Շարունակե’նք Մեր Հերոսներու Պայքարը

0 0
Read Time:1 Minute, 43 Second

 

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Մայիս 18-ին, Ուաշինկթընի մէջ տեղւոյն Հ․Յ․Դ«Սեպուհ» կոմիտէութեան կազմակերպած Մայիս 28-ի տօնակատարութեան առթիւ, երիտասարդականի ներկայացուցիչներէն՝ Կալի Չագմագճեանի խօսքը։

106 տարի առաջ, մեր պատմութեան ամէնամութ ժամանակաշրջաններէն մեկուն, Մայիս 28-ին հայ ժողովուրդը հռչակեց իր առաջին անկախ հանրապետութիւնը։

Այսօր, մենք հաւաքուած ենք ոչ միայն տօնելու, այլեւ յիշելու այն հերոսները որոնք կերտեցին մեր ազգի առաջին անկախ Հայաստանը, Արարատեան աշխարհի բեկորներու վրայ եւ վերապրելու այն քաջութիւնը, որ ազատագրեց Մեր Հայրենիքը վայրագ թուրքին ձեռքէն։

Հայոց ցեղասպանութեան վէրքերը դեռ թարմ էին, ինչպէս այսօր, իսկ մեր ժողովուրդը՝ յոգնած ու ցրուած։ Այսուհանդերձ, անկարելի թուացող պայմաններուն, հայկական ոգին անխորտակելի էր:

1918 թուականին Սարդարապատի ճակատամարտը դարձաւ մեր ժողովրդի որոշիչ պահը։ Օսմանեան ուժերը առաջացած էին՝ նպատակ ունենալով աւարտին հասցնել Հայոց ոչնչացումը… Մեր ժողովուրդը, ուժը սպառած, եւ թիւով քիչ, կանգնած էր անհետացման եզրին։ Բայց այն էր ժամանակը որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Սուրենեանցը փոխանցեց իր հզօր պատգամը՝ արթնցնելով պարտքի եւ վճռակամութեան խոր զգացումը՝ իւրաքանչիւր հայի սրտին մէջ։

Կը մէջբերեմ.- «Ո՛չ եւ ո՛չ: Հազար անգամ ո՛չ: Ես չեմ լքի մեր սուրբ նախնիներից աւանդ մնացած Մայր Աթոռը: Եթէ հայ ժողովուրդը չի կարող թշնամու առաջխաղացումը կասեցնել, եթէ ի զորու չէ փրկելու մեր սրբութիւնները, ապա ես ինքս սուր կը վերցնեմ եւ կ՛ընկնեմ Մայր Տաճարի գաւիթում, բայց չեմ հեռանար պապերից աւանդ մնացած Սուրբ աթոռից»։

Այսպիսով, Կաթողիկոսը կը վառէր դիմադրութեան ու յոյսի կրակը։

Նպատակով եւ հոգուով միաւորուած՝ բոլոր խաւերու հայերը զէնք վերցուցին իրենց հայրենիքը պաշտպանելու համար: Անոնք Սարդարապա՛տ կերտեցին հրաշք յաղթանակ, յաղթանա՛կ, որ ոչ միայն պահպանեց մեր գոյութիւնը, այլեւ ճանապարհ կերտեց 1918 թուականի Մայիս 28-ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծման համար։

Մեր այսօրուայ մարտահրաւէրները կը նմանին մէկ դար առաջուայ մարտահրաւէրներուն:

Այսուամենայնիւ, ինչպէս մեր նախահայրերը բարձրացան եղեռնի մոխիրներէն՝ պահանջելով իրենց յաղթանակը , մենք աշխարասփիւռ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն նոյնպէս ուժ եւ ոգեշունչ կը գտնենք նրանց ժառանգութեան մէջ: «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը ներկայիս պէտք է ըլլայ մեր Սարդարապատը, Բագրատ Սրբազանի գլխաւորութեամբ, Դաշնակցութեան նեցուկով, ան պէտք է դառնայ մեր սերունդի յաղթանակը բոլոր արգելքներուն դէմ։

Չյուսախաբուինք, եւ շարունակենք մեր հերոսներու պայքարը, ովքեր կռուած եւ զոհուած են մեր անկախության համար, որպէսի հասնինք մեր նպատակին ու տեսնենք ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանը։

Կալի Չագմագճեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles