ԱՆՁՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՉԷ

0 0
Read Time:1 Minute, 43 Second

   Ա.Ա.

Կարելի՞ է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել Ատրպէյճանի հետ, որուն իշխանութիւնները իրենց քաղաքական հաւատամքին մէջ Հայաստանը անուանած են Արեւմտեան Ատրպէյճան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տաճարները՝ աղուանական աղօթատեղիներ, Երեւանը՝ ատրպէյճանական Էրիվան, Սեւանը՝ ատրպէյճանական լիճ։

Կարելի՞ է խաղաղութեան գործընկեր համարել Ատրպէյճանը, որ հայաթափեց Արցախը, ձերբակալեց արցախցի նախկին նախագահներն ու պաշտօնատարներ, քանդեց եւ կը շարունակէ ոչնչացնել արցախեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ յուշարձաններն ու յուշակոթողները, արցախեան քաղաքները, աւաններն ու գիւղերը կը վերակոչէ թրքական անուններով եւ ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի ջնջէ Արցախի հայկական դիմագիծն ու պատկանելիութիւնը։

Կարելի՞ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան եւ գործակցութեան մասին խօսիլ, երբ ատրպէյճանական հասարակութիւնը կը շարունակէ հայատեացութիւնը, կրթական ծրագրին մէջ կը ներառէ «Մեծն Ատրպէյճան»-ի՝ արեւելեան եւ արեւմտեան բաժինները միացնող քարտէսներ եւ կը յօրինէ պատմութիւն մը, ուր ընդհանրապէս հայ ազգը գոյութիւն չունի եւ չէ ունեցած։

Կարելի՞ է բարեկամ սեպել հարեւան Ատրպէյճանը, ուր տիրական է յաղթողի ամբարտաւանութիւնը եւ ատելութիւնը՝ հանդէպ իր հարեւանին, զայն համարելով ոչնչութիւն մը, որ ընդհանրապէս ոչ պատմութիւն, ոչ աշխարհագրութիւն, ոչ ալ գոյութիւն ունեցած է եւ կը սնանի ցեղապաշտութեամբ, որուն միակ զոհը հայութիւնն է։

Քաղաքականութեան մէջ ճիշդ է, որ չկան յաւերժական բարեկամներ եւ թշնամիներ, եղբայրական երկիրներ եւ հակառակորդներ։ Ճիշդ է, որ երեկուան թշնամին կրնայ վաղուան բարեկամը ըլլալ։ Սակայն երբ կը խօսինք Ատրպէյճանի մասին, ապա ի մտի կ՛ունենանք այն թշնամին, որ կը շարունակէ դռները բաց պահել հայ զինուորներու անարգական կերպարներով լեցուն «թանգարան»ը, իբրեւ ցուցանիշ իր հայատեացութեան, անկամեցողութեան եւ ցեղապաշտութեան։

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ են հոգելլկելու հայը։ Հայատեացութիւնը պետական գաղափարախօսութեան վերածած ատրպէյճանցին կը ջանայ մեզի պարտադրել «խաղաղութիւն» մը՝ իր պայմաններով, որպէսզի առաւել ստորնացնէ մեզ, թէ «տեսէք պարտեալը,որ ծունկի չոքած խաղաղութիւն կը խնդրէ»։

Ծունկի չոքած՝ խաղաղութեան չենք կրնար հասնիլ։ Հայատեացութեան ատրպէյճանական վարդապետութեան գոյութեան, խաղաղութիւնը անձնատուութիւն է։Այս տրամաբանութիւնը պատերազմի ընտրանքին այո ըսել չէ։Այս մօտեցումը թշնամիին ընդհանուր քաղաքականութեան մերժումն է, որպէսզի առաւել չստորնանանք, մեր ազգային արժանապատուութիւնը առաւել չոտնակոխուի։ Պատերազմ պարտուիլ չի նշանակեր թշնամիին անձնատուր ըլլալ եւ այո ըսել բոլոր պարտադրուած պայմաններուն։ Հայոց բանակին զինուորներուն թափած արիւնը մեր բոլորին ճիտին դրած է պարտք մը։ Առաւելաբար իշխանութիւններուն ուղղած է պատգամ մը, թէ յանուն խաղաղութեան կարելի չէ ոտնակոխել ազգային արժանապատուութիւնը եւ անձնատուր ըլլալ թշնամիին խարդաւանանքներուն։Երեւանի իշխանութիւնները յանուն խաղաղութեան Հայ Ազգը չեն կրնար խայտառակել։Իրաւունք չունին։

 

Happy
Happy
33 %
Sad
Sad
33 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
33 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles