Կիրակի, Սեպտեմբեր 22-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին , տեղւոյն Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ (Պէթէստա, Մէրիլէնտ) մէջ։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Աքթաւուգեան։ «Հայր Մեր»-էն առաջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մաղթանքի արարողութիւն եւ օրհնուեցան Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ դրօշները, զորս խորան մատուցին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտներն ու արենոյշները։
Խաչի զոյգ տօներուն՝ Վերացման Սուրբ Խաչի եւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօներուն միջեւ գտնուող այս Կիրակին կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձին։ «Հրամայական է որ Խաչի ոգին, որով արտայայտուեցաւ աստուածային անհուն սէրն ու զոհագործութիւնը, կարենանք մենք տառացիօրէն ապրիլ համագործակցութեամբ, որպէսզի մեզի ընծայուած անփոխարինելի նուէրը՝ հայրենիքի ազատութիւնը, պահպանենք որպէս երաշխիքը մեր ինքնութեան եւ փաստը մեր ինքնուրոյն դիրքին ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ», ըսաւ բարեջան Առաջնորդը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ Եկեղեցւոյ Տիկնանց եւ յարակից մարմիններու, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութեանց օժանդակութեամբ կազմակերպուած տօնավաճառին, քաջալերելով ամէնքին անսակարկ նուիրուածութիւնն եւ յանձնառութիւնը եկեղեցւոյ բարգաւաճման։