ՓԱՐԻԶ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 21-ին Ֆրանսայի պանթէոնին մէջ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ վերայուղարկաւորութեան առիթով Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսային մէջ գտնուելու հանգամանքէն օգտուելով, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոնը նախաձեռնած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի հանդիպումը: Հ.Յ.Դ. Փարիզի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ զրոյցը տեղի ունեցած է նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ներկայութեամբ` Էլիզէի պալատին մէջ կազմակերպուած ընթրիքի աւարտին:
Նախագահ Մաքրոն բացած է զրոյցը` յստակացնելով Հայաստանի վարչապետի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու շփումներու անհրաժեշտութիւնը, եթէ նոյնիսկ տարակարծութիւնները կրնան բաժնել զանոնք: Նախագահ Մաքրոնը բարձր գնահատած է Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի ի նպաստ Հայաստանի կատարած աշխատանքը: Ան շեշտած է Հայաստանը պաշտպանելու անոնց վճռականութիւնը եւ Ֆրանսայի հայ համայնքը, Ֆրանսայի կառավարութիւնը եւ քաղաքական բոլոր դերակատարները համախմբելու անոնց կարողութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահին խօսքերէն ետք Մուրատ Փափազեանը ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը: Դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին` Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը դատապարտած է իր նկատմամբ 19 ամիս շարունակուած Հայաստանի մուտքի իրաւունքի արգելանքի փաստը, ինչ որ ի վերջոյ վերցուած է Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին կողմէ: Մուրատ Փափազեան քննադատած է Նիկոլ Փաշինեանը այս խորապէս ոչ ժողովրդավարական եւ պառակտող որոշումը կայացնելու համար:
Մուրատ Փափազեան ընդգծած է այն տարակարծութիւնները, որոնք Նիկոլ Փաշինեանը կրնար ունենալ իրեն հետ` միաժամանակ պնդելով զանոնք հրապարակայնօրէն արտայայտելու իր իրաւունքը` ազատ եւ ժողովրդավարական բանավէճի շրջանակներուն մէջ: Ժողովրդավարութեան այս դասէն ակնյայտօրէն ջղայնացած Նիկոլ Փաշինեանը բարկացած է եւ քննադատած է Մուրատ Փափազեանին` Ֆրանսայի նախագահին առջեւ այս նիւթը քննարկելուն համար:
Մուրատ Փափազեան յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահն է այդ նախաձեռնութեան հեղինակը, եւ որ, հաւանաբար, Ֆրանսայի նախագահը միակ անձն է, որ կրնար կազմակերպել այս երկխօսութիւնը:
Այդ պատասխանէն ա՛լ աւելի զայրացած, Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, թէ արգիլած է Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան այն պատճառով, որ վերջինս Յունիս 1ՙ 2021-ին Փարիզի մէջ ցոյց կազմակերպած է անոր դէմ: Այս անհիմն պնդումը բազմիցս տարածուած է Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին կողմէ եւ մշտապէս հերքուած է Մուրատ Փափազեանի կողմէ: Այնուամենայնիւ այդ զրոյցի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը դարձեալ կրկնած է այս մեղադրանքը, իսկ Մուրատ Փափազեանը անգամ մը եւս մերժած է այն, միաժամանակ զարմանալով, որ Հայաստանի անվտանգութեան ծառայութիւնները այս մեղադրանքը չեն ներկայացուցած դատարան:
Մուրատ Փափազեանը նաեւ պարզաբանած է, որ ցոյցի իրաւունքը արգիլուած չէ ժողովրդավարական երկրին մէջ: Ան զարմանք յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանի թոյլ փաստարկին եւ անոր արտայայտութիւններուն խեղճութեան համար: Զրոյցի աւարտին նախագահ Մաքրոն մէկ կողմ առանձնացած է Հայաստանի վարչապետին հետ, որմէ ետք Փաշինեանը Մուրատ Փափազեանին յայտնած է, որ իշխանութիւնները Հայաստան վերադառնալու իր իրաւունքը վերականգնելու որոշումը պիտի չբողոքարկեն: