Փետրուարեան Ապստամբութեան 103-Ամեակին Առթիւ Հ․Յ․Դ․ Շիրակի Եւ Գառնիի Կառոյցներուն Միացան Նորագիրներ

0 0
Read Time:2 Minute, 12 Second

Փետրուար 18-ին, Հ․Յ․Դ․ «Շիրակ» մարզային կոմիտէութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն։ Օրուան կնքահայրն էր Հ․Յ․Դ․ «Շիրակ»-ի մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Մհեր Մելքոնեան, որ ըսաւ․- «Այս օրը ոչ միայն յիշարժան եւ պարտաւորեցնող է, այլ նաեւ շրջադարձային պիտի ըլլայ ձեր կեանքին մէջ: Անդամակցելով ՀՅԴ-ի կեդրոն մեծ եւ աշխարհասփիւռ ընտանիքին` դուք կը սկսիք կեանքի նոր ուղի, դժուարին, վերիվայրումներով ու փորձութիւններով լի ճանապարհ: Համոզուած եմ` պատուով պիտի անցնիք հոնկէ, ինչպէս անցած են ձեր նախորդները, մեր ազգային մեծ գործիչները, որոնց նմանիլ պէտք է ձգտինք ամէն օր»:

Արարողութեան մասնակիցներուն օրուան խորհուրդը փոխանցեց եւ նորագիրներուն բարի գալուստ մաղթեց նաեւ Հ․Յ․Դ․ «Շիրակ» մարզային կոմիտէի նախագահ Յովսէփ Սիմոնեան, որ ըսաւ.  «Պէտք է խմորի հունցը ըլլանք, հացը դառնանք ժողովուրդին, որ մեր հայրենիքը յաւերժ ապրի»: Ապա շուրջ քսան նորագիրներ տուին իրենց երդումը եւ համալրեցին Հ․Յ․Դ․-ի շարքերը:

Նոյն օրը Գառնիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շուրջ քսան նորագիրներ եւս դաշնակցականի երդում տալով` համալրեցին Հ․Յ․Դ․ «Արարատ» մարզային կառոյցի շարքերը: Օրը խորհրդանշական էր` Փետրուարեան հակապոլշեւիկեան ապստամբութեան 103-ամեակի յիշատակութեամբ: Խորհրդանշական է նաեւ երդման արարողութեան համար ընտրուած վայրը` խմբապետ Մակեդոնի շիրիմին: Վերջինս Փետրուարեան ապստամբութեան 21 զոհերէն մէկն էր, որոնց պոլշեւիկները կացնահարեցին Երեւանի բանտին մէջ: «Մենք կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակներ, որ շատ մը պարագաներու այսօրուան իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը կը նոյնանայ պոլշեւիկեան իշխանութեան հետ: Պատուաբեր ու պարտաւորեցնող է, երբ շատ մը հայրենակիցներ լաւ գիտակցելով, որ մեր օրերուն դաշնակցական ըլլալը համեմատական է` հալածանքի, բանտարկութեան եւ բազմաթիւ այլ զրկանքներու, կու գան եւ կը զինուորագրուին Դաշնակցութեան ծանր գործին», ըսաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան: Ան ողջունեց բոլոր նորագիրները, որոնք ծանր իրավիճակի մէջ որոշեցին անդամագրուիլ Դաշնակցութեան:

Հանդէս եկաւ Հայ դատի մարտիկ Համբիկ Սասունեան, որ ըսաւ․- «Դաշնակցական ըլլալը դիւրին բան չէ: Մենք ունինք շատ մը թշնամիներ` համայնավարներ, թուրքեր, ազրպէյճանցիներ, դաւաճաններու երկար շարք մը: Բոլորին կողմէ հալածուած ենք, բայց ոչ մէկ կուսակցութիւն, կազմակերպութիւն ինքզինք կրնայ բաղդատել մեզի հետ», շեշտեց ան: Թուարկելով ականաւոր դաշնակցականներու շարքը` Սասունեան ընդգծեց, որ ոչ մէկը ունի նման մեծութիւններ: Այլ խօսքով` Դաշնակցութիւնը քննադատողները շատ են, բայց ոչ ոք կրնայ չափուիլ Դաշնակցութեան հետ, երբ հերթը ծառայութեան հասնի:

Երդման կնքահայրը  Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան ըսաւ. «Հայրենիքի համար պայքարիլը պատիւի գործ է: Հայրենիքի համար զինուոր ըլլալը` պատիւի գործ է»: Անոր  համոզումով` թշնամիին հիմնական վախը Դաշնակցութիւնն է: «Դաշնակցութիւնն է, որ այս կրակը վառ կը պահէ ժողովուրդին մէջ: Այս դժուարին օրերուն` Արցախի կորուստէն ետք, մէջքերը ուղղելու աւելի լաւ օրինակ չկայ բոլորին ցոյց տալու համար, որ մե՛նք ենք անոր ջահակիրը: Մենք այն խմորի հունցը պիտի ըլլանք, որ կարողանանք ուժեղացնել, հացը դառնալ մեր ժողովուրդին, որպէսզի մեր հայրենիքը յաւերժ ապրի»:

Երդման արարողութենէն ետք, կուսակցութեան անդամները այցելեցին Գառնիի ազատամարտիկներու պանթէոն, խունկ վառեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին նահատակներու շիրիմներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles