Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

0 0
Read Time:58 Second

 

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեանն ու իր վարչակազմը անգամ մը եւս ցնցեցին  Հայաստանն ու հայոց աշխարհը՝ բացայայտելով իրենց հերթական  միակողմանի զիջումերու պատրաստակամութիւնը։ Այս անգամ հերթը Տաւուշի մարզինն է։ ՀՀ ներկայ իշխանութեան վարած ազգակործան քաղաքականութեան հետեւանքով, թշնամիին կը յանձնուին ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, բան մը, որ պիտի յառաջացնէ անվտանգութեան լրջագոյն սպառնալիքներ։

Արցախի յանձնումը միայն սկիզբ էր։ ՀՀ իշխանութիւնը ամէն ձեւով մոռացութեան կու տայ  Արցախն ու Արցախի հարցը։ Արցախի իրաւունքներու արծարծման  եւ հետապնդման բացառիկ լիազօրութիւն ունին Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պետական մարմինները։ Այս մարմինները վարկաբեկելը եւ անոնց գործունէութիւնը խոչընդոտելը կը նշանակէ հրաժարիլ այդ իրաւունքներէն։

Արցախի կարգավիճակի եւ արցախահերու հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հարցերը հայութեան օրակարգի վրայ են եւ մինչեւ չլուծուին այդ հարցերը, չի կրնար արժանապատիւ եւ իրական խաղաղութիւն հաստատուիլ։

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, անցնող տարիներուն ընթացքին, բազմիցս զգուշացուցած է Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ թշնամիներէն եկող վտանգներուն եւ սպառնալիքներուն մասին, որոնց առջեւ գիտակցաբար եւ համոզումով տեղի կու տայ ՀՀ իշխանութիւնը։

Անհրաժեշտ է վերջ դնել ազգային արժէքներու եւ կառոյցներու դէմ պայքարելու քաղաքականութիւնը եւ կեդրոնանալ Հայոց բանակի մարտունակութեան բարձրացման եւ հզօրացման վրայ։

Համոզուած ենք, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բոլոր առողջ, ազգային ուժերու համախմբումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է։ Կայ միայն մէկ օրակարգ՝ հայկական պետականութեան փրկութիւնը։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
28 Մարտ, 2024

Happy
Happy
50 %
Sad
Sad
25 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
25 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles