Պոսթընի Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան «Սարդարապատ» Կոմիտէի, «Համասզային»-ի, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի, Հայ Օգնութեան Միութեան «Լէօլա Սասունի» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերու, Հ․Ե․ Դ․-ի «Նժդեհ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ,Ապրիլ 11-ին տեղի ունեցաւ «1915-2024. Ի՞նչ փոխուած է» խորագրով յիշատակի միջոցառում, Արլինկթընի Հայկական Մշակութային Կեդրոնին մէջ։ Օրուան բանախօսն էր Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Ռաֆֆի Համբարեանը: Այս առթիւ, նաեւ ելոյթ ունեցաւ Պոսթընի «Զանգեր» մանկական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտ․ Արթուր Վերանեանի։
Տպաւորիչ էր Ռաֆֆի Համբարեանի խօսքը, որ շեշտեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընփացքին, նաեւ Վարշաւայի ապստամբութիւնն ու Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը։
Ան ըսաւ, թէ․ «109-ամեակ կը նշենք եւ դեռ նոյն վայրագութիւնները կը շարունակուին։ Սարսափելի զուգահեռ է․․․անցեալ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին պատահածներն ու 1915-ի Ցեղասպանութիւնը։ Այս բոլորը մարտահրաւէրներ են, որոնք կը փաստեն, թէ մենք որքա՜ն դիմադրողական ոգի ունինք եւ շարունակ կը պայքարինք մեր մշակոյթի եւ պատմութեան ջնջման դէմ:․․․Այսօր միասնաբար կանգնած, մենք ոչ թէ միայն կ՛ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակը, այլ նաեւ կը պայքարինք ներկայ դաժան պայմաններուն դէմ։
Մենք կը վերահաստատենք հաւատարմութիւնը այն արժէքներուն, որոնք կը պահպանեն մեր ազգային ինքնութիւնը՝ անհատի ազատութիւն, ազգային ինքնորոշում եւ արժանապատութիւն։ Ասոնք սոսկ խօսքեր չեն, այլ այն հաստատ սիուները, որոնց վրայ կը կառուցուի մեր ապագան՝ հեռու յուսահատութեան եւ այլասէրութեան ստուերէն:
Մեր վճռականությունն աւելի կ՛ամրապնդուի իր մշտական հաւատքով, որ խաւարը չի կարող վանել խաւարը, միայն լոյսն է, որ այդ մէկը կրնայ կատարել: Ատելությունը չի կարող վանել ատելութիւնը, այլ միայն սէրն է, որ այդ մէկը կրնայ: Այսօր մենք ընտրած ենք կանգնիլ այդ լոյսի ներքոյ՝ մղուած մեր երկրի հանդէպ սէրը, որ կը շարունակէ վառ մնալ։ Որքա՜ն թանկագին է մեր մշակութային ժառանգութեան ներքին արժէքը:
Ուստի, Առաջ կը շարժինք եւ կ՛առաջնոևդուինք մեր նախնիներու աննկուն ոգիով։ Անոնք 1918-ին բախեցան ահաւոր կացութեան, սակայն ապահովեցին մեր ազգի ինքնիշխանութիւնը: Մենք պէտք է շարունակենք պաշտպանել մեր հայրենիքը, պահանջել պատասխանատուութիւն եւ ապահովել, որ մեր կառավարութիւնը արտացոլէ իր ժողովուրդի կամքն ու կարողականութիւնը։
Եկէք միասին խոստանանք պաշտպանել Հայաստանի անվտանգութիւնը, ամբողջականութիւնը եւ ազատութիւնը։ Եկէք աջակցինք այն շարժումներուն, որոնք կը ձգտին ոչ միայն յիշել անցեալը, այլ ապահովել ապագան, ուր մեր ազգային արժանապատւութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը անառիկ են: Միշտ արթուն, թիկունք կանգնինք Հայ Դատին»։