«ԵՍ ԱԼ ՀԱՅ ԵՄ ՊԱՐՏԱՃԱՆԱՉ…» (Նարեկ Ա. Քահանայ Փեհլիվանեանի յիշատակին)

1 0
Read Time:9 Minute, 30 Second
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Մանուկ օրից սար ու ձորին ես մնացի մօտ ընկեր,
Աշխատանքի, հանգիստ օրին ես մնացի մօտ ընկեր…»
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Մայիսի կէսերուն կեանքին հրաժեշտ տուաւ բարի, հեզ ու ծառայասէր մարդ մը, որ կը կոչուէր Նարեկ աւագ քահանայ Փեհլիվանեան: Ապրեցաւ անաղմուկ, գործեց առանց փողի ու թմբուկի, շահեցաւ աշխատասէրի թափնեպսակ ու անջնջելի հետք ձգեց զինք ճանչողներուն յիշատակներուն մէջ, անոնք ըլլան ընտանիքի անդամներ ու հարազատներ թէ գործակիցներ, միութենականներ, ծառայակիցներ:
Աւազանի անունով Պերճ՝ Նարեկ քահանայի կեանքի վերջին մօտաւորապէս 40 տարիները, այսինքն՝ կէսը, անցան մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան ճամբաներուն վրայ, սկսելով Կիպրոսէն, անցնելով Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանէն, Քանատայէն ու հասնելով Ա.Մ.Ն. արեւմտեան ափ, ուր քահանայագործեց անսակարկ նուիրումով, գնաց հոն՝ ուր զինք կանչեց պարտականութիւնը՝ Փասատինայէն մինչեւ Օրէնճ Քաունթի, Մոնթեպելլօ, Նորթ  Հոլիվուտ եւ այլուր, հուսկ հանգրուանելու համար Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ, հրաժարելով հանգստեան կոչուելու մարդկային իրաւունքէն: Միայն առողջական վիճակի անսպասելի վատթարացումն էր որ զինք իր վերջոյ ստիպեց հեռանալու հանապազօրեայ աշխատանքէ, առանց բոլորովին խզուելու վերջին տարիներու իր «բնակավայր»էն՝ Առաջնորդարանէն:
Հիմա, երբ ազգին ու ժողովուրդին հաւատարմօրէն ծառայած հայորդիին կեանքի վերջին էջը փակուած է, կ’արժէ պահ մը իր նկարագիրին դէմ երթալ, լուսարձակի տակ բերել դիմաստուեր մը, որ յամենայնդէպս ամբողջական չէ, կարելի է այդ դիմաստուերը օժտել առատ միսով ու ոսկորով, թէեւ ինք երբեք պիտի չուզէր, որ իր մասին երկար խօսուի կամ գրուի ո՛րեւէ առիթով. ահա հոս է որ գրիչս պիտի շարժի իր կամքին հակառակ:
***
Նարեկ Քահանային հետ ծանօթացմանս նորագոյն փուլը (քիչ ետք կը տեսնէք թէ ինչո՞ւ կ’ըսեմ «նորագոյն փուլ») սկիզբ առաւ 1999-ին, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ աշխատանքի կոչուելէս կարճ ատեն ետք: Որքան կը յիշեմ, ան եղաւ թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներէն առաջիններէն, որոնց ծանօթացայ շուտով:
Այդ շրջանին, Ազգ. Առաջնորդարանը կը գործէր Հոլիվուտի մէջ: Երկյարկանի բնակարան-գրասենեակը ունէր զինք երեք կողմէն գրկած գունագեղ փոքր պարտէզ մը: Առաւօտ մը, երբ աշխատավայր հասայ, նկատեցի, որ շէնքին ձախ կողմը, նեղլիկ ծաղկաստանին մէջ կար փոքր մօրուքով փիլոնաւոր մը, որ ծունկի եկած՝ կը գուրգուրար ծաղիկներուն վրայ, թուփերուն չորս բոլորը կը փորփրէր եւ չորցած տերեւներն ու ճիւղերը կը յօտէր: Ծանօթ չէի թէ ո՞վ էր ան, քահանա՞յ, վարդապե՞տ թէ այլ: Երբ ներս մտայ, պաշտօնակիցներուս հարցուցի, թէ ո՞վ էր ծաղիկներով զբաղողը: «Օ՜, Տէր Նարե՜կն է», պատասխանեցին միաբերան, ու բացատրեցին, թէ Տէր Նարեկը ինքն իրեն պարտականութիւն տուած է, Առաջնորդարան ամէն այցելութեան, «բարեւ» մը ըսելու ծաղիկին ու թուփին: Պարտէզը խնամող գործաւոր մը կար, որ հերթաբար կու գար իր սովորական գործը ընելու, սակայն Տէր Նարեկին հոգածութիւնը ընթացիկէն անդին կ’երթար…: Մտածեցի. «Ի՜նչ նկարագիրի տէր ըլլալու է մարդ մը, որ այսպէս՝ հոգածութիւն եւ գուրգուրանք կը տածէ բնութեան զաւակներուն, որոնք մանաւանդ լոս-անճելըսեան տաք օրերուն չեն կրնար իրենք զիրենք հոգալ, պէտք ունին մէկուն՝ որ պահպանէ կանաչն ու ծաղկագոյները…»: Մտածեցի՝ որ այս մարդը պէտք է նոյնքան եւ աւելի՛ գուրգուրոտ ըլլար իր զաւակներուն ու գործակիցներուն հանդէպ: Աւելի քան 20 տարիներու գործակցութիւնս ցոյց տուաւ, որ այդպէ՛ս էր:
Երբ քանի մը տարի ետք Առաջնորդարանը տեղափոխուեցաւ Լա Քրեսենթայի նոր կառոյցը, շէնքը պաշարող պարտէզը աւելի ընդարձակ էր, կային նաեւ պտղատու ծառեր: Պարտէզին՝ ճամբուն կողքն ի վեր տարածուող պարտէզին մէջ կային նուռի ծառեր, իսկ այլ տեղեր՝ լեմոնի ծառեր, որոնք արժանացան Նարեկ քահանայի յատուկ հոգածութեան: Ան կը քահանայագործէր հեռաւոր շրջաններու մէջ, սակայն տարբեր առիթներով «ծխական այցելութիւն» կու տար Առաջնորդարան, որ իր բնակավայրէն հեռու չէր, պէտք էր «ճամբուն վրայ» մէկ-մէկ հանդիպէր եւ «բարեւ» ըսէր ծառին ու ծաղիկին: Շուտով հասկցայ, որ բաւական հմուտ էր ծառ ու ծաղիկի հոգածութեան: Տունն ալ ունէր պարտէզ, որ իր պարծանքին առարկան էր: Գիտէր, թէ ծառերը երբ պէտք է յօտել, այսինչ կամ այնինչ եղանակը ինչպիսի՞ «բաներ» կը բերէր բնութեան զաւակներուն: Ու եթէ մէկը իր խորհուրդին դիմէր՝ լիաբուռն կը գոհացնէր զայն: Դիմողները բազմաթիւ էին…: Յ. Թումանեանի մէկ քառեակէն քաղուած՝ վերի երկու տողը կարծէք թէ իրեն համար արձանագրուած էին…
Բնութեան զաւակներուն մասին իր հմտութիւնը ունէր մրցակից մը՝ սուրբգրային գիտելիքները: Երբ պաշտօնակից մը կարիքը ունենար սաղմոսէ մը կամ Աւետարանէն մէջբերում մը ընելու, Նարեկ քանահան կրնար շուտով գտնել փնտռուած տողերը: Պէտք չունէր համակարգիչին «շտեմարանը» պեղելու…
***
Տէր Նարեկի սէրն ու գուրգուրանքը բնականաբար չէին սահմանափակուած ծառ ու ծաղիկով, այլ անիկա կը տարածուէր ընտանիքին, բարեկամներուն եւ մանաւանդ «Տիրոջ այգի»ի անդամներուն վրայ:
Աւելի՛ լռակեաց, քան թէ առատ զրուցող մըն էր Նարեկ քահանան, մանաւանդ ժլատ՝ իր աշխատանքին կամ անցեալին մասին արտայայտուելու իմաստով, սակայն բարեկամին ու մտերիմին համար շուտով կը դառնար աւելի՛ առատաձեռն խօսակից:
…Մեր ծանօթացումէն ետք անցեր էին քանի մը ամիս: Օր մը, առիթը եկաւ նախընթացներէն աւելի երկար զրուցելու: Մինչ այդ, մտքիս մէջ իր անունը յիշողութեանս մէջ անորոշ զանգ մը կը հնչեցնէր, բայց ի՞նչ՝ պատասխանը չէի կրնար գտնել: Եւ այդ օրը, երբ կը զրուցէինք, յանկարծ պատասխանը հնչեց. «Տէր Հայր, դուն Կիպրոս եղա՞ծ ես», հարցուցի: Բարի ժպիտով մը պատասխանեց, թէ իր քահանայագործութեան առաջին վայրը եղած էր Կիպրոսը, 80-ականներու երկրորդ կիսուն, երբ աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քահանայից դասընթացքը: Ուղեղիս մէջ հնչող զանգերը բազմապատկուեցան. «Կիպրոսի ռատիոկայանէն՝ հայկական կիրակնօրեայ յայտագիրին սկի՞զբը…», հարցուցի: Պաստառը լիովին յստակացաւ: Յայտագիրը վարողը, ունկնդիրները բարեւելէ ետք, կը հրաւիրէր Նարեկ քահանայ Փեհլիվանեանը, որպէսզի ուղղէր հոգեւոր պատգամ մը: Եւ այդ ձայնը կը տարածուէր Կիպրոսի նեղլիկ սահմաններէն անդին, կը հասնէր Հալէպ, Պէյրութ եւ Միջերկրականի արեւելեան ափի այլ բնակավայրեր, թերեւս նաեւ աւելի հեռուները: Այդ օրերուն, համացանցի հնարաւորութիւնները չկային, որպէսզի հայկական յայտագիրներ այսօրուան պէս սփռուէին աշխարհի չորս ծագերուն: Այդ օրերուն, մարդիկ կը լսէին հանդարտ խօսող քահանայի մը ձայնը, որուն խօսքը ունէր իւրայատուկ ջերմութիւն:
Ըսի իրեն կատակի ոճով. «Ուրեմն, Տէր Հայր, մեր ծանօթութիւնը հոս՝ Լոս Անճելըսի մէջ չէ սկսած, որովհետեւ ձայնիդ ճամբով, մօտաւորապէս 15 տարուան բարեկամութիւն ունինք»:
Մեղմ ժպիտէն ետք, մեղմ ձայնը եկաւ սրբագրելու զիս: «Մենք իրարու ծանօթ ենք շատ աւելի երկար ժամանակէ ի վեր…»: Զարմանքս ցոլացնող նայուածքիս՝ տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը: «Կը յիշե՞ս… Լիբանանի պատերազմի օրերուն… Երբ ռմբակոծում կ’ըլլար, քաղաքին երկու գօտիներուն միջեւ անցքերը կը փակուէին կամ կը վտանգուէին արձակազէններու պատճառով, «Ազդակ»ի անձնակազմի անդամները, արեւմտեան Պէյրութ անցնելու համար, յաճախ կու գային Հայաշէնի ակումբը… Մենք հոն հանդիպած ենք առաջին անգամ: Ես ընկեր Պերճն եմ»:
Օ՜, ինչպէ՜ս կարելի է մոռնալ այդ արհաւիրքի օրերը: Երկար ատեն, Պէյրութի Թանգարանէն դէպի Պարպիրի հիւանդանոցը տանող պողոտան, ձիարձակարանի հիւսիսային պատին դրացնութեան՝ երթեւեկի միակ ճամբան էր, վստահուած՝ զինեալներու, արձակազէներու եւ հրթիռարձակներու «խնամքին»…: «Ազդակի կարաւան»ը (այդ անունը շահած էր քանի մը ինքնաշարժներու շարասիւնը, որուն մէջ տեղ կը գրաւէին խմբագիր ու գրաշար, տպարանի աշխատաւոր եւ այլք, նաեւ՝ երկու գօտիներուն միջեւ երթեւեկելու հարկադրանքին տակ եղողներ) Պուրճ Համմուտէն կ’ուղղուէր Հայաշէնի ակումբը, որ իր կարգին ստացած էր «Ընկեր Կորիւնի (Ասլանեան) բդեշխութիւն» անուանումը: Հոն, մեր պատասխանատու ընկերները պէտք էր հաղորդակցութիւններ հաստատէին աջին ու ձախին հետ, որպէսզի խոստում ստանային, որ մեր «կարաւանը» անվնաս, առանց կրակոցի թիրախ դառնալու հասնէր «միւս ափը» (բացարձակ երաշխիք չկար, որովհետեւ ռումբերն ու հրասանդերը կ’արձակուէին աւելի հեռուները դիրքաւորուած զինեալներու կողմէ): Ուրեմն, ահա այդ օրերուն էր որ Ընկեր Պերճը մաս կը կազմէր այն խմբակին, որ կը դիմաւորէր մեզ ու երբեմն քանի մը ընկերներու հետ կ’ընկերանային մեզի՝ մինչեւ «սահմանագիծ»:
Այս յիշեցումը նոր «դարագլուխ» մը բացաւ մեր զրոյցներուն մէջ: Ու պիտի պատմէր, որ ինք որոշ շրջան մը աշխատած է տպարանի մը մէջ (ի՜նչ գիտնայի, թէ բնակարանէս քանի մը հարիւր մեթր անդին էր անիկա), բաւական հմտացած՝ նկարչութեան գործին, նոր օրերուն ալ չէր վարաներ գործիքը ձեռք առնելու, երբ անհրաժեշտ էր: Ուրեմն, երկուքիս անցեալն ալ անցած էր տպարանի «փապուղիէն», այսինքն՝ ունէինք մտերմանալու յաւելեալ պատճառ: Հազար ու մէկ յիշատակ պիտի զարդարէին մեր զրոյցները, մաս մը՝ տխուր, երբեմն նաեւ հաճելի. «Հազար ու մէկ գիշերներ»ու տարբերակ:
Այդ զրոյցներուն ընդմէջէն էր որ պիտի հասկնայի, թէ պատերազմի օրերուն, 1977-ին, գործի բերմամբ գացած էր Իրաք, ուր հանդիպած էր ապագայի երէցկինին՝ Շողիկին, քանի մը տարի ետք կազմած էին ընտանիք եւ հայկական բոյն մը հիւսած իրենց երեք զաւակներուն համար: 80-ականներու կէսերուն որոշած էր մտնել եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտ: Մանկութեան ու պատանութեան տարիներէն՝ եղած էր դպիր, իսկ Դաշնակցական ակումբ մուտքն ալ ունեցած էր «նախապատմութիւն», որովհետեւ եղած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական՝ փողերախումբի անդամ, սկաուտ եւ խմբապետ: Անցեալ աւելի քան 25 տարիներուն, հանդիպած եմ բազմաթիւ նախկին պէյրութցիներու, որոնք գոհունակ ժպիտով ու կարօտաբաղձութեամբ ըսած են. «Գիտե՞ս, Տէր Նարեկը իմ խմբապետս եղած է…»:
***
Տէր Նարեկը զտարիւն «հայաշէնցի» էր, առանց անտեսելու պէյրութցիութիւնը: Հոգիով ու սրտով կապուած՝ իր ծննդավայր թաղամասին, անոր հետ կամրջուած էր բազում յուշերով ու յիշատակներով: Երբ առիթը ստեղծուէր, պիտի հասկցնէր, թէ որքա՜ն լաւ ծանօթ էր թաղեցիներուն, որոնց շարքին կային կուսակցական գործիչներ, մտաւորականներ եւ ազգին ծառայողներ: Ինք ալ մէկ արքասիքն էր այդ միջավայրին:
Անհագ ընթերցող մըն էր: Այն շրջանին, երբ աշխատանքի կոչուեցաւ Առաջնորդարանի յարկին տակ, վկան եղայ իր ընթերցասիրութեան: Երբ որեւէ այլ աշխատանքի ստիպողութեան տակ չէր, գրասեղանին վրայ ունէր գիրքեր ու գիրքեր, որոնք թէ՛ կրօնական էին եւ թէ գրական, յուշագրական: Կ’ընկղմէր ընթրեցումի մէջ: Իսկ առաւօտուն, առաջին գործերէն մէկը կ’ըլլար համակարգիչի ճամբով գտնել «Ազդակ»ի կայքէջը եւ վերանորոգել կապը Պէյրութի ու Լիբանանի հետ: Մեր գրասենեակները «դրացի» էին: Երբ ուշագրաւ կամ արտասովոր բան մը կարդար, ուրախալի թէ տրտմառիթ՝ անպայման պիտի բաժնեկցէր, ինչպէս կը բաժնեկցէր այլ բաներ: Այս իմաստով, առատաձեռն էր եւ սակաւախօսութիւնը այս կալուածին մէջ մէկդի կ’երթար:
Ծանօթ գրող Գրիգոր Պլըտեան ատեն մը առաջ արձակով հրապարակ եկաւ յուշագրութիւն բուրող համով էջերով: Տէր Նարեկին համաքաղաքացի է՝ հայաշէնցի, ուրեմն, պատումներուն կիզակէտն ալ բնականաբար եղաւ (առաւելաբար) Հայաշէնը: Անոր էջերուն կը տողանցեն իրական մարդիկ՝ թաղեցիներ՝ իրենց «տեղական» գոյներով ու բուրմունքով, նիստ ու կացով: Ան իր այդ հատորներուն համար, գրիչը թաթխած էր այն կաղամարին, որ տասնամեակներ առաջ ի սպաս դրուած էր իրենց ծննդավայրերը անմահացնող այլ մեծատաղանդներու՝ Չարենցի, Բակունցի, Մկրտիչ Արմէնի, Ծառուկեանի, Մ. Իշխանի եւ ուրիշներու: Երբ կ’ընթերցէի այդ հատորները, անխուսափելի հարցում մը ծագեցաւ մտքիս մէջ. Պլըտեան որքա՞ն հարազատ մնացած է թաղի իրականութիւններուն, որքանո՞վ վիպականացուցած է դէպքերն ու տիպարները:  Ո՞վ կրնար պատասխանել այս ու նման հարցումներու, եթէ ոչ՝ Տէր Նարեկը: Հարցումներուս հետ իր տրամադրութեան տակ դրի ունեցած հատորներս: Քանի մը օրէն «տակէն մտաւ, վրայէն ելաւ», համտեսեց մեծ հաճոյքով եւ կարօտաբաղձութեամբ, եւ երբ կը վերադարձնէր գիրքերս, յանձն առաւ «զբօսաշրջիկի առաջնորդ»ի դեր մը, բացատրեց, թէ նշուած տիպարները իրական մարդիկ էին, գրեթէ բոլորն ալ ծանօթ՝ իրեն, թէեւ ենթադրութիւն մըն ալ ըրաւ, թէ ոմանց անունները կրնան մանր փոփոխութիւններու ենթարկուած ըլլալ (երկրորդական մանրամասնութիւն՝ գիրքերուն արժէքին դիտանկիւնէն):
***
Վերջին տարիներուն, երբ աշխատանքէ դադրեցայ, նախ՝ համաճարակին տարածումին հետեւանքով, ապա նաեւ իր առողջական վիճակին վերիվայրումներուն բերումով, մեր կապերը առաւելաբար սահմանափակուեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով (ինչպէս եղաւ շատերու հետ): Տօնական օ՞ր մը կար, ուշագրաւ իրադարձութի՞ւն մը՝ Հայաստանի մէջ կամ այլուր, նման հարցեր պիտի ըլլային մեր կարճատեւ զրոյցներուն նիւթերը, տօնական օրերուն՝ շնորհաւորանքներ փոխանակելէ ետք:
Ձայնը «ջերմաչափ»ն էր իր վիճակին: Երբեմն մեղմ ու յոգնածութիւն մատնող, ուրիշ օրեր՝ վերաշխուժացած եւ բնական: Երբ հարց տայի, թէ ի՞նչ ընթացքի մէջ էր դարմանումը, կարճ պատասխանը կ’ըլլար. «Լա՜ւ եմ. օր մը ասանկ, օր մը անանկ, բայց բաժակին լեցուն մասը կը տեսնեմ»: Ո՛չ մէկ ատեն գանգատ արտայայտեց, թէեւ գիտէի, ծանօթներէ իմացած էի, թէ դարմանումը ունէր տաղտկալի ու տառապեցնող երեսներ: Հոգեպէս արի էր. նոյն արժանիքը ի յայտ եկած էր նաեւ անցեալին, տարբեր առիթներով. «Լաւ պիտի ըլլա՛յ»-ն՝ իր կարճ ու կտրուկ վճիռը պիտի ըլլար:
Ես կամ ծանօթ-բարեկամներ կրնանք բազմաթիւ աղուոր յուշեր մտաբերել, երբ հիմա ան մեկնած է: Չեմ յիշեր, թէ մէկը վշտացուցած է, կամ՝ ծանօթ չեմ որեւէ դէպքի, երբ զայրոյթով հակադարձած է զինք նեղը դնողներու: Աւելին: Վստահաբար բոլորին մտքին մէջ պայծառ պիտի մնայ իր ծառայասիրութիւնն ու բարութիւնը, ընկերասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Եւ ինչպէս որ այս սիւնակին սկիզբը վկայութիւն մը արձանագրեցի՝ ան գործեց համեստութեամբ, անաղմուկ, ոչ մէկ ատեն պարծանք արտայայտեց այլապէս պարծանքի արժանի՝ ըրածներուն համար: Ան եղաւ եկեղեցւոյ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ին ու Դաշնակցութեան (որմէ հարկադրաբար բաժնուեցաւ քահանայական ծառայութեան պատճառով) մէկ հաւատարիմ զինուորը:
Իր հոգեւոր եղբայրները հաւանաբար պիտի յիշեն աստուածաշնչական այն գնահատականը, որ ուղղուած է «քիչ բաներու մէջ հաւատարմութիւն ցուցաբերած ծառային»: Ի տարբերութիւն այդ ծառային, ինք հաւատարիմ եղաւ շա՛տ բաներու մէջ: Իրեն աւելի՛ կը պատշաճի յեղափոխական երգի մը մէկ տողը. Խանասորի արշաւանքէն ծնած երգ մը կայ՝ Խանի երգը (Աքուլիսցի քաջ պատանի…), որուն նախավերջին տողերէն մէկը կ’ըսէ. «Ես ալ հայ եմ պարտաճանաչ…»: Այս հայը իր կեանքով ու գործով մարմնաւորեց այդ տողը, քաջ գիտնալով, որ «չկան մեծ ու փոքր գործեր…»: Եւ ան այդպէ՛ս է որ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ:
Թող այս տողերը ծիածանուող ծաղիկներ ըլլան իր յիշատակին, նման այն ծաղիկներուն՝ որոնք վայելեցին իր սէրն ու գուրգուրանքը:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles