ՆՇՄԱՐ.- ՀԱԿԱ-ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ

0 0
Read Time:4 Minute, 34 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

18 Մարտ 2024

 

Եկէ՛ք, համաձայնինք: Ինչ որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս՝ հայկական աշխարհի տարածքին, այդ ալ՝ Երեւանի իշխանաւորներուն «հնարամտութիւններուն» շնորհիւ, համազօր է ՀԱԿԱ-ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ-ի:

Երբ Սարդարապատ կ’ըսենք, մեր մտապատկերին մէջ անմիջապէս կ’ուրուագծուին բազմաթիւ խորհուրդներ եւ անկորնչելի աւանդներ: Թուենք մէկ քանին.

  • Սարդարապատ կը նշանակէ Արամ Մանուկեան եւ կողքին կանգնող քաղաքական ու զինուորական (ներառեալ ֆետայիներու) ղեկավարներ:
  • Սարդարապատ կը նշանակէ ժողովուրդի միասնութիւն եւ միահամուռ ճակատում՝ Ցեղասպանութիւնը լրումին հասցնելու ելած թուրք թշնամիին դէմ:
  • Սարդարապատ կը նշանակէ հայութեան քաղաքական կեանքը մարմնաւորող եւ գաղափարականօրէն իրարու հակադրուող, այլապէս հասարակաց լեզու չգտնող կուսակցութեանց ձեռքերու միացում՝ նոյն թշնամիին դէմ, ի խնդրի ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈՒ ԱԶԳԻ ՄՆԱՑՈՐԴԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ:
  • Սարդարապատ կը նշանակէ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, այսինք՝ հայութեան ձեռքին մնացած բոլոր հողամասերէն՝ երիտասարդին ու տարեցին, կնոջ ու պատանիին համախմբումը՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ՊԱՅՔԱՐԻ դաշտին մէջ: Պայքար՝ որ աւարտեցաւ անվիճելի յաղթանակով:
  • Սարդարապատ կը նշանակէ Ղեկավարութիւն-Ժողովուրդ (երկուքն ալ գլխագիրով) համերաշխութիւն, մէկզմէկ լսելու, զիրար ամբողջացնելու վճռակամութիւն: Եւ ատիկա իրականացաւ՝ որովհետեւ ղեկավարութիւնը գիտէր թէ ինչպիսի՛ առաքելութիւն ինկած է իր ճիտին, իսկ ժողովուրդն ալ, հակառակ թերուս ըլլալուն եւ երբեմն գեղջկական որակուած իր մտայնութեան՝ գիտէր, թէ պէտք էր հաւատալ ու հետեւիլ հայրենապաշտպան իր ղեկավարներուն, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, երկուքին պայքարն ու պահանջները, տեսլականները նոյնացած էին:
  • Սարդարապատ կը նշանակէ… Բայց ինչո՞ւ շարունակել պատմական ճշմարտութեանց, մեր ժողովուրդի հոգիին եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ մէջ ամրագրուած աւանդներուն ցանկագրումը:

***

Այսօրուան իրականութիւնները, դէպքերու գահավէժ ընթացքը  ցոյց կու տայ, որ տեղի կ’ունենան բաներ, որոնք հականիշն են վերը յիշուածներուն (շարունակելէ առաջ շեշտենք, որ կորուստներն ու անոնց հեղինակները ցարդ չտեսնողները մի՛շտ հրաւիրուած են բանալու իրենց աչքն ու արթնցնելու միտքը):

  • Իշխանութիւնը բաժանուածութիւն ցանեց ու կը շարունակէ առատօրէն հնձել:
  • Իշխանութիւնը դարձած է պարտութեան ու տեղատուութեան քարոզիչ, փուլ առ փուլ կ’իրականացնէ իր քարոզածը: Տակաւին կա՞ն կասկածողներ, թէ ասոնց ըրածը համապատասխան է թշնամիին ծրագիրներուն, այս վարչախումբը ամէն քայլափոխի դարձած է թշնամիին կամակատարը, անոր իրերայաջորդ պահանջներուն դիմաց ընկրկողն ու ետքայլ ընողը…
  • Հակա-սարդարապատին նորագոյն կիրակումները տեղի կ’ունենան բոլորիս աչքերուն առջեւ: Եթէ Արցախը «հեռու տեղ» մըն էր, եւ շատերուն համար մարսելի էր՝ «Արցախը բեռ է, պէտք է տանք որ խաղաղ ապրինք» ցնդաբանութիւնը, հիմա, արդէն Հայաստանի պատառ-պատառ յանձնումը նորագոյն փուլ թեւակոխած է: Իշխանապետը սկսած է ժողովուրդը համոզել, թէ այսինչ կամ այնինչ գիւղերը երբեք Հայաստանին չեն պատկանած, պէտք է յանձնենք, որպէսզի հանգիստ ապրինք: Երէկ Գորիս-Կապան եւ Հայաստանի հարաւային սահմանամերձ շրջաններն էին, մինչեւ Ջերմուկ: Այսօր Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերն են համադամներու սեղանին: Վաղը կարգը պիտի գայ Տիգրանաշէնին եւ… շղթան երկար է, ծանօթ է բոլորիս:
  • Հակա-Սարդարապատի դրսեւորումներէն մէկն ալ այն է, որ «կրակը ինկած տեղը կ’այրէ» միայն, որովհետեւ իշխանաւորներուն քարոզարշաւները բթացուցած են շատերը: Մարդոց հոգեկան աշխարհին մէջ նստած է այն, որ «ինծի ի՜նչ, թէ ինչ պատահեցաւ Արցախի մէջ, ինծի ի՜նչ, թէ սիւնեցիք ինչե՜ր կորսնցուցին, ինծի ի՜նչ, թէ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն գլխուն ինչ պիտի գայ»:
  • Հակա-Սարդարապատեան նոյն հոգեբանութիւնը համակած է նաեւ ժողովուրդի տարբեր խաւերը եւ մարդիկ կ’ըսեն. «Ինծի ի՜նչ, թէ փոխադրամիջոցներու սակերը կը բարձրանան»: «Ինծի ի՜նչ, թէ թոշակառուներուն եկամուտը բաւարար չէ, կամ՝ անոնց դիմաց ստեղծուած՝ առեւտուր ընելու թեքնիք դժուարութիւնները տագնապներ կը ստեղծեն»: «Ինծի ի՜նչ, թէ բազմահազար ընտանիքներ նահատակներ տուին պատերազմներուն»: «Մեզի ի՜նչ, թէ Հայաստանի սահմանները կը նեղնան, իսկ Եռաբլուրի տարածքը կը բազմապատկուի»: «Մեզի ի՜նչ, թէ ազերիները ազատ չեն արձակեր հայ գերիները»: «Մեզի ի՜նչ, թէ դասագիրքերը հակազգային կը դառնան, պետական համալսարանի շէնքը կրնայ վաճառքի հանուիլ, վաղն ալ Ծիղեռնակաբերդի ու Սարդարապատի յուշակահամալիրները կրնան քանդուիլ, որովհետեւ թշնամին կը պահանջէ մոռնալ Արարատը, Ցեղասպանութիւնը, կը պահանջէ իր կամքին համաձայն սահմանադրութիւն մը պարգեւել Հայաստանին»: Նախիջեւանի ու Արցախի պատմական կոթողներու փոշիացո՞ւմ… մեզի ի՜նչ:
  • Մէկ խօսքով, ԲՈԼՈՐ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒՆ վրայ Սարդարապատ յուշող դէպքերն ու վիճակները ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ դիմագրաւելու եւ միակամ պայքարի լծուելու ոգին քանդուած է: Արամ Մանուկեաններու անժամանցելի կոչերուն կրկնութիւնը իր դիմաց կը գտնէ «տարբաղադրուած» եւ կամազրկութեան տարուած ժողովուրդ մը (չբանանք կուսակցութեանց թիւի սրարշաւ աճը, կուսակցութիւններ՝ որոնցմէ շատեր շինծու են, կամ, լաւագոյն պարագային, ստեղծուած են բարի նպատակով մը, առանց գաղափարական կամ ժողովրդային ամուր յենարանի: «Գաղափարակա՞ն, սա ի՞նչ պտուղ է…»):
  • Հակա-Սարդարապատեան այս հոգեվիճակը, առաւել կամ նուազ չափով, վարակած է հայկական Սփիւռքը (Սարդարապատի օրերուն այսօրուան Սփիւռքը չունէինք): Հակառակ այս կամ այն ճիգին, շարժումի փորձին, ընդհանուր շարժումը՝ Սարդարապատը այսօ՛ր վերականգնող համատարած շարժումը կ’ուշանայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արտերկրի մէջ, հոս-հոն բխածն ալ շուտով կը ցամքի: Մինչդեռ, մեր հայրենիքին դիմագրաւած Սարդարապատ(ներ)ը պայքարի նոյն խրամատներուն մէջ կը կանգնեցնեն ողջ հայութիւնը՝ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան մօտակայ եւ հեռաւոր ափեր, կը խրախուսեն պայթեցնել ՇԱՐԺՈՒՄ մը, որ պիտի քանդէ մասնակի պատուարները եւ մեր պահանջներն ու իրաւունքները պիտի դարձնէ հնչեղ, ի հեճուկս մեր թշնամիներո՛ւն, ի հեճուկս անոր զօրակցողներո՛ւն, ի հեճուկս այդ բոլորին հլու կամակատարը դարձած իշխանական խմբակի՛ն:

***

…Եւ արդեօք հակա-Սարդարապատ չէ՞ այն, որ «ձեր հողերը ազերիներուն պիտի տանք» ըսողները բրածեծի չեն ենթարկուիր՝ տուն-հող կորսնցնելու սեմին կանգնած բնակիչներուն, զանգուածին (ո՛չ ամբոխին) կողմէ: Մինչդեռ սարդարապատեան կամքը պիտի թելադրէր, որ, օրինակի համար, Հայաստանի բոլոր շրջաններէն՝ վաղահաս նոյն վտանգին ենթականեր՝ իրենց բիրերով վազէին Տաւուշ կամ այլուր (զէնքը թշնամիին դէմ է): Եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի այս տողերը դիտել իբրեւ վայրագութեան, բրտութեան կոչ: Հին խօսք է. «Որ ոչ լուիցէ ունկամբ` լուիցէ թիկամբ»(*):

ՀԱՅՐԵՆԻ՛ՔԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆՔ, ԺՈՂՈՎՈ՜ՒՐԴ: Իրերայաջորդ Սարդարապատներ կը շարեն մեր դիմաց: Ե՞րբ է ազգովին ոտքի կանգնելու եւ հայրենիքին տիրութիւն ընելու պահը, խօսքէն գործի՛ անցնելու ժամը: Մեր գլուխը մե՛ր եղունգներով պիտի քերենք, այլապէս… ֆութպոլի, պասքէթի ու թենիսի մրցաշարքերը պիտի շարունակուին իրենց ճամբով, եւրոպացիք իրենց գլուխը պիտի քերեն ապրուստի սղութեան դէմ գործադուլով ու ցոյցերով, ուքրանացիք եւ կազացիք պիտի շարունակեն նահատակուիլ, փոթորիկները պիտի պատուհասեն այս կամ այն երկրամասը, իսկ ասկէ-անկէ՝ խաղաղարար բանագնացներ խօսքի նոր ապուրներ պիտի բերեն Հայաստան…: Սայաթ Նովայի բառերով՝ «…Աշխարհիս մէ մազ չի պակսի», բայց Հայաստանն ու Հայ ազգը կրնան պակսիլ:

 

 

(*) Ան, որ ականջով չի լսեր, թիկունքով (այսինքն՝ կռնակին հարուածներ ստանալով) կը հասկնայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
100 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles