Գիտնական, աստուածաբան, մշակութային գործիչ, մանկավարժ բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ արաբական աշխարհի մէջ ճանչցուած է Հաննա-Եուհաննա Վարդապետ անունով, իսկ Եւրոպայի մէջ՝ Ճոն-Ժան Ուորդապետ (John Wortabed) անունով։
Յստակ չէ, որ «Վարդապետ»ը եղած է մականո՞ւն՝ Վարդապետեան, որմէ «եան»-ը ջնջուած է, թէ՞ գործածուած է իբրեւ կրօնական-աստուածաբանական տիտղոս:
Յովհաննէս Վարդապետ ծնած է 1826-ին, Սայտա, Լիբանան: Ծնողներն են՝ կարգաթող Յակոբ եպիսկոպոս Բալուեցին (Պոլուցին) եւ լիբանանուհի Սիւզաննա Լըֆլուֆին: Ան կանուխէն կորսնցուցած է իր ծնողքը: Հայրը, որոշ աղբիւրներու համաձայն, եղած է բողոքական միսիոնար (աւետարանիչ) մը:
Յովհաննէս Վարդապետ նախնական ուսումը ստացած է ամերիկեան քարոզչուհի Ուայթինկի մօտ: Ուսանած է Պէյրութի մերձակայ Ապէյ գիւղի միսիոնարական քոլէճին մէջ: Իր ուշիմութեան շնորհիւ, ան կ՛արժանանայ միսիոնարներու գուրգուրանքին եւ անոնց կարգադրութեամբ կը մեկնի Սկովտիա, կ՛ուսանի էտինպարայի համալսարանին մէջ ու կը հետեւի աստուածաբանութեան: Ան քարոզիչ կը ձեռնադրուի եւ իբրեւ Սկովտիական եկեղեցիի միսիոնար՝ կը ղրկուի նախ Լիբանանի Հասպայա եւ Թրիփոլի քաղաքները, իսկ աւելի ուշ՝ Հալէպ, Սուրիա: Երկար չի տեւեր իր կեցութիւնը Սուրիա եւ Լիբանան: Ան Նիւ Եորք կը մեկնի տոքթ. Քորնելիոս Վան Տայքի անվերապահ աջակցութեամբ եւ կ՛ուսանի բժշկութիւն:
Նիւ Եորքի մէջ ան հեղինակած է բժշկական դասական՝ Gray’s Anatomy գիրքին արաբերէն տարբերակը:
Վկայուելէ ետք, կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը գործակցի Տանիէլ Պլիսի, տոքթ. Վան Տայքի եւ ամերիկացի այլ անձնաւորութիւններու, յատկապէս՝ բողոքական աստուածաբաններու եւ քարոզիչներու հետ:
1867-ին տոքթ. Վան Տայք, տոքթ. Ճորճ Փոսթ եւ տոքթ. Յովհաննէս Վարդապետ կը հիմնեն Պէյրութի Սուրիական Բողոքական քոլէճը: Անոնք կը դառնան նորաբաց քոլէճին ռահվիրաները: Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ քոլէճի հողամասի ընտրութեան եւ կառուցման մէջ: Ան երկար տարիներ կը ծառայէ քոլէճին, իբրեւ դասախօս:
Պլիսի, Տէյվիտ Սթիուըրթ Տաճի, Էտուին Լուիսի, Հարվի Փորթըրի, Ճորճ Փոսթի, Վան Տայքի եւ Վարդապետի տեսիլքով, մտայղացումով, նուիրուածութեամբ եւ անսակարկ ծառայութեամբ, նշեալ քոլէճը 1882-ին կը վերածուի Միջին Արեւելքի կրթութեան եւ ուսումի բարձրորակ համալսարանի՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան անուանակոչումով (American University of Beirut, AUB):
Բժիշկներ Վարդապետ, Փոսթ եւ Վան Տայք նաեւ հիմը կը դնեն Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին: Բժիշկ Վարդապետ հոն կը դասաւանդէ զանազան նիւթեր՝ մարդակազմութիւն, բնախօսութիւն, ախտաբանութիւն, դիազննութիւն եւ առողջապահութիւն:
1880-ին բժիշկ Վարդապետ հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղին մէջ ձարակի (պարուրաձեւ ճիճի, trichinosis) 262 պարագաներու ախտաճանաչումը կը կատարէ: Վարակուած հիւանդներէն վեցը կը մահանան: Այս տեղեկութիւնները օրին հրապարակուած են բժշկական «Լանսէթ» պարբերաթերթին մէջ:
1882-ի ամավերջի հանդէսին, բժիշկ Ե. Լեվիս եւ կը ջատագովէ Տարուինի եղաշրջումի (evolution) տեսութիւնը։ Բժշկական դպրոցի Խնամակալ մարմինը չի հանդուրժեր Լեվիսի մօտեցումները եւ կը պահանջէ անոր հրաժարականը: Այս հարցը մեծ իրարանցում կը ստեղծէ համալսարանէն ներս եւ այդ պատճառով Վարդապետ, Վան Տայք եւ այլ բժիշկներ իրենց հրաժարականը կու տան hամալասարանի Բժշկական դպրոցի ուսուցչական կազմէն: Խնամակալ մարմինը այս հրաժարականներուն դիմաց Ամերիկայէն կը հրաւիրէ խումբ մը ամերիկացի բժիշկ-ուսուցիչներ:
Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ Լիբանանի մէջ կը գործէ իբրեւ ընդհանուր բժշկութեան բժիշկ եւ իր բժշկական ծառայութիւնը ի սպաս կը դնէ ժողովուրդի առողջութեան եւ բժշկական խնամքին:
Ան եղած է աննկուն կամքի տէր: Ունեցած է ինքնազարգացումի մեծ պապակ: Եղած է բազմակողմանի զարգացումով գիտնական: Տիրապետած է հայերէնի, արաբերէնի, թրքերէնի, անգլերէնի, լատիներէնի, եբրայերէնի եւ յունարէնի:
Արաբական աշխարհի մէջ նշանաւոր եղած է իր բժշկական ուսումնասիրութիւններով:
Երկար տարիներ ապրելով Պէյրութի եւ արաբական այլ քաղաքներու մէջ, ան քաջածանօթ եղած է իսլամական եւ արաբական աշխարհին ու գրած է արաբագիտական նշանաւոր գիրքեր: Գրած է նաեւ արաբերէն եւ անգլերէն ուսումնասիրութիւններ եւ բժշկական գիրքեր:
Ան արտակարգ բարձր դիրքերու հասած է ո՛չ միայն Լիբանանի եւ Սուրիոյ, այլ նաեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Բժիշկ Վարդապետ եղած է Սուրիոյ Արաբական Լուսաւորչական կազմակերպութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ անոր փոխնախագահը, 1847-57-ին: Ան այս կազմակերպութեան ճամբով մեծ դերակատարութիւն ունեցած է գիտութիւններու եւ արուեստներու տարածման մէջ:
Ան եղած է Պէյրութի Սուրիական Գիտական ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ փոխնախագահը, 1867-1873-ին:
Եղած է Պէյրութի Գիտութիւններու Արեւելեան ակադեմիայի հիմնադիրներէն մէկը եւ փոխնախագահը, 1882-85-ին։
Եղած է Լոնտոնի Medical Society պարբերականի բժշկական-գիտական մնայուն թղթակիցը:
Արաբ ուսանողներու համար գրած է բնախօսութեան, մարդակազմութեան, դիազննութեան, առողջապահութեան եւ ախտաբանութեան դասագիրքեր:
Ան ուսումնասիրութիւններ կատարած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող շատ մը վարակիչ ու փոխանցիկ հիւանդութիւններու մասին: Իր ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են միջազգային համբաւ ունեցող բժշկական պարբերաթերթերու մէջ:
Ան նաեւ հրատարակած է անգլերէնէ արաբերէնի եւ արաբերէնէ անգլերէնի բառարան մը։
1853-ին, բժիշկ Վարդապետ կ՛ամուսնանայ կարգաթող Դիոնեսիոս եպիսկոպոս Կարապետեան դստեր՝ Սալոմէի հետ, որ ուսանած է Պէյրութի միսիոնարներու աղջկանց վարժարանը եւ ուսուցչութիւն ըրած է Մուսուլի մէջ, Իրաք: Ամոլը ունեցած է տասը զաւակներ, որոնք իրենց հօր նման եղած են ականաւոր անձեր՝ ուսուցիչ, գրագէտ, հիւանդապահուհի եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։
Բժիշկ Վարդապետ մահացած է Պէյրութ, 21 Նոյեմբեր 1908-ին: Անոր կիսանդրին կանգնած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջափակին մէջ:
1992-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի տնօրէնութիւնը հրատարակած է The Founding Fathers յիշատակի գիրքը՝ համալսարանին հիմնադրութեան 125-ամեակին առթիւ: Գիրքին մէջ յիշատակուած է, որ բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ եղած է համալսարանին եօթը հիմնադիրներէն մէկը:
Պէյրութի փողոցներէն մէկը կը կրէ բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետի անունը:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. «Վիքեփեդիա», Ազատ հանրագիտարան, «Յովհաննէս Վարդապետ Հաննա»:
2. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Հայազգի Բժիշկ-գործիչներ․ Յովհաննես (Հաննա) Վարդապետ», Երեւան, 2020.
3. Աղաւնունի, Մկրտիչ, եպս․, «Միաբանք Եւ Այցելուք Հայ Երուսաղէմի․ Յակոբ Վրդ. Պոլուցի»։
4. AV Production, , «Յովհաննէս Վարդապետեան, Աստուածաբան, Բժիշկ», Երեւան։
5. The Founding Fathers of the American University of Beirut, AUB’s 125-th anniversary celebrations in 1992, AUB, Beirut, Lebanon, 1992.
6. Kestenian, Hratch, A Portrait of Armenian Student Life at the Syrian Protestant College 1885-1920″, Beirut, Lebanon, 2015.
7. AUBFM, Dr. John Wortabet is one of the founders of faculty of medicine of AUH, Beirut, Lebanon, April 6, 2017․
8. Armenian, K., Haroutune and Aftim Acra, From the Missionaries to the Endemic War: Public Health Action and Research at the American University of Beirut, Journal of Public Health Policy, Vol. 9, No. 2 (Summer, 1988), pp. 261-272.