա պիտի օգտագործէ, իբրեւ յարմարագոյն պատրուակ, իր յարձակողական ծրագիրները առաջ քշելու համար Ռուսիոյ դէմ։ Էնկիւրի Պաթումը կը պահանջէ իբրեւ հատուցում Անդրկովկասի վերակցման համար Ռուսիոյ։ Հաւանական չէ երբեք, որ ներկայ պայմաններու մէջ Մոսկուա կամովին զիջի Պաթումը, նկատի ունենալով անոր հսկայական կարեւորութիւնը ամբողջ Անդրկովկասի համար։
Հետեւաբար, Էնկիւրի պիտի շարունակէ պնդել Անդրկովկասեան հանրապետութեանց անկախութեան վրայ, մինչեւ որ միանգամայն նպաստաւոր վայրկեանը գայ՝ զինու զօրութեամբ Ռուսիայէն կարենալ անջատելու համար ոչ միայն Պաթումը, այլեւ ամբողջ Անդրկովկասը։ Եւ ամենայն հաւանականութեամբ Հայաստան պիտի բաժնուի Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ, եթէ հայ քաղաքական կազմակերպութիւնները օր առաջ միջոցներ չգտնեն կանխելու համար Հայաստանի բաժանման ծրագիրը։
Հասկնալի է, որ այդ միջոցները մենք կարող ենք գտնել, միայն այն ատեն, եթէ չձգտինք ամէն գնով բաժնել հայ ժողովրդի ճակատագիրը մեր Կովկասեան հարեւաններու քաղաքական ընթացքէն։ Հայկական զանգուածի եւ Հայաստանի փրկութիւնը անոնց հետ միասին քալելու մէջ է։ Եթէ առաջուընէ մենք խորհինք, թէ ո՞րն է լաւագոյն քաղաքականութիւնը այն պարագայի համար, երբ Ռուսիա, թէկուզ ժամանակաւորապէս, քաշուի մեր երկրէն, այն ատեն մենք կարող ենք նպատակայարմար ճամբայ մը գտնել եւ գէթ չափով մը վստահ ըլլալ, թէ բացը չպիտի մնանք. այլապէս Կովկասեան Հայաստանն ալ պիտի ենթարկուի նոյն եղեռական բախտին, որուն զոհ գնաց Թրքա-Հայաստանը։
Մեր քաղաքական մտքի եւ եռանդի ամբողջ ոյժը մենք պարտաւոր ենք կեդրոնացնել ոչ թէ այն ենթադրութեան վրայ, թէ Ռուսիա պիտի կարենայ պաշտպանել իր դիրքերը Կովկասի մէջ «որովհետեւ այդ պարագային մեր ժողովրդի գէթ ֆիզիքական գոյութեան վտանգ մը չպիտի սպառնայ», այլ այն ոչ նուազ հաւանական ենթադրութեան վրայ, թէ Ռուսիա կարող է հարկադրուիլ լքելու մեր երկիրը. եւ հէնց այդ պարագայի համար է որ մենք նախօրօք պիտի տեսնենք մեր գլխուն ճարը։
Դժբախտաբար, մեր քաղաքական հակառակորդները այս մասին մտածել իսկ չեն ուզեր։ Եւ այդ պատճառով ալ անոնք այնքա՜ն բթութեամբ կը շարունակեն ռուսական թմբուկը զարնել եւ մղել հայութիւնը անցեալի մէջ փորձուած աղիտաբեր ճամբով…։