ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 34 Second

 

Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդը, նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ իր ժողովը գումարելէ ետք, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան – Ատրպէյճան մերձեցման եւ հաշտութեան փորձերուն։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Անգարա կ՛աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման եւ խաղաղութեան ապահովման ջանքերուն։

Միւս կողմէ, Էրտողան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան կնքման առիթը պէտք չէ փախցուի։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Իզմիրի մէջ, ուր կայացաւ «Էֆես 2024» ռազմափորձը։ Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը իր ապագան պէտք է տեսնէ ոչ թէ դուրսը հեքիաթներ կարդացողներու, այլ այն դրացիներուն մէջ, որոնց հետ անիկա ապրած է դարեր ի վեր։
«Պէտք է հասկնան եւ համարձակօրէն ընեն այն, ինչ որ պէտք է», աւելցուց ան։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի համաձայն, Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը վտանգ է այն երկիրներուն համար, ուր անիկա կը գործէ։

Խորհրդարանին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ, Ֆիտան նշեց,որ յատուկ կերպով կ՛ընգծէ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան զինեալներուն ներկայացուցած մեծ վտանգը Եւրոպայի տարածքին ապրող թուրքերուն համար։ «24 Մարտէն ի վեր Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան ահաբեկիչներ գործողութիւններ կը կատարեն Պելճիքա ապրող թուրքերու եւ թրքական կազմակերպութիւններու  դէմ», ըսաւ ան, աւելցնելով,որ յարձակումներու թիրախ դարձած են Ֆրանսայի մէջ գործող Թրքական Մշակութային Կեդրոնը եւ Գերմանիոյ Հաննովըր քաղաքի թրքական ընդհանուր հիւպատոսարանը։

Տեղին է նշել,որ վերջին ամիսներուն քիւրտեր վերաշխուժացուցած են իրենց յարձակումները Եւրոպայի տարածքին գործող թրքական կեդրոններու եւ թրքական մզկիթներու դէմ։ Ամենէն աւելի թրքական թիրախներ կը հարուածուին Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Պելճիքայի մէջ։Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը վերոյիշեալ երկիրներու իշխանութիւններէն պահանջեց կտրուկ քայլերու դիմել եւ չէզոքացնել քրտական վտանգը։

*

    Եւրոպական Միութեան դրացնութեան եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարհեյլի Անգարայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։ Խօսակցութիւններուն առանցքը կազմեցին Թուրքիա – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններ եւ զարգացումներ։

խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Ֆիտանի հետ՝ Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերու շուրջ, նկատի ունենալով, որ Եւրոպա   Վարհեյլի Սեպտեմբերին եւս կան Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները ներկայիս կը գտնուին շատ դանդաղ վիճակի մը մէջ եւ թուրքերը կը ջանան շրջանային եւ միջազգային խնդիրներ եւ հարցեր իրենց շահերուն համար շահագործել եւ մղել եւրոպացիները, որպէսզի արագացնեն Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ Անգարա – Պրիւքսէլ բանակցութիւնները։ Տեղին է նշել,որ Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները ընթացք առին  2005-ին։Անոնք բազմաթիւ անգամ կանգ առած են՝ յատկապէս Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութիւններու խոցելիութեան պատճառով։ Բանակցութիւններու դադրեցման գլխաւոր պատճառներէն մին կը համարուի նաեւ Կիպրոսի տագնապը, որովհետեւ թրքական բանակը գրաւած է կղզիին հիւսիսային շրջանները, ուր ստեղծուած այսպէս կոչուած թրքական հանրապետութիւնը միայն Թուրքիոյ կողմէ ճանչցուած է։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Փրակայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Անթընի Պլինքընի հետ։Հաղորդուեցաւ,որ քննարկումներուն առանցքը դարձած են Կազայի պատերազմը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը։ Պլինքըն «Էքս»-ի իր հաշուեհամարին մէջ հաստատեց,որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ խօսած է Կազայի պատերազմին վերաբերեալ մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքման կարեւորութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան զօրավիգ կանգնելու միջոցներուն մասին։ Հանդիպման մօտիկ լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Պլինքըն- Ֆիտան հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուած են Ուքրայինայի եւ Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակներուն կապուած խնդիրներ։Արծարծուած հարցերէն մին եղած է նաեւ Ափրիկեան ցամաքամասին դիմագրաւած քաղաքական խնդիրը։

*

Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) նահանգի Սուր շրջանին մէջ գտնուող հինգ հարիւր տարի առաջ կառուցուած հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին պիտի վերակառուցուի։ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին շրջանին մէջ երկրորդ մեծագոյն եկեղեցին է, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիէն ետք։Վերանորոգման ծրագիրը հաստատուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ, որ 135 հազար տոլար յատկացուցած է վերանորոգման աշխատանքներուն համար։ Նախարարութեան մշակութային ժառանգի բաժանմունքի վարիչ Ճեմիլ Քոչի համաձայն, Սուրբ Սարգիս եկեղեցին դասակարգուած է իբրեւ առաջին կարգի մշակութային եւ կրօնական կառոյց մը, որ պիտի վերանորոգուի, դէպի շրջան զբօսաշրջութեան զարկ տալու հեռանկարով։ Տեղին է նշել, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները սկսած էին 2021ին, սակայն Թուրքիոյ երկրաշարժին պատճառով մասամբ վերանորոգուած եկեղեցին մեծ վնասներ կրած էր։Ներկայիս այդ վնասուած բաժիններն են, որ պիտի կառուցուին։ Քոչ նաեւ յայտնեց, որ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց Սահակ պատրիարքը 27 յունիսին պիտի այցելէ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, մօտէն տեղեակ ըլլալու համար եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներէն։Պատրիարքին այցելութեան նպատակներէն է նաեւ դրամահաւաք մը՝ մասնակցելու համար եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախսերուն։

*

Թուրքիոյ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութիւններու միջոցներու մարզին ընդարձակումը հասած է 33 միլիար տոլարի, հաղորդեց Թուրքիոյ Տեղեկութիւններու Ճարտարուեստի Ընկերակցութիւնը։    Թրքական տեղեկատուական եւ հաղորդակցութիւններու միջոցներու տարեկան աճը կը գնահատուի 83 առ հարիւրով, ինչ որ մրցանիշային համեմատութիւն մը կը համարուի։ Մարզին մէջ աշխատողներուն թիւը անցած է 230 հազարը։

Յատկանշական է նաեւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան մարզին ապրած աճը, որ անցեալ տարուան ցուցանիշով 72 առ հարիւր եղած է, որ կը գնահատուի 8.7 միլիառ տոլարով։

Թուրքիա ներկայիս կ՛ապրի հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման ժամանակաշրջան մը, որ կը բացատրուի եւրոպական մեծ ընկերութիւններու հետաքրքրութեամբ եւ ներդրումներով։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles