ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ԵՒ ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 1 Second

Հինգշաբթի, Փետրուար 8-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց (Ռիճֆիլտ) եկեղեցւոյ մէջ, անուանակոչութեան տօնին առթիւ։ Սուրբ Պատարագին բարեպաշտ ժողովուրդի կողքին ներկայ էին նաեւ Յովնանեան վարժարանի աշակերտութիւնը, տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմը։ Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ վեր առնելով Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին շարականի բառերը՝ «Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց, վարեցար զինու Հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու», յայտնեց, թէ բոլոր անոնք, որոնք Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ կ՛առաջնորդուին, արիաբար մարտահրաւէր կը կարդան նոյնիսկ մահուան, որովհետեւ ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, նաեւ իր հետեւորդները իրենց մահով վեր կը մնան մահէն։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը, խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, ըսաւ,- «Սուրբ Հոգիով լեցուիլ կը նշանակէ գիտակից եւ երախտապարտ ըլլալ Աստուծոյ մեր ծնողաց եւ ուսուցիչներուն կողմէ մեզի պարգեւուած եւ ուսուցուած բարիքներուն համար։ Կեանքի մէջ միշտ պատրաստ եւ արթուն ըլլանք, որպէսզի չտարուինք շրջապատի մոլար խաբեբայութիւններէ, այլ միշտ ընտրենք բարին, գեղեցիկը եւ վսեմը»։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ․ Վրդ․ Եմիշեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց գործակցութեան համար; Ապա Յովնանեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին երգախառն արտասանութիւններով կոկիկ յայտագիր մը, Վարդանանց ոգիով եւ նուիրուած Արցախին։

Օրուան խորհուրդին մասնակից եղան նաեւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն․ Լագիսեան՝ հովիւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք), եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն․ Գույումճեան՝ հովիւ Թրոյի (Նիւ Եորք) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ։

Կիրակի, Փետրուար 11-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց Ռոտ Այլընտի Սրբոց Վարդանանց (Փրաւիտընս) եկեղեցւոյ մէջ, անուանակոչութեան տօնին առթիւ։ Սուրբ Պատարագին ժողովուրդի կողքին ներկայ էին նաեւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի արիներն ու արենոյշները։

Սրբազան Հայրը՝ դպիր ձեռնադրելէ ետք պատանի Մատթէոս Պըրքը, քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ Բուն Բարեկենդանի խորհուրդին։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն։ Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն․ Պաղսարեան սեղանի օրհնութիւնը կատարեց։  Բարի գալուստի խօսք ուղղեց հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Լեւոն Աթթարեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն․ Նազարեան խոր շնորհակալութիւն յայտնեց ծխականներուն եւ պաշտօնակիցներուն իրենց անսակարկ գործակցութեան համար։ Բազմամեայ ծառայութեան առ ի գնահատում, եկեղեցւոյ երգեհոնահար եւ արուեստի ուսուցիչ՝ Ռաֆֆի Ռշտունի, պարգեւուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագրով։

Խօսք առաւ Ռոտ Այլընտ նահանգի նահանգային ծերակուտական՝ տիար Դաւիթ Թիքոյեան, որ գնահատեց հայ համայնքի դրական ներդրումը առհասարակ բոլոր մարզերէն ներս։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը իր կարգին վեր առաւ պրն․ Թիքոյեանի արժանիքները, եւ մաղթեց որ մնայ միշտ պատնէշի վրայ՝ համամարդկային արժէքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր։ Նաեւ դրուատեց գաղութէն ներս գործող բոլոր մարմիններուն ներդաշնակ գործունէութիւնը, Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն անոնց անվերապահ աջակցութիւնը, եւ մաղթեց որ Վարդանանց ոգիով միշտ  յաղթահարեն կեանքի բոլոր մարտերուն, եւ հայ հաւատքի ու ինքնութեան ջահը վառ պահեն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles