Արցախեան Շարժման 36-Ամեակին Առթիւ՝ Այցելութիւն Եռաբլուր

0 0
Read Time:1 Minute, 53 Second

Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով Արցախի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

Արցախցի պաշտօնեաները շրջեցան պանթէոնին մէջ եւ ծաղիկներ զետեղեէցին արցախեան պատերազմներուն ընթացքին զոհուած զինուորական ծառայողներու գերեզմաններուն:

Եռաբլուր այցելածներու շարքին էին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանես եպս. Աբրահամեան եւ շարք մը պատգմաւորներ։

Այս այցելութէնէն ետք, Երեւանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան յարկին տակ, փակ դռներու ետին տեղի ունեցաւ խորհրդարանի հանդիսաւոր նիստը, ուր ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սամուէլ Շահրամանեան: Նկատի ունենալով, որ նիստը փակ էր լրագրողներուն դիմաց, նիստին մասնակցած ներկայ եւ նախկին պատգամաւորները փոխանցեցին, որ հիմնականին մէջ շնորհաւորանքներ հնչեցին, խօսուեցաւ սխալներու, արցախահայ համայնքի պահպանման, ինչպէս նաեւ Արցախ վերադառնալու ուղիներուն մասին:

Արցախի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունց, յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց, տեղեկացնելով, թէ․- «Մենք շարունակելու ենք անել ամէն ինչ, ինչ հնարաւոր է, որպէսզի արցախահայութիւնը վերադառնայ հայրենիք` մեր պատմական հայրենիք, եւ յոյս եմ պահում, որ, չնայած արդէն իմ բաւականին մեծ հասակիս, յոյս եմ պահում, որ կը վերադառնամ` ես կը վերադառնամ, ոչ թէ իմ թոռները: Բոլոր փակագծերն այսօր չեմ կարող բացել, բայց հաւաստիացնում եմ, որ մենք անում ենք հնարաւորը` հաշուի առնելով ե՛ւ տարածաշրջանում ստեղծուած իրավիճակը, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներսում իշխող տրամադրութիւնները, հաշուի առնելով այն մեղադրանքը, որ մեզ, Արցախի պետական կառոյցները որոշ ուժեր անուանում են սպառնալիք Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան համար, մենք ամէն ինչը հաշուի առնելով` շատ մտածուած, հաշուարկուած քայլեր ենք կատարում, որպէսզի լրացուցիչ խնդիրներ չստեղծելով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների համար, այնուամենայնիւ ե՛ւ աշխարհին, ե՛ւ մեր երկու հանրապետութիւնների քաղաքացիներին հաւաստիացնենք, որ մեր պայքարը շարունակուելու է, արցախահայութիւնը չի ընդունի այն գաղափարը, որ մենք փակել ենք Արցախի էջը, եւ վերադարձի տրամադրութիւնները միշտ մեր մօտ մնալու են: Յոյսով եմ, որ թէկուզ ոչ հեռու ապագայում, մենք էական յաջողութիւններ կ՛ունենանք այդ ուղղութեամբ»:

Արցախի խորհրդարանի նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան մեծ յոյսեր ունի Արցախի հարցով վերջերս ստեղծուած յանձնախումբին հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի ղեկավարած այս կառոյցին նպատակն է՝ աջակցել արցախահայերու հաւաքական հայրենադարձութեան ու հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան, իր կարգին ըսաւ․- «Բազմաթիւ գործօնների ազդեցութեան տակ մենք չկարողացանք մեր ունեցածը պահել, պաշտպանել: Ընդհանուր առմամբ, պատմութիւնը ոչ միայն դաս է, այլեւ պատիժ բոլոր նրանց համար, որոնք պատմութեան դասերը հաշուի չեն առնում: Ցաւօք սրտի, մենք մեր անցած դասերը հաշուի չառանք, չկարողացանք պահպանել մեր պետականութիւնը»։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles