Լրահոս

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Անդամները

Ապրիլ 21-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները` ուղեկցութեամբ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի:

Իր հայրական օրհնութիւնը տալով միութեան ներկայացուցիչներուն` կաթողիկոսը ընդգծեց, որ անոնց հայոց հոգեւոր կեդրոն այցելութիւնը վկայութիւնն է Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ որդիական սիրոյ եւ հաւատարմութեան:

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներուն` ամէն տարի Ապրիլ 23-ին  դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը ջահերով երթին կազմակերպման համար, որուն միջոցով բազմաթիւ հայորդիներ, առաջնորդութեամբ նաեւ եկեղեցականներու, իրենց յարգանքը եւ խոնարհումը կը բերեն Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ապահովութեան սպառնալիքներուն: Հայրապետը ընդգծեց, որ տիրող ծանր իրավիճակէն կարելի է դուրս գալ միայն հայրենիքի ապագայի տեսլականին շուրջ համազգային միաբանութեան հաստատման ճանապարհով` մեր կեանքէն հեռացնելով ատելութիւնը եւ թշնամանքն ու հատուածական շահերու նկրտումները:

Կաթողիկոսը պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցւոյ առաքելութեան, հայրենիքի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման վերաբերեալ Մայր Աթոռի ջանքերուն եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button