ՎԱԽՃԱՆԵՑԱՒ ԳԵՐՊ. Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 35 Second

Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմն ու Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով տեղեկացան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Եղիշէ Ծայրագոյն Վարդապետ Մանճիկեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուարին 21-ին, 82 տարեկան հասակին։ Վերջին օծման կարգը եւ թաղումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 22-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։

Աւազանի անունով՝ Արա, ծնած է 1942 թուականին, Քէսապի (Սուրիա)  Գարատուրան գիւղը։ Փոքր տարիքին Պուրճ Համուտ (Լիբանան) փոխադրուելով ծնողքին հետ,  նախնական կրթութիւնը ստացած է Սուրբ Քառասնից Մանկանց ազգ. վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1956-ին։ Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի քառամեայ շրջանը, սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին, ձեռամբ՝ Լիբանանի առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Բարոյեանի։

Երեք տարի հետեւելէ ետք Ընծայարանի դասընթացքներուն, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 26 Մայիս, 1963-ին, ձեռամբ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, եւ վերակոչուած՝ Տ. Եղիշէ Աբեղայ։

1963-1965-ին ստանձնած է Կաթողիկոսարանի մատենադարանի տեսչութիւնը, միանգամայն Դպրեվանքէն ներս դասաւանդելով գրաբար ու հայերէն, իսկ Մարտիկեան Վարժարանէն ներս՝ ֆրանսերէն եւ թուաբանութիւն։

1965-ին առաքուած է Նոր Ջուղա (Իրան) իբրեւ դասախօս Սպահանի պետական համալսարանի հայագիտական ամպիոնին։ Նոյն տարիներուն, ան նաեւ դասաւանդած է Նոր Ջուղայի ազգային վարժարաններուն մէջ՝ հայերէն, գրաբար, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն եւ կրօնագիտութիւն։ Իր մասնակցութիւնը բերած է Նոր Ջուղայի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Սարգիսեանի կողմէ կազմակերպուած ուսուցիչներու վերաորակաւորման գիշերային դասընթացքներուն։ 1967-ին հիմնած ու կազմակերպած է Սպահանի պետական համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւնը։

1974-1976-ին Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանին մէջ արեւելագիտութեան ճիւղին հետեւած է։

Այնուհետեւ, հովուական պաշտօններ վարած է Գալիֆորնիա՝ Մոնթէպէլլոյի Սուրբ Խաչ (1976-1977), Էնսինոյի Սուրբ Նահատակաց (1977-1980) եւ Ֆրէզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն (1980-1983) եկեղեցիներուն մէջ։ 1976-1977-ին կրօնք եւ հայ մշակոյթի պատմութիւն դասաւանդած է Մոնթէպէլլոյի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ 1980-1983-ին դասաւանդած է Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի (Ֆրէզնօ) հայագիտական բաժանմունքին մէջ։

1983-1997-ին նշանակուած է Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։ Իր օրերուն իրագործուած է Ապրիլեան Յուշարձանի կառուցումը Ազգային Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ եւ հաստատուած է գիշերային դասախօսութիւններու լսարան։

Այնուհետեւ, 1997-2000-ին Վանգուվըրի (Գանատա) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է, իսկ 2000-2003-ին՝ Արեւելեան Թեմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսէց)։

Վերադառնալով Անթիլիաս, 2004-2007-ին գրաբար եւ հայ մատենագրութիւն դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ, իսկ 2006-2009 թուականներուն ստանձնած է «Կիլիկիա» թանգարանի եւ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչի պաշտօնները։

2010-2011-ին Ատրպատականի Կաթողիկոսական Փոխանորդի պաշտօնը վարած է։

Գերպ. Տ. Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեան հրատարակած է հետեւեալ հատորները՝ «Յովհաննէս Կաթողիկոս Օձնեցի» (1967), «Դուք ի՞նչ կը մտածէք» (1970), «Սահակ Պարթեւ Հայրապետ» (1971), «Անթառամ շողեր» (1977), «Գրասեղանիս թուղթերէն» (1981), «Ամօթին հայկականը» (Ե. Տիգրան գրչանունով, 1997) եւ «Ոգեղէն ճոպանուղի» (2008)։

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Հինգշաբթի, Փետրուար 22-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ կատարուեցան հոգելոյս հայր սուրբին վերջին օծման եւ թաղման կարգի արարողութիւնները։ Միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներու հոգեթով շարականներու երգակցութեամբ եւ լուսարարապետ սրբազան հօր՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի ձեռամբ, հայ եկեղեցւոյ սրբալոյս Միւռոնը վերջին անգամ ըլլալով դրոշմուեցաւ վախճանեալ հայր սուրբին ճակատին ու ձեռքերուն։ Վերջին օծման արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետն ու միաբան հայրերը վախճանեալ հայր սուրբին Միւռոնաօծ ճակատն ու ձեռքը համբուրելով՝ մատուցեցին իրենց յարգանքի վերջին տուրքը։

Ապա, դամբանական խօսեցաւ լուսարարապետ սրբազան հայրը։ Ներկայացնելէ ետք լուսահոգի հայր սուրբին կենսագրական գիծերը եւ ունեցած եկեղեցական ու ազգային աւելի քան կէս դարեայ գործունէութիւնը՝ սրբազան հայրը յուզումով յիշեց իր եւ հայր սուրբին Դպրեվանք ընդունելութեան համար քննութիւն դիմելու առաջին օրը, երբ հայր սուրբը երգեց «Նոր Լուսաբացին Արեւին Առաջ» երգը։ Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ վախճանեալ հայր սուրբը «մեր Ս. Աթոռին նուիրեալ միաբաններէն մէկն էր եւ կը մնայ նուիրեալ իր յիշատակը։ Ան այս Կաթողիկոսութեան որպէս հոգեւոր զինուորը, հազիւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած առաքելութեան ղրկուեցաւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան եւ սիրով գնաց, ուր որ ղրկուեցաւ, եւ ծառայեց նուիրումով։ Եղիշէ հայր սուրբին ծառայութիւնը ի նպաստ հայ եկեղեցիին ես կը կոչեմ նուիրեա՛լ ծառայութիւն։ Ան սիրով եւ նուիրումով լուռ ու մունջ ծառայեց՝ ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ եւ ի վկայութիւն Աստուածաշունչի քարոզութեան»։

Վերջապէս, Կոմիտաս Արք. յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան եւ անձնապէս խորազգաց ցաւակցութիւն ու վշտակցութիւն յայտնեց լուսահոգի հայր Եղիշէի ընտանիքին եւ աղօթեց, որ Աստուած հայր սուրբին հոգին արժանի ընէ երկինքի արքայութեան, եւ Վեհափառ Հայրապետին ու միաբանակից եղբայրներուն մաղթեց Քրիստոսի Յարութեան շունչով նպատակասլաց ծառայութիւն։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, միաբան հայրերը իրենց հոգեւոր եղբօր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին «Զարեհեան» յուշարձան-դամբարան, ուր Հայրապետին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Գերեզմանի Կարգը, ինչպէս նաեւ՝ հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքման արարողութիւնը։

Եկեղեցական արարողութիւնները իրենց աւարտին հասան «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ։ Աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ցաւակցութիւններ։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles