«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․-  Հ.Յ.Դ. ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԿՈՄԻՏԷԻ 45¬ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

0 0
Read Time:3 Minute, 4 Second

Գրեց՝ Ա. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

 

Մեր կարեւորագոյն կոմիտէներէն մէկի 45-ամեակը կը տօնուի այս Կիրակի։

Նիւ Եորքի կոմիտէն հանդիսացած է Ամերիկայի մեր կազմակերպութեան հաստատուն սիւներէն մին։ Ան ոչ միայն ղեկավարած է եւ իր բարոյական ազդեցութեան տակ առած է իրեն անմիջապէս դրացի հայ գաղութները՝ Պրուքլին, Պրանքս, Նիւ Ճըրզի եւ հեռաւոր շրջանները, այլ նաեւ ընդհանուր Ամերիկայի մեր քաղաքականութեան գլխաւոր ազդակներէն մին հանդիսացած է։

1915¬16 թուականներուն Նիւ Եորքը հանդիսացած է կամաւորական շարժման գլխաւոր կեդրոնավայրը։ Հոն կը հաւաքուէին երիտասարդ հայեր Ամերիկայի զանազան շրջաններէն՝ նաւ նստելու եւ դէպի ռազմավայր ճամբայ ելնելու համար։ Անոնց սենեակներու, ապրուստի, անցագրի եւ այլ դժուարութիւններու մէջ դեր խաղցան Նիւ Եորքի կոմիտէի ղեկավար ընկերները։

Այս մեծ կոմիտէն, անշուշտ կեդրոնի հրահանգով, կազմակերպեց եւ յաջողութեամբ առաջ տարաւ Հայկական Փրէս Բիւրոյի գործերը՝ մեծապէս նպաստելով մեր հարցի պրոպագանդային։ Կազմակերպեց նաեւ օտար ազդեցիկ անձնաւորութիւններէ բաղկացած եւ հայ անկախութիւնը պաշտպանող մարմին մը, որ իր ճիւղերն ունէր Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ։ Ան կրցաւ իր շուրջը հաւաքել բազմաթիւ չէզոք եւ մեր դատին համակիր հայ ղեկավար տարրեր եւ անհրաժեշտ պարագաներուն օգտագործել անոնց ուժերը։ Ան իր աշխատանքները տարաւ նաեւ հայ նոր սերունդի մէջ՝ վառ պահելով հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան զգացումները։ Ան միաժամանակ կատաղի պայքար մղեց մեր բոլոր հակառակորդներու դէմ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին, ճակատի վրայ, միշտ իբրեւ պահակ կանգնելով հայ ժողովրդի շահերուն։ Եւ, վերջապէս, ան յաճախակի մասնակցելով Կ. Կոմիտէներու կազմին, կրցաւ իր ազդեցութիւնն ունենալ մեր վարելիք քաղաքականութեան վրայ։

Եթէ պատմագիր մը կարողանայ մանրամասն ուսումնասիրել Նիւ Եորքի մեր կոմիտէի 45 տարուան կեանքը, ծանօթանայ անոր յաղթանակներու եւ պարտութիւններու, անոր վերելքի եւ վայրէջքի հետ, պիտի գայ այն եզրակացութեան, որ Նիւ Եորքի կոմիտէն ապրած է արդիւնաւոր կեանք մը եւ կարեւոր դեր մը կատարած է մեր գաղութի եւ կազմակերպութեան մէջ։

Մաղթելով Նիւ Եորքի կոմիտէին յաջողութիւն իր ներկայ ձեռնարկին մէջ՝ ես յոյս ունիմ, որ ան պիտի շարունակէ խաղալ իր կարեւոր դերը հայ կեանքի մէջ։

Մարտ 24, 1939

 

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԽՕՍՔ

Գրեց՝ Յ. ԿՈԲՈՅԵԱՆ

Իննիսունական թուականներու կիսուն, բուռ մը համեստ, բայց հոգիով հարուստ ընկերներու  նախաձեռնութեամբ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Նիւ Եորքի կոմիտէի հիմքը դրուեցաւ այս քաղաքին մէջ։

Հալածական՝ ի խնդիր տնտեսական եւ քաղաքական ազատութեան, մոռցած իրենց ամէնօրեայ անձնական¬ընտանեկան սուր կարիքներն ու ստիպողական պահանջները, մեր այդ ընկերները, հազիւ թէ այս հիւրընկալ երկրի մէջ ապաստան գտած, հոգեբուխ աշխատանքի լծուեցան՝ չխնայելով իրենց ե՛ւ ժամանակը ե՛ւ հանգիստը ե՛ւ նիւթականը։

Շնորրհիւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հզօր գաղափարականին, անոր համատարած ազդեցութեան, Նիւ Եորքի կոմիտէն տարուէ տարի ուռճացաւ, ընկերներու թիւը բազմացաւ, եւ իր բեղուն ու յարատեւ աշխատանքով, ան դարձաւ այս գաղութին ամենամեծ կազմակերպութիւններէն մէկը։

Նիւ Եորքի կոմիտէի նախաձեռնութեամբ առաջին հանգանակութիւնը կատարուեցաւ Պանք Օթոմանի հերոսներուն համար։ Նուիրատուներուն մէջ էին ծանօթ առեւտրականներ, բժիշկներ, որոնք մասնակցեցան այդ ձեռնարկին՝ 50-ական, 25-ական, 20-ական եւ 10-ական, իսկ համեստները, գործաւորները՝ 5-ական եւ 2-ական տոլարով։

Յաջորդական տարիներուն, բացի կուսակցական, յեղափոխական նպատակներու համար եղած հանգանակութիւններէն, որոնց շարունակ առատաձեռնօրէն մասնակցեցան թէ՛ ընկերները եւ թէ՛ ոչ ընկերները, Հ.Յ.Դ. Նիւ Եորքի կոմիտէն կազմակերպեց Սասունի կռուող ֆետայիներու, քաղաքական բանտարկեալներու, Կովկասի կռուողներուն, ազգային Բիւրոյին, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին եւ համագաղութային բնոյթ ունեցող այլ հանգանակութիւնները։ Այդ ամէնուն համար ալ միշտ նախաձեռնողի, ղեկավարի աշխատանքը ստանձնեց Նիւ Եորքի կոմիտէն՝ առաւելագոյն զոհողութեան պարտադրելով իր ընկերները։

Նիւ Եորքի կոմիտէն նաեւ սատարեց իր պատկան գաղութի մտաւոր¬դաստիարակչական գործին։ Գաղութահայ կեանքին մէջ սեփական ակումբ, գրադարան ունենալու պահանջը առաջին անգամ որդեգրողը ու հաստատողը ան եղաւ։ Աւելի քան 35 տարիներէ ի վեր ան ունի ակումբ, իսկ անոր կողքին՝ սեփական ճոխ ու բազմակողմանի գրքերով ու հաւաքածոներով հարուստ գրադարան։

Ու այս ամէնը ընկերներու բազառիկ նուիրատուութեամբ, գաղութին օգտակար ըլլալու, անոր մտաւոր պաշարը աւելցնելու, զայն շարունակ հայրենիքին հետ կապուած պահելու, եւ հայ անցեալով ու ներկայով ընդմիշտ հետաքրքրելու համար։

Տարիներու այս յամառ աշխատանքին, խոր զոհաբերութեան եւ օգտաշատ ծառայութեան համար է ահա, որ Նիւ Եորքի կոմիտէն հայ հասարակութեան կը ներկայանայ այս Կիրակի՝ տօնելով իր 45-ամեակը։

Յարգա՜նք Նիւ Եորքի կոմիտէի հիմնադիր ընկերներուն։

Պատի՜ւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարականին, անոր դրօշակը միշտ բարձր ու անաղարտ պահողներուն։

Օգոստոս 22, 1908 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles