Բանավէճ կ՛ընթանայ Արցախը պայքարելով վերադարձնել ուզողներու եւ անոնց միջեւ, որոնք Արցախը յաւերժ կորսուած կը համարեն, եւ ուրեմն պէտք է մոռնալ այդ մասին: Այս վերջին ամօթալի դիրքորոշումը առաջ կը քաշէ գործող վարչակարգը, որ պատասխանատուն է Արցախի կորուստին, իսկ այժմ ամէն բան կ՛ընէ անոր յիշատակը թաղելու համար:
Կը փափաքէի ընթերցողներու հետ կիսել Արեւմտեան Հայաստանի վերադարձին առնչուած տասնամեակներու իմ տեսակէտը եւ Արցախի համար անհրաժեշտ գործողութիւններու հետ կապուած նոյն հարցի համընկնումներուն մասին:
Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մասին ամբողջ աշխարհի մէջ իմ տուած իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք, ներկաներէն ոմանք անմիջապէս կը հարցնեն` ի՞նչ իմաստ ունի հետամուտ ըլլալ նման անյոյս գործի մը, յատկապէս որ մեր պատմական հողերը գրաւուած են թրքական հզօր բանակին կողմէ:
Իմ պատասխանն է` ամէնէն վատ բանը, որ հայերը հիմա կրնան ընել, Արեւմտեան Հայաստանի մասին մոռնալն է, ինչ որ, դժբախտաբար, մեր հայկական տարածքները ընդմիշտ կորսնցնելու ամէնէն դիւրին ճամբան է:
Այժմ, կարելի ամէն բան ընելէ զատ, հայերը պէտք է յաջորդ սերունդին փոխանցեն Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ մեր պահանջները` երազանքը վառ պահելու նպատակով: Եթէ մենք այդ չընենք, մեր ապագայ սերունդները ոչինչ իմանալով մեր պատմական հողերուն մասին` գաղափար չեն ունենար, որ ատոնք մեզի կը պատկանին: Հետեւաբար, եթէ նոյնիսկ օր մը փոխուի աշխարհառազմավարական իրավիճակը, եւ կարելիութիւն ընձեռուի վերադարձնելու մեր կորսնցուցած հողերը, մեր ապագայ սերունդները որեւէ հետաքրքրութիւն չեն ցուցաբերեր ատոնց նկատմամբ:
Յիշեցէ՛ք, որ աւելի քան 2000 տարի հրեայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր իր հայրենիքը եւ ցրուած` աշխարհով մէկ: Հրեաներու յաջորդող սերունդները իրենց հայրենիքին մասին գիտելիքները կը փոխանցէին իրենց զաւակներուն: Աւելի քան 2000 տարի ծնողները Երուսաղէմի եւ Իսրայէլի մասին յիշողութիւնը կը փոխանցէին իրենց զաւակներուն, իսկ անոնք ալ իրենց հերթին` իրենց զաւակներուն եւ այդպէս, սերունդէ սերունդ: Անոնք չմոռցան իրենց արմատներն ու պատմութիւնը` վտարանդի ապրելով Ռուսիա, Եւրոպա եւ այլ երկիրներ: Անոնք բազմիցս ըսած են իրենց զաւակներուն ու թոռներուն` «Յաջորդ տարի Երուսաղէմի մէջ…»: Երկու հազար տարի անց, երբ կարելիութիւն ստեղծուեցաւ վերադարձնելու իրենց հողերը, անոնք օգտուեցան ատկէ եւ իրականացուցին իրենց վաղեմի երազանքը: Նման իրավիճակի մէջ են նաեւ պաղեստինցիները, որոնք բռնի տեղահանուած են եւ կը շարունակեն տեղահանուիլ իրենց հողերէն: Անոնք նոյնպէս կը պայքարին իրենց երազանքը վառ պահելու համար եւ կը հռչակեն իրենց նախնիներուն տուները վերադառնալու իրաւունքը:
Եթէ հրեայ ժողովուրդը կրնայ 2000 տարի պահել հայրենիք վերադառնալու իր երազանքը, ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը չի կրնար վառ պահել իր երազանքը` օր մը վերադառնալու Արցախ եւ Արեւմտեան Հայաստան: Հայերը պէտք է իրենց զաւակներուն ու թոռներուն ըսեն` «Յաջորդ տարի Շուշիի մէջ» եւ «Յաջորդ տարի Վանի մէջ»:
Հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս կրնան հայերը օր մը վերադառնալ իրենց հողերը, եթէ Արցախն ու Արեւմտեան Հայաստանը գրաւուած են հզօր թշնամիներու կողմէ: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ ոչինչ յաւերժ է: Աշխարհի մէջ չկայ երկիր մը, որ պատմութեան սկիզբէն ի վեր ունեցած է նոյն սահմանները: Տարիներու ընթացքին որոշ երկիրներ ընդլայնած են իրենց սահմանները, իսկ ուրիշներ` կորսնցուցած իրենց տարածքները: Որոշ երկիրներ դարձած են մեծ կայսրութիւններ, իսկ միւսները անհետացած են աշխարհի երեսէն: Բայց մէկ բան պարզ է. ոչ ոք կրնայ պնդել, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այսօրուան սահմանները յաւերժ կը մնան նոյնը: Ընդամենը 100 տարի առաջ հսկայական եւ հզօր Օսմանեան կայսրութիւնը վերածուեցաւ շատ աւելի փոքր տարածքով Թուրքիոյ Հանրապետութեան: Թէեւ հնարաւոր չէ կանխատեսել, թէ ճիշդ ե՛րբ կը փոխուին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սահմանները, ատոնք, անշուշտ, նոյնը պիտի չմնան: Ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենան այդ փոփոխութիւնները: Կան քանի մը բեմագրութիւններ, ինչպիսիք են` տարածաշրջանային պատերազմները, նոյնիսկ համաշխարհային պատերազմը, քաղաքացիական պատերազմը եւ միջուկային կամ այլ տեսակի աղէտները: Այսպիսի իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են անցեալին, եւ անշուշտ որ տեղի կ՛ունենան ապագային:
Երբ տեղւոյն վրայ հողային փոփոխութիւններ տեղի ունենան, արդեօք հայ ժողովուրդի ապագայ սերունդները կ՛իմանա՞ն եւ կը յիշե՞ն, որ Արցախն ու Արեւմտեան Հայաստանը իրենց պատմական հայրենիքի մէկ մասն են, թէ՞ անտեղեակ կ՛ըլլան, որովհետեւ երբեք չեն լսած Շուշիի եւ Վանի մասին: Եթէ անոնք զրկուին այդ գիտելիքներէն, երբ ապագային կարելիութիւններ ստեղծուին, նոյնիսկ եթէ անհաւանական բարեացակամ Ատրպէյճանցի կամ թուրք ղեկավար մը վերադարձնէ այդ հողերը մեր թոռներուն, անոնք չեն հետաքրքրուիր անոնցմով, քանի որ երբեք չեն իմացած ատոնց մասին:
Եզրափակելով` խորհուրդ կու տամ միշտ վառ պահել երազանքը: Մինչ թշնամիներու գործողութիւններու պատճառով մենք զրկուած ենք մեր հողերէն, մեզմէ կախուած է յիշողութիւնը չկորսնցելու եւ երազելու` օր մը մեր հայրենի հողերը վերադառնալու մասին: Եկէ՛ք մեր պահանջները փոխանցենք գալիք սերունդներուն: Թշնամին խլած է մեր հողերը, բայց ան չէ խլած եւ չի կրնար խլել մեր յիշողութիւնը: Մոռնալով մեր պատմական հողերուն մասին` մենք ենք, որ օգնած կ՛ըլլանք մեր թշնամիներուն` վերջին քարը դնելու մեր դատի գերեզմանին…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ