Հ.Մ.Ը.Մ․ Տիթրոյթ․- Արցախի Օրուան հանդիսութիւն

1 0
Read Time:1 Minute, 31 Second

 

 

Հ.Մ.Ը.Մ․-ի Տիթրոյթի վարչութեան կազմակերպութեամբ այս տարի եւս նշուեցաւ «Արցախի օր»-ը։ Կիրակի, Մարտ 3-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Արցախեան ազատամարտի բագինին իրենց կեանքը զոհաբերած հին ու նոր նուիրեալներու յիշատակին։ Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց հոգեճաշը, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Լիլիան Առաքելեան սրահին մէջ։

Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի ներկայացմամբ եւ Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներու երգեցողութեամբ։ Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան, Հ․Յ․Դ․ «Ազատանարտ» կոմիտէի ատենապետ Սեպուհ Հացագործեան, Հայ Կեդրոնի վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Ուրլեան, Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Միշիկընի Հայ Դատի գրասենեակի ատենապետուհի Ծովինար Հացագործեան, Տիթրոյթի Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհի Շողեր Ուրլեան, Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի ատենապետուհի քոյր Լոռի Փիլիպոսեան, Հ.Մ.Ը.Մ․-ի Վարչութեան եւ Սկաուտական  Խորհուրդի անդամներ, ծնողներ եւ համակիրներ։

Հ.Մ.Ը.Մ․-ի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Շանթ Ժամկոչեան, որ շեշտեց Արցախը ամէնուր օրակարգի վրայ պահելու եւ սփիւռքեան բոլոր հարթակներով արծարծելու հրամայականը։

Սկաուտական կանչերն ու «Գինի լից»-ի երգեցողութիւնը խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին ե՛ւ սկաուտներուն ե՛ւ հանդիսականներուն մօտ։

«Արցախի օր»ուան պատգամը փոխանցեց ընկ. Սեպուհ Հացագործեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Արցախի հիմնահարցին ու հոլովոյթին, զուգահեռներ գծեց Արցախեան պայքարի հանգրուաններուն միջեւ եւ լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ մարտահրաւէրները։

Տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեանի պատգամին եւ օրհնութեան յաջորդեց աստիճաններու տուչութիւնը՝ հետեւեալ կարգով.-

Մասնաճիւղի խմբապետ՝ Նարեկ Պասմաճեան

Փոխ խմբապետուհի՝ Կասիա Ոսպիկեան

Փոխ խմբապետ՝ Արմէն Չոփճեան

Աքէլա՝ Նարօտ Քէյվանեան

Առաջնորդ՝ Փաթիլ Ժամկոչեան եւ Արեգ Ուրլեան

Փոխ Առաջնորդ՝ Կարէն Կիւլեան եւ Սագօ Տօնիկեան

Սկաուտական երդում տուին նորընծաներ՝ Վանայ Մանուկեան, Վարդենի Կիւլեան, Մէյրի Տօնիկեան, Միւռօն Տօնիկեան, Լեւոն Ժամկոչեան, Էտօ Պետրոսեան, Դրօ Հացագործեան եւ Պերճ Ուրլեան։

Արենոյշ փոխանցուեցաւ Էլօ Տօնիկեան։

Գայլիկ և Արծուիկ խոստում կատարեցին Նարեկ Գէորգեան, Լարա  Գէորգեան, Սեւան Ուրլեան եւ Ծիա Հացագործեան։

«Արցախի օր»-ուան նուիրուած այս հոգեպարար հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ․-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

Թղթակից

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles