Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
16 Նոյեմբեր 2024
Ընկեր մը ե-նամակով ինծի յղած էր Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ոճրային յարձակումները պատկերող վաւերագրական ժապաւէն մը, պատրաստուած՝ ֆրանսեւգերմանական խումբի մը կողմէ:
Պէտք չունիմ այստեղ նկարագելու աւեր ու մահ սփռող այն յարձակումներուն հետւեւանքները, որոնք իսրայէլեան ոճրագործ իշխանութիւններուն կողմէ աշխարհին կը ներկայացուին ամէն օր՝ իբրեւ թէ զինեալներ կը հետապնդեն, զէնքի պահեստներ կ’ոչնչացնեն, մինչդեռ իրականութիւնը այն է, որ հազարաւոր քաղաքայիններ՝ կին, մանուկ, տարեցներ օր-ցերեկով կամ գիշերով կը ջարդուին աշխարհի աչքերուն առջեւ, հզօրներու լուռ կամ աղաղակող մեղսակցութեամբ: Նոյնը կը պատահի Կազայի մէջ: Զոհերուն համագումարը անցած է 50 000-ը, մեծ մասը՝ Կազայի մէջ: Իսկ բռնագաղթուածներու թի՞ւը…
Օրէնք մը կայ, որ կ’ըսէ, թէ ոճրագործին ձեռքը զէնք դնողը նո՛յնքան յանցաւոր է…:
***
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր շարունակուող սպանդներուն (Լիբանանի պարագային՝ ծանրագոյն փուլը արդէն աւելի քան մէկ ու կէս ամսուան պատմութիւն ունի) համապատկերը աչքի առջեւ ունենալով, միտքիս յուշամատեանին մէջ վերականգնեցան հաւաքական սպանդի նմանօրինակ պարագաներ, սկսելով Հիրոշիմա-Նակազաքիէն մինչեւ Վիեթնամի պատերազմ, Քամպոտիա, Ռուանտա եւ այլուր: Պետական իշխանութիւններու կողմէ գործադրուած հաւաքական սպանդի, պատերազմական գործողութիւններու հետ կապ չունեցող անմեղներու ողջակիզման դէպքերէն շատեր տեղ գտած են վաւերագրական յիշատակելի եւ խարանող ժապաւէններու շարքին: Այստեղ կ’ուզեմ առանցնացնել գոնէ երկուքը, առանց արհամարհելու բազում ուրիշներ:
Առաջինը «Սպանդի դաշտեր»-ն է, «Killing Fields», որ կը վաւերագրէր Քամպոտիոյ մէջ «Կարմիր Խմէրներ»ու եւ անոնց առաջնորդին՝ Փոլ Փոթի ահաւոր ոճիրները, 1976-էն 1979 տարիներուն: Վարչամեքենայ մը՝ որ իր իսկ ժողովուրդը սպանդի ենթարկեց (զոհերուն թիւին մասին տրուած են տարբեր տեղեկութիւններ՝ 1.5էն 2 միլիոն, թեւես ալ աւելի): 1984-ին պատրաստուած այս ժապաւէնին խորագիրը շուտով միջազգային մամուլի եւ քաղաքական դաշտի բեմ մտաւ իբրեւ խորհրդանիշ՝ անգթութեան, անիմաստ ջարդերու եւ պետական ոճիրի, գրգռեց դառն յիշողութիւնները այն տարբերակներուն, որոնք իրականացած էին Ճափոնի, Վիեթնամի մէջ եւ այլուր: Ժապաւէնին մէջ դեր վերցուցած էր ջարդերէն վերապրող մը:
Երկրորդը՝ «Ռուանտա պանդոկ»-ն է, “Hotel Rwanda” – պատրաստուած 2004-ին -, որ կը ներկայացնէ Ռուանտայի մէջ 1994-ին տեղի ունեցած ցեղասպանական այլ ոճիր մը, երբ Հութու եւ Թութսի ցեղախումբերուն միջեւ շուրջ 3 ամիս տեւած բախումները իրենց ետին ձգեցին շուրջ 800 000 զոհ, մեծ մասը՝ թութսիներէն:
Հաւանաբար Ուքրանիան ալ կը սպասէ ի՛ր ողբերոգութիւնը արդարօրէն ներկայացնողներու: Կան ուրիշներ ալ…
***
Բնականաբար չենք կրնար անտեսել Հայկական Ցեղասպանութիւնները (միայն 1915-ի փուլը չէ, այլ նաեւ մինչեւ օրս շարունակուողները, վերջինը՝ Արցախի հայաթափումը, անկէ առաջ՝ 44-օրեայ պատերազմին արձանագրուած սպանդը…): Անրի Վեռնէօյի «Մայրիկ»էն մինչեւ Ադոմ Էկոյեանի «Արարատ»ն ու այլ ժապաւէններ լայն արձագանգ գտած են շարժապատկերը աշխարհին ու միջազգային բեմին վրայ (կայ նաեւ Մարտիկանեանի վերայայտնուած հի՜ն ժապաւէնը), սակայն պէտք է ընդունինք, որ «Killing Fields»-ը զգեցած է այլ հասկացութիւն, ինչպէս ըսինք՝ դարձած է պետական ոճիրներու մէկ (նորագոյն) խորհրդանիշը, երկու բառով կը բացատրեն աշխարհի այս կամ այն երկրին մէջ տեղի ունեցած-ունեցող հաւաքական սպանդները:
Այսօր, հարց կը ծագի, թէ ո՞վ պիտի յանդգնի Իսրայլի «Killing Fields»-երուն մասին ժապաւէն պատրաստել եւ աշխարհին ներկայացնել, ցոյց տալու՝ թէ Փոլ Փոթերու արիւնահետք ժառանգութիւնը կը վերապրի Նեթանիահուներու եւ գործակիցներուն մէջ, Կազան ու Լիբանանը դարձած են մեր օրերու «Killing Fields»-երը: Նմանապէս՝ Արցախն ու Թուրքիոյ դրացի այլ երկիրներ:
Վաւերագրական ժապաւէններու պատրաստութիւնը (որոշ փորձեր եղած են ու կ’ըլլան) բաւարար չէ: Պէտք է կասեցնե՛լ սպանդն ու աւերը, այլ գործնական քայլեր առնել՝ զսպելու եւ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու ոճրագործ պետական մարդիկը: Հոս տեղը չէ երկար-բարակ պատմելու, թէ միջազգային ինչպիսի՛ վատ խաղեր ու միջամտութիւններ տեղի ունեցան «Կարմիր Խմերներ»ուն իշխանութեան հասնելուն մէջ, բայց գոնէ պէտք է նշենք, որ ոճրագործ վարչախումբը տապալեցաւ Վիեթնամի զինուորակակ միջամտութեան ճամբով (հոն ալ չմտնենք պատմական ծալքերու մէջ), անոր պարագլուխները դատական հետապնդումի ենթարկուեցան: Նոյն ճակատագիրին մատնուեցան Հիթլէրն ու գործակիցները, նոյնը՝ հաւաքական սպանդ սարքող այլ վարչախումբերու անդամներ…
Կասեցումի եւ պատժամիջոցներու բացակայութեան, «Killing Fiels»-րը պիտի կրկնուին, իսկ զանոնք քաջալերողները պիտի դասուին նոյնինքն ոճրագործներուն շարքին: Մենք՝ հայերս, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագեր՝ չենք կրնար դիտող մնալ կասեցումի պայքարին դիմաց, որովհետեւ Արցախն ալ «Killing Fields» է, նոյն սպառնալիքը կախուած է ամբողջ Հայաստանի գլխուն: