«Վա՛յ այն ազգին, որ իր դէմքը կորցնում է եւ
աղաւաղում իր հոգին: Նրան մահ է սպասում»
ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ
«Անցորդը Եւ Իր Ճամբան»
Փաստօրէն մենք ազգովին ունինք այս մտահոգութիւնը: Բարձրաձայն թէ լռելեայն կ՛ըսենք, ականատես ենք մեր «դէմք»-ի փոփոխութեան հարցին:
Փաստօրէն լաւ օրեր չեն սպասեր մեզի:
Մեր ազգային սկզբունքներէն եւ ձեռք բերուած բոլոր յաջողութիւններէն զիջելով` մեր ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգը ամէն տեղ է, եւ արագընթաց կերպով մաշելու, եղածին յարմարելու, մեր դիմագիծը կորսնցնելու վտանգը ամէն տեղ ակներեւ է:
Հարցը ո՛չ սահմանադրութիւնն է, ո՛չ քայլերգը, ո՛չ Արցախը, ո՛չ ալ պատերազմը:
Հարցը պարտուողական եւ շուարած քաղաքականութեան մը որդեգրման մեր հետեւողական եւ զիջողական ընթացքն է:
Հարցը մեր միասնականութեան պակասն է: Ինչի՞ կը սպասենք, որ միասնական ըլլանք: Տակաւին ահաւոր ի՞նչ դէպքեր պէտք է արձանագրուին, անհանդուրժելի ի՞նչ որոշումներ տրուին, որպէսզի ժողովուրդը ոտքի ելլէ:
Հարցը անտարբերութիւնն է: Համատարած անտարբերութիւնը: Մասնակից չզգալու, չըլլալու եւ լուսարձակներէ հեռու մնալու հարցն է:
Ազգովին վտանգուած ենք: Վտանգուած ենք, որ անհայրենիք ժողովուրդ կը դառնանք: Վտանգուած ենք, որ մեր ինքնութիւնը կը կորսնցնենք: Վտանգուած ենք, եթէ քայլեր չառնենք: Հիմնական մէկ ու մեծ քայլը միասնական ըլլալն է: Հիմնական քայլը հզօր բանակ ունենալն է, որովհետեւ եղածը պահելն ալ հարցականի տակ է: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ ոճով եւ ի՞նչ դիմագիծով պահելը մեծ հարց է:
«Հայոց պատմութի՞ւն», թէ՞ «Հայաստանի պատմութիւն» դասաւանդելու խնդիրն ալ այս ամբողջական կողովին մէջ է:
Հարցնող, քննարկող, մտածող, առաջարկող, կարծիք առնող կամ փոխադարձ տեսակէտներ արծարծող ո՛չ մէկ հարթակ: Ո՛չ մէկ մտածում: Տիրական է ամէն բան կոկորդէդ իջեցնելու, լուռ ու մունջ ընդունելու եւ համակերպելու, պարտադրելու եւ անզիջելու մթնոլորտ մը, որ ազգովին սխալ տեղ կը տանի:
Ժողովրդային ըմբոստութեան, ընդվզումի, եղածը չընդունելու, աւելի լաւ պայմաններ ձեռք ձգելու ձեւերը կան անկասկած:
Ամէն բան գիտենք, կ՛ընենք, կը տեսնենք:
Փաստօրէն չեղաւ օր մը, որ հոգեկան, քաղաքական, ազգային գոհունակութիւն մը ունեցանք: Ընդհակառակն, օրէ օր զիջելու, տեղի տալու, պարտուելու, ընդունելու, գլուխ ծռելու, տկարանալու երեւոյթներու դէմ յանդիման կը կանգնինք:
Այդ է, որ գալիքն ալ վարդահեղեղ արշալոյս չենք տեսներ:
Ուշ չէ:
Միասնակամութեան կոչ ուղղելն է հրամայականը` բոլորով, բոլորիս համար աշխատելու, որովհետեւ այսօր ազգային դիմագիծ եւ հայրենիք պահելն է առաջնահերթը: