ՈՒՐԿԷ՞ ՀԱՍԱՆՔ, ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ – 3  ԴԺՈՒԱՐ, ԲԱՅՑ Ո՛Չ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԳՈՐԾ

0 0
Read Time:8 Minute, 39 Second

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

3-10 Մարտ 2024

Նարեկացի, Շնորհալի, Նաղաշ Յովնաթան,
Ինչքա՜ն հանճար, խելք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես։
Ե. ՉԱՐԵՆՑ

 

Մեր նախընթաց երկու սիւնակներով, փորձեցինք, առանց սպառիչ ըլլալու յաւակնութեան՝ ընդհանուր ուրուագիծը կազմել Երեւանի «քալող»-ՔՊ-ական իշխանութեան գործած եւ օրակարգի վրայ դրած վնասարար եւ կորստաբեր քայլերուն: Նշեցինք նաեւ, որ բացի իշխանականներու նեղ խմբակէն, համընդհանուր համախոհութիւն կայ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, հայրենիքն ու ազգը վերջնական կորուստէ փրկելու, վերականգնումի երթը ճամբայ հանելու համար:

Մեր արձանագրած կէտերն ու ախտաճանաչումները նորութիւն չէին: Ինչ որ պիտի արձանագրենք այսուհետեւ, իբրեւ ելքի միջոցներ՝ նմանապէս նորութիւններ պիտի չըլլան, այլ ճիգ մը՝ նմանապէս ուրուագծային կերպով համադրելու փրկութեան պատկերացումները:

Նախ ընենք կարեւոր հաստատում մը: Երեւանի ներկայ իշխանութիւնը յստակ դարձուցած է, թէ ո՛չ կարող է, ո՛չ ալ տրամադիր՝ երկիրը փրկելու, վերականգնումի ուղին բանալու առումով, այլ աւելի՛ կամովին, քան ակամայ՝ պիտի շարունակէ իրականացնել այն բոլորը, որոնք իրեն կը թելադրուին «դուրսերէն», սկսելով՝ Ատրպէյճանէն ու Թուրքիայէն: Ուրեմն կը մնայ մէկ ուղի: Ընդդիմադիր ճակատը կազմողներուն կը մնայ միացնել ձեռքերը եւ ԳՈՐԾԵԼ ի խնդիր գահավէժ ընթացքին կասեցման եւ դարմանումին: Իսկ երբ կ’ըսենք ընդդիմադիր ճակատ, ի մտի ունինք թէ՛ խորհրդարանական եւ թէ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը, Եկեղեցին, բանակն ու ուժային կառոյցներ, մշակոյթի գործիչներ, մտաւորականներ, քաղաքագէտ-դիւանագէտներ, պատմագէտներ, մէկ խօսքով՝ տարբեր ոլորտներու մէջ գործող՝ բանիմաց եւ կարողութիւն-փորձառութիւն կուտակած անհատներ եւ խմբաւորումներ:

Ընդդիմադիրներու ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ իր դիմաց ունի աշխատանքի երկու մեծ ոլորտ. ներքին եւ արտաքին-դիւանագիտական դաշտերը: Իւրաքանչիւրին առջեւ կանգ առնենք հպանցիկ նշումներով:

Նախ՝ ներքին դաշտը, ուր այլապէս կան բազմաթիւ գիծեր:

 

ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼ

Կարելի է հազար ու մէկ արդարացի բացատրութիւն արձանագրել (մեկնաբաններ ամէն օր կը ցանկագրեն), թէ իշխանափոխութիւնը ինչո՛ւ հրամայական է. նման ցանկագրում պիտի հասցնէ հետեւեալ եզրակացութեան. իշխանաւորները ունին մէկ մտասեւեռում՝ զիրենք կառավարողներուն յենելով՝ կառչած մնալ աթոռին ու չկորսնցնել ամէն տեսակի… պարգեւավճար: Ասոնց չյայտարարուած մէկ նշանաբանն է՝ «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ» (*):

Իշխանափոխութեան հրամայականը գոնէ վերջին աւելի քան երեք տարիներուն շարժման մէջ կը պահէ ընդդիմադիրները: Անոնց ստեղծած բողոքի ալիքները եւ երկիրը ճիշդ ուղիի վերադարձնելու փորձերը ցարդ սպասուած արդիւնքին չեն հասած, բազմաթիւ՝ ներքին ու արտաքին ազդեցութիւններու պատճառով, որոնցմէ առաջինն է իշխանութեան բիրտ հակադարձութիւնները, տրամաբանութենէ զուրկ քարոզչութիւնը, ժողովուրդի բաժանուածութիւնը խորացնելու անոր ուղղակի եւ անուղղակի ճիգերը: Հետեւաբար, ընդդիմադիրները հարկադրուած են ձեւը գտնել պարտադրուած՝ շինծու «փակ օղակ»ը խորտակելու: Այս աշխատանքը կը թելադրէ համակարգուած եւ աննահանջ գործ կատարել բազմաթիւ ճակատներու վրայ. այսինքն՝ իշխանաւորները միակ թիրախը, հասցէն չեն տարուելիք աշխատանքին (այս աշխատանքը նորութիւն չէ, այլ կը կարօտի արագ տարածումի). միւս հասցէներն են իշխանաւորներու խաբէութեան պատանդ մնացող, այս վարչախումբին վնասարար, Հայաստանի շահերէն բացի՝ բազմաթիւ այլ շահերու անոր ծառայութեան վրայ աչք փակողները, անոնք ըլլան Հայաստանի մէջ (ներկայիս Արցախի մասին չենք խօսիր), թէ Սփիւռքի տարածքին: Մէկ խօսքով, «Զարթի՛ր, Լաօ՛» շարժումը կը մնայ այժմէական, անիկա պէտք է նոր արտայայտութիւն գտնէ փողոցէն մինչեւ տեսանելի բոլոր ոլորտներ: Անմիջապէս նշենք, որ խոհրդարանական եւ այլ ընդդիմադիրներ վերջին շրջանին դարձեալ սկսած են տեղեկատուական-քարոզչական աշխատանքի դաշտերը տարածել Երեւանէն անդին, հասնիլ մարզեր, կեդրոն հանդիսացող քաղաքներ: Այս բոլորը պիտի ծառայեն ժողովուրդի իմացութեան զարգացման, մասնաւորապէս ցոյց տալու խաբկանքով եւ սին խոստումներով տարուածներուն, որ «բարի տրամադրութիւններ»-ով իշխանութիւն պահողները գործնապէս կը նեղցնեն բարելաւման յոյսի հորիզոնները, այնպէս՝ ինչպէս կը նեղնան ու աւելի՛ եւս պիտի նեղնան հայրենիքի տարածքները: Այս ծիրին մէջ, պէտք է հանրութեան յստակօրէն ցոյց տալ գործուած աւերը եւ յանցագործները ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԻ ենթարկելու օրինական ուղին:

Ներքին դաշտերու մէջ ընդդիմադիրներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները բնականաբար այս ծիրին մէջ չեն սահմանափակուիր, կան արտաքին դաշտեր, որոնց կ’անդրադառնանք առանձին: Հոս բաւականանանք միայն ընդգծելով, որ ներքին ու արտաքին ոլորտները անքակտելիօրէն զօթուած են իրարու, մէկը միւսին յենարանն է:

 

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ

Իշխանափոխութեան համար յիշեալ ու բազում այլ հրամայականներուն՝ կը հետեւի նոյնքան եւ աւելի՛ կարեւոր հաստատում մը, որ ինքնաբերաբար իր մէջ կը պարունակէ բացայայտ… «կորսուած օղակ»-ը: Այս իշխանութեան պէտք է յաջորդէ ԳՈՐԾԷ ՀԱՍԿՑՈՂ ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՈՒ վարչախումբ մը, որ ատակ ըլլայ, կարողութիւնը ունենայ գործելու բազմաթիւ համարժէք գիծերու վրայ, դիմագրաւել եւ յաղթահարել նոյն այդ գիծերուն վրայ ստեղծուած անմիջական եւ հեռահաս մարտահրաւէրները:

Կան բազմաթիւ նախադրեալներ, որոնցմէ առաջինն է ունենալ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ, ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺՆԵՐՈՒ կազմ մը, որ ներգրաւէ բոլոր կուսակցութիւններն ու քաղաքական հոսանքները (ինչո՞ւ չէ նաեւ «ապաշխարելու» պատրաստ ՔՊ-ականներ), մշակէ բազմաճիւղ եւ բազմախաւ ԳՈՐԾԻ՝ ըստ կարելւոյն ամբողջական ծրագիր մը:

Երբ կ’ըսենք, որ նոր վարչակազմը պէտք է ներգրաւէ բոլոր կողմերը, ի մտի չունինք կուսակցական ներկայացուցիչներով կազմուած խումբ մը (իսկ եթէ հոն ըլլան մասնագէտ կուսակցականներ, ո՛չ մէկ անպատեհութիւն), որ իր ետին ունենայ ԲՈԼՈՐԻՆ զօրակցութիւնը, աջակցութիւնը, անվերապահօրէն գործակցելու պատրաստակամութիւնը: Գաղտնիք չէ, որ ներկայի իշխանութիւնը հայրենիքին պատճառած է անչափելի կորուստներ (հող, մարդուժ, տնտեսութիւն, մշակոյթ եւ այլ, փաստացիօրէն ամբողջացնելու այն, ինչ որ պակաս կը ձգեն թուրքն ու ազերին), որոնց դարմանումը կը կարօտի օղակ առ օղակ ընդարձակուող գործի: Այլ խօսքով, առաջին գործը պիտի ըլլայ ճշդել առաջնահերթութիւնները, որոնց կենսագործումն իսկ հիմ պիտի ծառայէ յաջորդ՝ անմիջական օղակներուն եւ աւելի հեռահաս ծրագիրներու հետապնդման:

Բանիմաց մասնագէտներէ կազմուած նոր վարչախումբին ամէնէն կարեւոր ստորոգելին պիտի ըլլայ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ, ԽՄԲԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔի ձեւաւորումը եւ իրականացումը: Վերջին տարիներու փորձերը մեզ կրնան հասցնել նա՛եւ այն եզրակացութեան, որ ժողովուրդը, անկախ իշխանաւորներու քարոզչութեան պատանդը մնալու վիճակէն՝ ըստ բաւականին չ’ընդառաջեր ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ, որովհետեւ մէկ կողմէ՝ Շարժումին մէջ կ’երեւին անհատներ, որոնց դէմ «սեւացրէք»ի խօլ արշաւներ կը տարուին, այդ անհատները կը դասուին «նախկիններ» ցանկին տակ եւ ժողովուրդին կ’ըսուի, թէ բոլոր նախկինները մերժելի են (վէճ չկայ, որ նախկիններու կարգ մը ըրածնե՛րն են մերժելին), իսկ միւս կողմէ, ժողովուրդը չէ յաջողած ինքզինք ձերբազատել «նախկիններ»էն շատ աւելի՛ հին օրերու տրամաբանութենէ մը, որ է՝ անհատ առաջնորդի փնտռտուքը:

Պահ մը մտածենք, որ ժողովուրդի այդ պատկերացումին հետեւելով՝ հրապարակ գայ մէկ (կամ մէկ քանի) առաջնորդող դէմք. կասկած պէտք չէ ունենալ, որ եթէ ան երկնատուր շնորհքներով ալ օժտուած ըլլայ (նման բան երեւակայելի չէ), իշխանաւորներու խմբակը եւ անոր լծակից քարոզիչները (լսատեսողական մամուլ թէ համացանցային «աղբանոցներ») հնարքներ պիտի ձեւաւորեն՝ վարկաբեկելու եւ անոր ճիգերը բթացնելու: Մինչդեռ, ԿԱՐՈՂ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽ ԵՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՎԱՅԵԼՈՂ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄ ՄԸ աւելի լայն հնարաւորութիւն պիտի ունենայ իր կազմելիք լայնածիր ծրագիրը համոզիչ դարձնելու եւ անոր շուրջ ժողովուրդը (ո՛չ ամբոխներ) հաւաքագրելու:

Մշակելի ծրագիրը ի բնէ պիտի պարունակէ այն տարրերը, որոնք ո՛չ միայն պիտի ըլլան վերջին տարիներու խաբեպատիր առաջադրանքներուն ժխտումը, այլ իսկական դարմանումի սերմերը: Անմիջապէս նշենք, որ վիթխարի թուացող այս գործը խորքին մէջ ճամբայ ելած է շատոնց, զայն իրականացնելու առանձին-առանձին փորձեր եղած են, կը մնայ այդ բոլորին մէկ յայտարարի վրայ հաւաքագրումը:

 

ԾՐԱԳԻՐԻՆ ԵՆԹԱԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐԸ

Պէտք չունինք երկար ցանկեր կազմելու, թէ ներքին դաշտին մէջ աշխատանքի ինչպիսի՛ գիծեր կը տարածուին յաջորդ իշխանութեան դիմաց: Պէտք է ընդունինք. իշխանափոխութիւնը ԻՆՔՆԱՆՊԱՏԱԿ քայլ չէ, ո՛չ ալ աթոռակռիւ (այս դրածոյ մտածողութեան դարմանո՛ւմն իսկ հրամայական է), այլ փրկութեան սկիզբ:

Ներքին բարեփոխումներու ոլորտը կ’ընդգրկէ բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը-ոստիկանութիւնը (որ ներկայիս իրողապէս մատնուած է վարչախումբին վարձկան-պահակը ըլլալու կացութեան), դատական համակարգը (որ իսկապէս դառնայ անկախ իշխանութիւն եւ ոեւէ մէկը չհամարձակի յայտարարել, թէ «կա՞յ դատաւոր մը, որ իմ խօսքէս դուրս գայ»), նոյնինքն գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն համակարգը, որոնցմէ պէտք է վանել ԽԾԲ-ի մի՛շտ վերարտադրուող «տրամաբանութիւնը»: Բաւականանք նշելով, որ այս ախտը դարմանելու խոստումով իշխանութեան հասածները հիմա շատ աւելի խորունկ կերպով ընկղմած են այդ տիղմին մէջ: Սա ալ լայնօրէն բացայայտելի մարտահրաւէր է (այսինքն՝ այս իրականութիւնը տարածել իշխանաւորներուն սիրահարուած մնացողներուն մէջ):

Առանձին եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող կալուած է ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ վերականգմումը, վերջ տալու համար ներկայի եւ անցեալի բռնատիրական-մենատիրական դրութիւններուն: Սա ինքնաբերաբար առիթ պիտի տայ «նախկիններու»ն, որպէսզի ճիգ ընեն դարմանելու իրենց օրով արձանագրուած սխալներն ու բացթողումները: Կը կարծենք, որ այս մասին երկար խօսելու պէտք չունինք: Նմանապէս պէտք չունինք երկար խօսելու, որ առաջադրուած բարեփոխումներն ու անոնց տանող ծրագիրները կը կարօտին ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐՈՒ, մինչդեռ այսօրուան իշխանաւորները յոխորտանքով յայտարարած են, թէ իրենց «արժանիք»ներէն մէկն ալ… որեւէ գաղափարի չհետեւիլն է:

Նոյնքան կարեւոր ոլորտներ են ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ, այսինքն՝ պատմութեան, ազգային արժէքներու եւ մշակոյթի իմացութեան վերականգնումը, անվիճելի իրաւունքներու տիրութեան կամքին վերահաստատումը՝ իր բոլոր ենթատարածքներով միասին: Այլ խօսքով, ԱԶԳԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ գիտակցումը պէտք է դարմանեն ո՛չ միայն արդէն երեք եւ աւելի տարիներու պատմութիւն ունեցող՝ ապազգայնացնող «դաստիարակութիւնը», այլ ժողովուրդի բոլոր սերունդներուն միտքին ու հոգիին մէջ վերականգնեն Հայաստան աշխարհի ամբողջականութիւնն ու մեր պատմութեան պայծառ եւ մութ փուլերուն իմացութիւնը: Պէտք է վերջ տալ այն քարոզչութեան, թէ անցեալին, մենք միայն ձախորդութիւններ եւ պարտութիւններ արձանագրած ենք (մինչեւ իսկ 2016-ի պատերազմն ու նոյնինքն Արցախեան առաջին պատերազմը կը ներկայացնեն իբրեւ պարտութիւն կամ խաբուսիկ բան, ոտնակոխելով նահատակ ու զոհաբերողներ):

Քայքայուած տնտեսութիւնը կը սպասէ մասնագիտական գնահատումի եւ դէպի բարելաւում առաջնորդող յստակ ծրագիրներու, որոնց մէկ մասը կը տարածուին այլ երկիրներու հետ գործակցական կապերը վերագնահատելու եւ բարելաւելու (եւ ո՛չ թէ եղածն ալ քանդելու, անդամալուծելու): Այս դաշտին մէջ պէտք է դիտել նաեւ հանրութեան ընկերային վիճակի բարեփոխման, իսկական, եւ ո՛չ թէ մասնակի (որոշ փոքրամասնութեան մը) շահերուն ապահովման հեռանկարները: Ցանկագրումի կարգով, արձանագրենք գիւղատնտեսութիւնը, մանր ու մեծ ճարտարարուեստը, շուկան, մինչեւ իսկ «առօրեայիկ» հարցեր, ինչպէս՝ ճամբաներու առողջացումը, շինարարութեան մարզին հաւասարակշիռ զարգացումը, առողջապահութեան մարզն ու, մէկ խօսքով՝ ժողովուրդը ամէն օր յուզող տագնապները (մեր խօսքը անթերի ու իտէալական դրութեան մը մասին չէ):

Ներքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար, նոր վարչախումբը ունի «անտեսանելի» մարտահրաւէր մը (այս կէտը յաճախ կը մատնանշուի բանիմացներու եւ քաղաքական մարդոց կողմէ, սակայն կը մնայ կաղ): ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀԱՍՑՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՅՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ,  որ երկրին այս կամ այն մարզը, աշխատանքի ոլորտները յուզող, տագնապի մատնող «մասնակի հարցեր»-ը նոյն խրամատին մէջ կը դնեն բոլորը, հետեւաբար, անոնց դիմակայումն ու դարմանումն ալ կը կարօտի բոլորի ձեռքերուն – եւ կամքին – միացման: Ինքնաշարժ վարողին, ձկնորսին, երկրագործին, առեւտրականին (մանաւանդ երբ արտածումի ճամբաները կը վտանգուին) տագնապները առանձնակի չեն, նահատակներու ընտանիքներուն ողբը միայն իրենց չի պատկանիր (յիշենք Աբովեանի «Վէրք ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ-ն», որ ողբի տարած է բոլոր հայրենասէրները), ինչպէս որ առանձնակի վտանգներ չեն Սիւնիքի, Տաւուշի, Ջերմուկի կամ սահմանամերձ այլ գօտիներու գլխավերեւին կախուած «Դամոկլեան սուր»երը: Մէկ խօսքով, պէտք է նոր մակարդակի հասցնել մայրաքաղաքին, մեծ ու փոքր քաղաքներուն, մարզերուն ու գիւղերուն պահանջներուն համաչափ հոգածութիւնը, որպէսզի զարգացումն ալ վերադառնայ համաչափութեան ուղի:

Երկրի ներքին շրջաններուն միջեւ համաչափութեան ու յարակցութեան գիտակցումը պիտի չմնան Հայաստանի այժմու սահմաններուն մէջ, այլ պիտի տարածուին վերստին ազատագրելի Արցախին եւ հայաստանամերձ ու հեռակայ օճախներուն վրայ, որպէսզի հայրենիքին ու ազգին ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ ըլլայ ըստ կարելւոյն ամբողջական:

 

«ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ»

Ներկայի տուեալներով, անխուսափելի եւ անարիւն իշխանափոխութիւնը՝ մեկնակէտը պիտի ըլլայ հերքիւլեան աշխատանքի մը, որ կը թուի «անկարելի առաքելութիւն»: Նկատի չունինք միայն ներքին ոլորտները:

«Անկարելի առաքելութիւն» բառակապակցութիւնը անպայման որ կը յուշէ պատկերասփիւռային ոստիկանական-արկածախնդրական հաղորդաշար մը, որ երիտասարդներու եւ պատանիներու կողմէ մեծ հաճոյքով կը դիտուէր անցեալ դարու 60-ական եւ 70-ական տարիներուն: Խրդին եւ անկարելի թուացող վտանգալից գործերու ղրկուող խումբ մը անպայման կը յաջողէր իր ծրագիրը յաջողցնել, «չարը» խաղի կը բերուէր, կը պարտուէր, եւ «անկարելի առաքելութիւն»-ը յաջողութեամբ կը պսակուէր:

Հայաստանի փրկութիւնն ու վերականգնումը, մեր արդար իրաւունքներուն, բոլո՛ր իրաւունքներուն վերատիրացումը պատկերասփիւռային հաղորդաշար չեն: Սակայն երբ ազգ մը որոշէ լարել իր բոլոր մկանները, քաղաքական, տնտեսական եւ «ներքին» ու այլ սփիւռքներու մկանները, «անկարելի»ն կրնա՛յ պարտուիլ, կորսուած եւ անջատուած թելերը կրնան վերամիանալ եւ դառնալ հենք՝ Հայաստան-գորգը նոր պատկերներով հիւսելու:

 

(*) “Apres moi, le deluge”, ինձմէ ետք ջրհեղեղ՝ պատմական խօսք մըն է, արձակուած՝ Ֆրանսայի 18-րդ դարու թագաւորներէն Լուի 15-րդի կողմէ: Ան պատմութիւն արձանագրած է՝ իր երկիրը կորստաբեր եւ կործանարար փուլերու մէջ նետելով: Մահէն (1774) 15 տարի ետք պայթեցաւ Ֆրանսայի առաջին մեծ յեղափոխութիւնը: Հայաստան չի կրնար 15 տարի եւս սպասել…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles