Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Դիւաններու Ժողով Փրովիտենսի Մէջ․- Յուլիսի Նաւասարդեան Խաղերու Նախապատրաստական Աշխատանքներու Ներկայացում

0 0
Read Time:2 Minute, 48 Second

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Փրովիտենսի մասնաճիւղը հիւրընկալեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 2024 տարեշրջանի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի վարչութիւններու դիւաններու ժողովը, կազմակերպուած Շրջանային Վարչութեան կողմէ, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 9-ին, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Արամեան սրահին մէջ:

Ժողովին ներկայ էին Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Գաբրիէլ Քահանայ Նազարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վահէ Թանաշեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Եղբ. Վիգէն Խաչատուրեան, եւ անդամներ՝ Կալին Թաշեան, Վահէ Անտոնեան, Քրիս Գրիգորեան, շրջանային սկաուտական խորհուրդէն ատենապետուհի՝ Լոռի Փիլիպոսեան, եւ անդամ՝ Ադամ Աքչեան, շրջանային մարզական յանձնախումբի ատենապետ՝ Արի Մինասեան. Շրջանային արհեստագիտական եւ տեղեկատուական (IT) յանձնախումբի անդամ՝ Հարութ Թաշեան, հանրային յարաբերութեան (PR) յանձնախումբի անդամ՝ Նորա Դարբինեան:

Ինչպէս նաեւ Նիւ Ճրզի, Նիւ Եորք, Պոսթոն, Փրովիտենս, Ֆլորիտա, Ֆիլատելֆիա, Ուաշինկթըն եւ Տիթրոյթ մասնաճիւղերէն, նաեւ Մէռիմաք Հովիտ միաւորէն՝ վարչական ներկայացուցիչներ:

Ժողովի պաշտօնական բացումը յայտարարեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Վիգէն Խաչատուրեանը, ժողովականները նախ երգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգը, ապա Տէր Հայրը սրտի խօսքը յայտնեց ժողովականներուն եւ Տէրունական աղօթքով օրհնեց ժողովը:

Այս արդիւնաբեր ժողովին, Շրջանային Վարչութիւնը խօսք ուղղեց բոլոր մասնաճիւղերու Վարչութիւններուն հետեւելու բոլոր շրջաբերականներուն, որպէսզի յաջողութեամբ արձանագրուին մարզական եւ սկաուտական աշխատանքները: Օրուայ օրակարգը կը ներառէր Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, շրջանի նիւթական իրավիճակն ու գործունէութեան նախագիծը, յարաբերական եւ կազմակերպական ուղեցոյցերը, Երիտասարդական միաւորի ծրագիրը, Շրջանային Մարզական Յանձնախումբի զեկոյցը, 2024 Նաւասարդեան 32-րդ խաղերը Փրովիտենսի մէջ, Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ Խաղերը 2025-ին Հայաստան, հանրային յարաբերութիւնը (PR), արհեստագիտական տեղեկատուական նախաձեռնութիւնները (IT), «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը, «Հայրենիք» եւ «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթերը, անդամական ցուցակի թուայնացումը, Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի նախագիծը, 2024-ի Շրջանային բանակումը եւ մասնաճիւղերու կազմակերպական մարտահրաւէրները:

Ճաշի դադարին, պատուիրակութիւնները միասնաբար այցելեցին տեղւոյն մասնաճիւղի սկաուտական գործունէութիւնը, սկաուտները կանչերով հիւրերը դիմաւորեցին, մասնաճիւղի խմբապետուհին՝ Անահիտ Տոնոյեանը ողջունեց հիւրերը և հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Վիգէն Խաչատուրեանը,  որ փոխանցէ վարչութեան խօսքը ապա հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վահէ Թանաշեանը, որ իր կարգին փոխանցեց իր սրտի խօսքը:

Դիւաններու ժողովի ընթացքին, Փրովիտենսի Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ՝ Կարօ Թաշեան մանրամասն զեկուցեց յանձնախումբին եւ վարչութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, խրախուսելով բոլորը որ մեծ խանդավառութեամբ ու կորովով պատրաստուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանի Նաւասարդեան խաղերուն, Յուլիս 4-7, 2024-ին որ յաջողութեամբ պսակուին մարզական խաղերը:

Ամերիկայի Արեւելեան շրջանէն եւ Գանատայէն կ’ակնկալուին աւելի քան 750 սկաուտներ, մարզիկներ, եւ անդամներ որոնք պիտի մասնակցին ոտնագնդակի, Կողովագնդակի (պասքեթ), արկագունդի (վոլի), աթլեթիզմի, լողի եւ ճատրակի մրցումներուն, վստահ ըլլալով որ անոնք  պիտի անցնեն յաջող եւ հաճելի ժամանակ իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բարեկամներուն եւ համակիրներուն հետ: Ընկերային յանձնախումբը կազմակերպած է զանազան ձեռնարկներ հայկական հաճելի մթնոլորտ ստեղծելու համար: Ուրբաթ Յուլիս 5-ի երեկոյեան The Strand Ballroomի մէջ, Մոնրէալէն սիրուած երգիչ՝ Սագօ Թաշճեան եւ իր նուագախումբը, պիտի խանդաւարեն երեկոն. իսկ Շաբաթ Յուլիս 6-ի երեկոյեան The Strand Ballroomի մէջ տեղի պիտի ունենայ պարահանդէս, մասնակցութեամբ Հայաստանէն սիրուած երգիչներ՝ Նէրսիկ եւ Արաբո Իսբիրեաններ իրենց նուագախումբով, որոնք՝ իրենց հայաշունջ յայտագիրներով ներկաներուն պիտի պարգեւեն անմոռանալի երեկոներ:

Վերոնշեալ մարզական խաղերուն պիտի յիշատակուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 105-ամեայ ծառայութիւնը Հայ ազգին, ուր մեծահասակ թէ փոքրահասակ տարիքի բոլոր խաւերը առնջուած եղած են մեր ազգային առօրեային հետ: Ձեր աջակցութեամբ, քաջալերութեամբ եւ գաղութային համագործակցութեամբ, պիտի կարենանք յաջողութեամբ պսակել այս մարզական խաղերը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուս փափաքն է որ մեծ խումբերով մասնակցիք եւ քաջալերէք այս մարզական խաղերն ու խրախճանքները, ինչպէս նաեւ արձանագրելով ձեր սրտագին բարեմաղթութիւնները յուշամատեան գրքոյկին մէջ: Կրնաք այցելել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նաւասարդեան խաղերու կայքէջը www.navasartianeusa.com եւ ստանալ բոլոր մանրամասնութիւնները:

Մեծ ակնկալութեամբ կը սպասենք միասնաբար անցնելու Յուլիս 4-7, 2024 շաբաթավերջը Փրովիտենսի մէջ:

ժողովը վերջ գտաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:

Յ․Խ․

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles