Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.- Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

0 0
Read Time:33 Second

 

Հ․Յ․Դ․ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Հինգշաբթի, Փետրուար 8-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակի, արցախեան հիմնախնդիրի, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, յատկապէս Արցախ հաւաքական վերադարձի հարցերը:

Տեղեկութիւններ փոխանակուեցան հայրենիքի մէջ եւ համաշխարհային մակարդակով Արցախի հարցի արդարացի լուծման կապակցութեամբ կատարուած աշխատանքներու եւ նախատեսուած համահայկական նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ:

Շեշտուեցաւ արցախահայերուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ Հայաստանի պետականութեան հիմքերու ամրապնդման աշխատանքի շարունակութեան, ի խնդիր ազգային միասնականութեան զօրացման եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման` ազգային կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ դերի խորացման կարեւորութիւնը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles