Սիւնիք․- Հ.Օ.Մ.-ի Հիմնադրութեան 115-Ամեակ՝ Տաթեւի Վանական Համալիրին Մէջ
Մայիս 25-ին Հ.Օ.Մ.-ի 33 անդամներ եւ համակիրներ միացան զանազան կազմակերպութիւններու հարիւրաւոր հայորդիներուն եւ ուխտագնացութեան մեկնեցան դէպի Սիւնիք` մասնակցելու Տաթեւի վանական համալիրին մէջ «Մենք ենք մեր սարերը» զարգացման գործակալութեան կազմակերպած «Կենաց ծառ» նախագիծին, որ նուիրուած էր գործակալութեան հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի տարեդարձին:
Հ.Օ.Մ.-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին` Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան, Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան եւ անդամ Գոհար Մինասեան:
Տեղատարափ անձրեւն ու ցուրտը երբեք չխանգարեցին այս յատկանշական ուխտագնացութիւնը: Տաթեւի վանքին մէջ երգ ու պարով դիմաւորուելէ ետք տեղի ունեցաւ համատեղ աղօթք` Պաքուի բանտերուն մէջ ազատազրկուած հայ գերիներու ազատ արձակման համար: Ապա Հ.Օ.Մ.-ականները մասնակցեցան վանքի մօտ Ռուբէն Վարդանեանի եւ իր ընկերներու անունով «Կենաց ծառի»` սօսիի տնկման արարողութեան, տեղի ունեցաւ Ռուբէն Վարդանեանի յուշատախտակի բացումը` առ ի երախտագիտութիւն Տաթեւի վանքի վերականգման անոր աւանդին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վանքի մօտակայ պտղատու ծառերու պարտէզին բացումը, ուր նոյն օրը պիտի տնկուէին 1000 պտղատու ծառեր` համապատասխան կազմակերպութիւններու հովանաւորութեամբ: Սակայն աննպաստ օդին պատճառով ծառերը տնկուած էին մէկ օր առաջ: Հայ օգնութեան միութիւնը Հ.Օ.Մ.-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին առիթով ստանձնած էր 115 ծառերու տնկման հովանաւորութիւնը:
Մատաղի բաժանումէն ետք Տաթեւի ուխտագնացութիւնը աւարտեցաւ «Վարք հայոց» ազգագրական ծրագիրով: Այնուհետեւ Հ.Օ.Մ.-ականները մեկնեցան Հալիձոր, ուր ճաշակեցին աւանդական հերիսան, վայելեցին նկարչական ցուցահանդէսն ու հրամցուած ազգային երաժշտութիւնը: