«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ»-Ը ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second

 

Ամէն տարի, Լուսաւորիչ հայրապետին մուտն ի վիրապի եւ «Անթիլիասի Ուխտի Օր»-ուան տօներուն առթիւ, հաւատացեալներ, իրենց ծխային եկեղեցիներուն Սուրբ Պատարագի աւարտին, կ՚ուղղուին Կաթողիկոսարան՝ Անթիլիասի Մայրավանք՝ ստանալու համար Վեհափառ Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ թափօրով բաշխուած սուրբին օրհնութիւնը եւ Սուրբ Աջով կատարուած օրհնուած ջուրէն բաժին մը։

Անկրկնելի եւ անփոխարինելու անհուն լիցքաւորում մըն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերուելուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակները անոր օրհնութիւնը ստանալուն եզակի առիթով։ Մեծ սուրբին Խոր Վիրապ մուտքը, կրած չարչարանքներուն դէմ անոր յաղթանակը եւ Հայաստան աշխահին մէջ քրիստոնէութեան պետականացումը մեր հաւատքին մէջ ամրանալու հրաւիրող միակ ազդակները չեն միայն, այլ նաեւ սուրբին մասունքները պատմութեան փոթորիկներուն ընդմէջէն հրաշքով գտնուիլը, մեզի հասնիլը եւ անոր օրհնութիւնը մեր վայելելը եւս։ Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ, հակառակ մեր բազմաթիւ կորուստներուն, զուրկ չենք մնացած սուրբ հայրապետին օրհնաբաշխ Աջէն։

Առ այդ, Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի։ Եկեղեցական արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

Յաւուր պատշաճի խօսուած իր քարոզին մէջ Մակար սրբազան, առաջին հերթին, գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ, իբրեւ ուխտաւոր, առիթ շնորհեց մեզի նշելու յիշեալ զոյգ տօները։ Թէկուզ սուրբին կրած չարչարանքներուն տօնն է մեր նշածը, սակայն այդ չարչարանքներէն բխած արդիւնքն է մեզ տօնական մթնոլորտով պարուրողը՝ ըսաւ ան եւ մէջբերեց օրուան ճաշու ընթերցումէն Քրիստոսի յարութեամբ մեր յարութիւն ստանալու հատուածը։ Ան դիտել տուաւ, որ մեր ապրելակերպը պէտք է ներդաշնակ ու յարիր ըլլայ մեր երկնաքաղաքացիութեան։ Այս ըսելով՝ սրբազանը յիշեցուց, որ ի գին ամէն ինչի հարկ է մեր ուշադրութիւնը դարձնել դէպի երկինք՝ մեզի յաւիտենական ժառանգութեան արժանի դարձնող ճշմարտութիւններուն։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին աւանդական թափօրը կազմուեցաւ՝ բաղկացած միաբան հայերէ, Լիբանանի Թեմի քահանայից դասէն եւ Դպրեվանքի սաներէ ու հաւատացեալներէ։ Հայրապետը իր ձեռքին ունէր Լուսաւորչի Ս. Աջը, իսկ հոգեւորականաց դասը՝ եկեղեցւոյ պատկանող դարաւոր սրբազան մասունքներ, որոնցմով օրհնուեցաւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։

Թափօրի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ Սուրբ Խորան, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որմէ ետք Մայր Տաճարի Սուրբ Խորանին վրայ դրուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, Սուրբ Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն եւ Պարսամ ճգնաւորին աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքոյ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles