ԽՕՍԵԼՈՒ ԵՒ ԼՌԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 55 Second

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

 

Ատեններ կան երբ խօսիլը օրհնութիւն է: Ատեններ ալ կան երբ լռութիւնը օրհնութիւն է: Խօսիլը բանաւոր եւ բերանացի արտայայտութիւն մըն է, որ մարդ արարածին Աստուածատուր պարգեւներէն մէկն է: Իրօք, մտածել եւ զայն լեզուով արտայայտել աստուածային յատկանշական շնորհ մըն է, որ հաղորդակից կը դարձնէ մարդը իր նմաններուն հետ:

Անասուններ կան, որոնք որոշ չափով իրենց զգացումները կ’արտայայտեն մարմնական շարժումներով եւ ձայներով: Բայց իրենց կը պակսի իմացականութիւն եւ խօսելու կարողութիւն:

Խօսիլը, բանաւոր հաղորդակցութիւնը, ունի իր դրական եւ ժխտական ազդեցութիւնները: Ի զուր չէ որ Յակոբոս Առաքեալ լեզուն, հաղորդակցական այդ ազդու միջոցը, օրհնութեան կամ անէծքի աղբիւրի մը կը նմանցնէ: «Անով է որ զԱստուած կ’օրհնաբանենք եւ անով է որ կ’անիծենք մարդիկ» (Յակոբոս 3.9): Այսպէս, խօսիլը, երբեմն օրհնութեան աղբիւր է եւ երբեմն ալ չարիքի աղբիւր: Նոյնպէս, չխօսիլը կրնայ բարիքի կան չարիքի աղբիւր ըլլալ:

Ե՞րբ խօսիլ եւ ե՞րբ լռել…: Ատեններ կան երբ լուռ մնալը իմաստութիւն է: Ատեններ ալ կան երբ լուռ մնալը անէծքի աղբիւր է եւ իր վնասակար ազդեցութիւնը ունի: Ճշմարտութիւններ կան, որոնք պէտք է հաղորդուին իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ: Բայց ամէն ճշմարտութիւն ամէն տեղ չըսուիր:

Կոյր դատաւորին պատմութիւնը դասական առակ մըն է ճշմարտութիւնը անխոհեմ եւ անտեղի կերպով խօսողներուն համար: Պատմութիւնը հետեւեալն է.- «Գլուխը ծակ» ճշմարտախօս, բայց անխոհեմ, մարդ մը դատարան կ’երթայ  դատավարութեան մը համար եւ կը նշմարէ թէ դատաւորը աչազուրկ է: «Բարեւ ձեզ, կոյր դատաւոր» կ’ըսէ մարդը: Դատաւորը կը պատասխանէ, «Տխմա՛ր մարդ, ամէն ոք գիտէ իմ կոյր ըլլալս, ի՞նչ հարկ է ատիկա յիշեցնելու ինծի»:  Յիրաւի, ատեններ  կան  երբ  լռութիւնը  ոսկի է.  ատեններ ալ  կան երբ լռութիւնը սխալ եւ անարդար է: Օրինակի համար, երբ մէկը գեղեցիկ արարք մը կը գործէ, ազնիւ ժեստ մը կ՛ընէ, գնահատելի ծառայութիւն մը կը մատուցանէ, գովելի նուաճում մը կը կատարէ եւ այդ անձը մեզի ծանօթ մէկն է, կամ բարեկամ մը, անհրաժեշտ է որ մեր գնահատանքը յայտնենք: Նման պարագայի մը, լուռ մնալ ոչ միայն անքաղաքավար եւ կոպիտ բան է, այլ նաեւ նկարագրի արատ մըն է: Երբ առիթը կը ներկայանայ եւ լուռ կը մնանք, այս կամ այն նկատումով, այն ատեն խնդրոյ առարկան չէ որ կ’արհամարհենք այլ մեր անձերը կը նուաստացնենք:

Եթէ գնահատանքի շինիչ խօսք մը ունինք, յայտնենք զայն խօսքով: Լուռ չմնանք. ոչ ալ յապաղած գնահատանք մը ընծայենք: Տա’նք պատիւը արժանաւորին, լուռ ու մունչ չմնանք:

Երբ խօսիլը անհրաժեշտ է խօսինք անվարան եւ անյապաղ: Երկար ատեն չսպասենք մեր գնահատանքը ընելու: Յիշենք հայկական առածը. «Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ»: Ինչու՞ սպասենք, յետ մահու դրուատիքներ եւ գնահատանքներ ընելու…:

Եթէ մէկու մը ըսելիքներ ունինք, որ ժխտական բնոյթ ունի, ուղղակի այդ անձին ըսելու ենք դէմ առ դէմ, հեռաձայնով կամ գիրով:  Փաստաբանի կամ միջնորդի միջամտութեան պէտք չկայ: Եթէ բարեկամի մը կամ պաշտօնակիցի մը նկարագրին կամ բարոյականին մասին տարաձայնութիւն մը, զրպարտութիւն մը կամ ամբաստանութիւն մը կայ, փոխանակ բամբասանքներն ու չարախօսութիւնները հրահրելու, անհրաժեշտ է որ վերահասու ըլլանք իրողութեան, եւ եթէ մօտիկ կը զգանք խնդրոյ առարկայ ենթակային, ուղղակի հաղորդակցելու ենք անոր հետ: Նախ իմանալու  ճշմարտութիւնը, ապա պարտն ու պատշաճը խօսելու անոր:  Բոլորս ալ իրազեկ ենք որ ըսի ըսաւները աւելի կը բարդացնեն եւ կը վատթարացնեն շրջագայող զրոյցները եւ ինչպէս առածը կ’ըսէ, «Բերնէ բերան, ասեղը կ’ըլլայ գերան»:

Հովուական պաշտօնէութեանս շրջանին յաճախ հանդիպած եմ մարդոց, երբ ակներեւ ճշմարտութեան մը առջեւ լուռ  մնացած են:  Ունեցած եմ պաշտօնակիցներ, որոնք հովիւ եղբօր մը մասին երբ սխալ վկայութիւն տրուած է եւ իրենք ճշմարտութիւնը գիտէին, լուռ մնացած են եւ իրենց հոգեւոր եղբայրը անիրաւօրէն անարգանքի եւ քամահրանքի սիւնին գամուած է:

Հակադարձաբար, երբ ճշմարտութիւն մը խօսուելու է անվերապահօրէն՝ ի շահ հաւաքականութեան մը բարօրութեան եւ կը վարանինք յայտնել զայն, այս կամ այն նկատումով, նոյնչափ յանցաւոր կը դառնանք: Օրինակի համար, կարեւոր պաշտօնի մը համար թեկնածուի մը անունը մէջտեղ կը դրուի: Գիտնալով հանդերձ, որ այդ անձը առաջադրեալ պաշտօնը վարելու ո՛չ պէտք եղած պատրաստութիւնը, ո՛չ ալ կարողութիւնը ունի, երբ արիութիւնը կը պակսի մեզի, ըսելու այն ինչ որ պէտք է ըսուի, այն ատեն թէ՛ հանրային գործի բարելաւման եւ թէ՛ մեր նկարագրին վնաս հասցուցած կ’ըլլանք:

Յաճախ արդարադատութեան եւ անկեղծութեան պակասը, ըսուելիքը չըսելով եւ չըսուելիքը ըսելով որքան մարդիկ եւ գործեր տուժած են, մարդկային յարաբերութիւններ խզուած են, որքան կեանքեր դառնացած, վիրաւորուած եւ քայքայուած են:

«Սպանութիւն մի՛ ըներ» կ՛ըսէ Տասնաբանեայի վեցերորդ պատուիրանը: Սպանութիւն գործելը միայն սուրով եւ զէնքով չէ որ կ’ըլլայ, այլ նաեւ լեզուով, գրիչով, չարախօսութիւններով, անհիմն ամբաստանութիւններով, «Յուդայական համբոյր»-ներով անարի լռութեամբ կամ անարդար զրպարտութեամբ:

Ե՞րբ խօսիլ եւ ե՞րբ լռել…: Կարեւոր հարցում մըն է: Բայց այս հարցումին հետ սերտօրէն աղերս ունի հետեւեալ հարցումը: Ի՞նչ է մեր խօսելիքին կամ լուռ մնալուն շարժառիթը. խնդրոյ առարկան սրբագրե՞լ կամ բարձրացնե՞լ է, թէ զայն վարկաբեկել եւ նուաստացնել է. անոր օգտակար ըլլա՞լ է, թէ վնասակար:

Անտարակոյս, մարդ մը սպաննելու մէկէ աւելի միջոցներ կան, ինչպէս գաղտագողի կամ բացէ ի բաց զայն մեռցնել, զայն անակնկալօրէն կռնակէն հարուածելով սպաննել. ինչպէս նաեւ անոր նկարագիրն ու բարոյականը արատաւորելով արժանապատուութեան զգացումը մեռցնել. ինչ որ անգլերէն լեզուով կը կոչուի character assassination եւ ասիկա կարելի է ընել  սուտ վկայութիւններով, չափազանցութիւններով եւ կէս ճշմարտութիւնները լմանի տեղ քշելով: Այս փորձութեան մէջ չիյնալու համար, Սաղմոսերգուին նման, մենք ալ անկեղծութեամբ աղօթելու ենք, «Ով Տէր պահապան դիր իմ բերնիս ու իմ շրթներուս դուռը պահպանէ» (Սաղմոս 141.3):

Այս առնչութեամբ նշանաւոր յոյն փիլիսոփայ Սոկրատի թելադրութիւնը կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ մեզի:  Օր մը մարդ մը յուզումնախառն անձկութեամբ մօտեցաւ Սոկրատի եւ ըսաւ. «Վարպե’տ, շատ կարեւոր բան մը ունիմ ըսելիք բարեկամիդ մասին»: «Կեցի’ր», ընդմիջեց փիլիսոփան, «Նախ, ըսէ թէ ինծի պատմելիքդ երեք տեսակ պարզուտներէն (քամոց, կամ գործիք) անցուցի՞ր»:

«Երեք պարզու՞տ» հարց տուաւ մարդը զարմացած. «Ի՞նչ են անոնք:» Ահաւասիկ, բացատրեց Սոկրատ.- «Նախ տեսնենք թէ պատմելիքդ ճշմարի՞տ է.» ասիկա առաջին պարզուտն է: «Ճշմարի՞տ… կ՛ենթադրեմ թէ այդպէս է. ծանօթներս ինծի այդպէս տեղեկացուցին» ըսաւ մարդը: «Արդեօք, որչա՞փ վստահելի են ուրիշներու պատմածները», հարցուց Սոկրատ:

Երկրորդ պարզուտը, «պատմելիքդ բարի՞ է, թէ ոչ»: Մարդը քիչ մը վարանելով ըսաւ. «Ո՛չ, բարի չէ»: Իսկ երրորդ պարզուտը հետեւեալն է.- «Պատմելիքդ օգտակա՞ր է. ինծի համար անհրաժե՞շտ է»: Մարդը պատասխանեց, «Ոչ օգտակար է եւ ոչ ալ անհրաժեշտ»:   «Մտիկ ըրէ՛, բարեկամ», ըսաւ Սոկրատ: «Քանի որ պատմելիքդ ո՛չ ճշմարիտ է, ո՛չ բարի, եւ ո՛չ ալ օգտակար, փափաք չունիմ լսելու զայն»:

Այո, լռելու եւ խօսելու ժամանակներ կան: Ի զուր չէ որ Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ, «Ժամանակ կայ լռելու եւ ժամանակ կայ խօսելու:» (Ժողովողի 3.7):

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles