Ընկերվար Միջազգայնականը Կը Պահանջէ Արցախի Ժողովուրդին Վերադարձն Ու Գերիներու Ազատ Արձակումը

0 0
Read Time:1 Minute, 26 Second

Փետրուար 24-25-ին, Մատրիտի մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի նիստը։

Միջազգայնականի նախագահ եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչէս, կազմակերպութեան թէ՛ նախագահութեան եւ թէ՛ խորհուրդի նիստերու  բացման ելոյթներուն անդրադարձաւ Արցախի հարցին։

Շուրջ 100 երկրներէ քաղաքական կուսակցութիւններ համախմբող եւ մոլորակի մեծագոյնը հանդիսացող քաղաքական այս կազմակերպութեան Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը կ՛անդամակցի 1907-էն ի վեր, իսկ ներկայիս, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ եւ Հայ Դատի Կենդրոնական խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպանտեան անոր փոխնախագահներէն մէկն է։ Ան մասնակցեցաւ խորհուրդի եւ նախագահութեան նիստերուն եւ ընտրուեցաւ Ելեւմտական ու կազմակերպական հարցերու յանձնաժողովի անդամ։

Թէ՛ նախագահութեան եւ թէ խորհուրդի նիստերուն, Մարիօ Նալպանտեան ներկայացուց Ատրպէյճանի ցեղասպանական քայլերը եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը եւ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ուղղուած բռնութեան քայլերը, սպառնալիքները եւ պահանջները։

Այնուհետեւ, Ընկերվար Միջազգայնականը վաւերացուց բանաձեւ մը, որ Արցախի ժողովուրդին «ապահով, անխոչընդոտ եւ արագ» վերադարձը եւ բոլոր գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը կը պահանջէ։ Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ կազմակերպութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ շեշտելով, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար համաձայնութիւնը պէտք է ձեռք բերուի առանց ուժի կամ անոր սպառնալիքի կիրարկումին եւ հիմնուած միջազգային իրաւունքի վրայ, որ պէտք է ներառէ Արցախի տագնապին վերջնական քաղաքական կարգաւորման՝ միջազգայնօրէն հովանաւորուող խաղաղ գործընթացը:

Բանաձեւը կը պահանջէ.

1. Մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի վերջնական քաղաքական կարգաւորումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնական իրաւունքներու ամբողջական ապահովումը՝ երաշխաւորել ժողովուրդին հաւաքական, անկաշկանդ եւ ապահով վերադարձը հայրենիք։ Նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի համար միջազգային չափանիշներով երաշխաւորուած միջանկեալ կարգավիճակ ապահովել՝ երաշխաւորելով քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքները, տրամադրելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ապահովութեան արդիւնաւէտ երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ անխոչընդոտ ցամաքային կապ։

2. Ազատ արձակել ռազմագերիները եւ բանտարկուած անձերը։

3. Տարածաշրջանին մէջ փոխադրական եւ կապի այլ միջոցները ապաշրջափակել ամբողջական կերպով՝ առանց ինքնիշխանութեան որեւէ սահմանափակման։

Ընկերվար Միջազգայնականը նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իբրեւ միջնորդ աջակցելու նշեալ գործընթացներուն։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles