«Կալոփ» միջազգային ընկերակցութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքները ցոյց տուին, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կը զօրակցի «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժման։ «Կալոփ»-ի փորձագէտներուն ուղղած հարցումն է, թէ ինչպէս կը գնահատէք Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի նախաձեռնած «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը։
Հարցապնդուողներուն 35,1 առ հարիւրը լիովին դրական պատասխանը տուած է, 17,8 առ հարիւրը՝ աւելի շուտ դրական, 10 առ հարիւրը՝ աւելի շուտ բացասական, իսկ 23,5 առ հարիւրը պատասխանած է, որ ընդհանրապէս բացասական կը համարէ շարժումը։Հարցապնդուողներուն 13,6 առ հարիւրը դժուարացած է պատասխանել։
*
Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերով յանձնախումբին եւ սահմանազատման պետական յանձնաժողովին իններորդ նիստը, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ արձանագրութիւն, որուն մէջ նշուեցաւ,որ քննարկուած են կատարուած աշխատանքները եւ հաշուի առնելով կատարուած չափագրումները ըստ Խորհրդային Միութեան 1976-ի քարտէսին, համաձայնեցուած են Պաղանիս- Պաղանիս Այրում, Ոսկեպար – Աշաղը Ասկիպարան, Կիրանց- Խեյրումլի եւ Բերքաբեր- Գըզըլ Հաճիլի գիւղերու միջեւ սահմանագիծի հատուածները։
*
Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հերքեց ռուսական այն յայտարարութիւնը, թէ հայկական կողմը խնդրած է, որ ռուսական սահմանապահ ուժերը շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ Հայաստան – Թուրքիա եւ Հայաստան- Իրան սահմաններուն վրայ։ Գրիգորեան շեշտեց, որ ռուսական կողմը հարց տուած է, որ արդեօ՞ք հայկական կողմը կը պահանջէ նաեւ, որ այս սահմաններուն հսկող ռուսական ուժերն ալ հեռանան։Հայկական կողմը պատասխանած է, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի սահմաններուն վրայ ռուս սահմանապահները կը հսկեն, ըստ պայմանագրի, հետեւաբար ներկայիս Երեւան նման քննարկում չի կատարեր։ Տեղին է նշել,որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով նախապէս յայտարարած էր, որ հայկական կողմը խնդրած է, թէ ռուս սահմանապահները շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ Հայաստան – Թուրքիա եւ Հայաստան – Իրան սահմաններուն վրայ։
*
Ատրպէյճանական պաշտօնական լրատու աղբիւրներու համաձայն, Պինակատիի շրջանային դատարանը՝ բաւարարելով դատախազութեան միջնորդութիւնը, վճռեց, որ արցախցի ապօրինի կերպով ձերբակալեալ պաշտօնատարներուն կալանքը հինգ ամիս երկարաձգուի։
Տեղին է նշել, որ նախկին նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեանի, հրամանատարի նախկին տեղակալ զօրավար Դաւիթ Մանուկեանի եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Պապայեանի կալանքները երկարաձգուեցան։ Արցախցի պաշտօնատարները ձերբակալուելով Պաքու փոխադրուած էին՝ սեպտեմբերեան զինուորական գործողութիւններէն ետք։ Ատրպէյճանական դատարանը ձերբակալեալներուն դէմ ծանր մեղադրանքներ հրապարակած է։
*
Հայաստանի եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ կայացան պաշտպանական մարզին շուրջ խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին որոշուեցաւ ստեղծել աշխատանքային խումբ մը, ինչպէս նաեւ հաստատուեցաւ երկու նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ընթացիկ տարուան ծրագիրը։
Խորհրդակցութիւններուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քննարկման առարկայ դարձած են ռազմաարհեստագիտական մարզին մէջ գործակցութեան հեռանկարները, անձնակազմի կրթութեան եւ մարտավարական պատրաստութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ՝ փորձառութեան փոխանակման ուղիները։
Տեղին է նշել, որ վերջին տարիներուն կատարուեցան հրապարակումներ, թէ Հնդկաստան Հայաստանի զէնք, շարժական ռատարներ, հրթիռային կայաններ եւ հրետանային համակարգեր վաճառած է։
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոլաոս Տենտիաս Երեւանի մէջ երկու շաբաթ յայտարարած էր, որ չի բացառուիր Հայաստան – Յունաստան – Ֆրանսա – Հնդկաստան քառակողմ գործակցութիւն մը՝ զինուորական մարզին մէջ։
*
Ճարտարապետական կոթողներու եւ պատմական յուշարձաններու պահպանման աշխատանքներ կատարող միջազգային «Մոնիւմընթ Ուոչ» կազմակերպութիւնը ահազանգ հնչեցուց, ոց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ամբողջական զօրակցութեամբ հիմնովին քանդուած է գրաւուած Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին,որուն կառուցումը 1998ին աւարտած էր։
Եկեղեցւոյ ճարտարապետն էր Հրաչեայ Գասպարեանը, իսկ կառուցման աշխատանքները ղեկավարած էր Գէորգ Առաքելեանը։ Եկեղեցւոյ գեղարուեստական յարդարանքի հեղինակներն էին՝ հանրածանօթ քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեան, գեղանկարիչ Կարօ Մկրտչեան եւ փայտագործ վարպետ Վանօ Տատոյեանը եւ ուրիշներ։ Տեղին է նշել, որ 2021-ին Ատրպէյճանի Յուշարձաններու պահպանութեան հասարակական կազմակերպութիւնը ներկայացուցած էր եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծ մը։
Ատրպէյճանցիները գրաւեալ շրջաններուն մէջ ուրիշ եկեղեցիներ ալ քանդած են։ Մարտ 25, 2021ին քանդուած է Մեխակաւանի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին, Հոկտեմբերին՝ Մոխրենեսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցիները։ Իսկ Շուշիի Կանաչ Ժամ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին ատրպէյճանական վանտալիզմին զոհ գնաց ապրիլ 2024-ին։
*
Հետաքննող լրագրողներ երեւան հանած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն համակարգին փտածութեան բաւական ցայտուն պարագայ մը, երբ հրապարակուեցաւ,որ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ապահովութեան ծառայութեան ղեկավար Պէյլէր Էյուպովի ընտանիքը երեք շքեղ վիլաներ ունի Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի հիւսիսային շրջաններուն մէջ։ Տուպայի եւ Անգլիոյ մէջ Էյուպով ընտանիքին ունեցած կալուածները կը գնահատուին շուրջ 160 միլիոն տոլարի։
Հետաքննութիւնները նաեւ ցոյց տուած են, որ Էյուպովի կնոջ եւ դուստրին պատկանող «օֆ-շոր»-ային ընկերութիւնները շուրջ 114 միլիոն տոլար ծախսած են՝ Լոնտոնի մէջ կալուածներ գնելու համար։ Սակայն ծիծաղելին այն, որ Էյուպովի տարեկան մուտքը չի գերազանցեր 22 հազար տոլարը։
Էյուպով 20 տարիէ ի վեր Ալիեւի ապահովութեան ծառայութեան ղեկավարն է։ Ան այս պաշտօնը վարած է նաեւ նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի օրերուն։