Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

0 0
Read Time:1 Minute, 43 Second

ՏՈՀԱ․- Չորեքշաբթի, Յունուար 10-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վարչապետարանին մէջ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Մուհամետ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասեմ Ալ-Սանիի հետ՝ ներկայութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քաթարի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Շանթ Վարդանեանի, Թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանի, Ս. Աթոռիս Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի եւ Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեք յաջորդական հանգրուաններով։ Առաջին հանգրուանը՝ պատուիրակութեան ներկայութեամբ. Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով 12 տարի առաջ Քաթարի էմիրին հետ ունեցած հանդիպումին՝ յիշեցուց, թէ երեք բառերով բնորոշած էր Քաթարի ընթացքը՝ զարգացում, չափաւորութիւն եւ երկխօսութիւն։ «Այսօր ուրախ եմ հաստատելու, որ վերանորոգ կերպով Քաթարը կը շարունակէ իր ընթացքը՝ միջազգային համայնքին մէջ իր կարեւոր դերակատարութեամբ եւ Միջին Արեւելքէն ներս իր վճռորոշ դերով՝ կարգ մը բարդ խնդիրներու գծով, յատկապէս Իսրայէլի պատերազմը Կազայի դէմ ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը», ըսաւ Վեհափառը։

Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ Սփիւռքի հայ գաղութներուն մասին։ Այս ծիրէն ներս, ան անդրադարձաւ Քաթարի հայ գաղութին։ Այս գծով Մեսրոպ սրբազան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց վարչապետին։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը վարչապետէն խնդրեց, որ պետութեան կողմէ հողաշերտ տրամադրուի մեր գաղութին՝ եկեղեցւոյ շինութեան համար։ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ միջ-կրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան եւ այդ գծով Քաթարի իւրայատուկ դերին։ Պատասխանելով Վեհափառ Հայրապետին՝ վարչապետը նախ մեծ ուրախութեամբ ողջունեց Հայրապետին այցելութիւնը, որ կը կատարուէր ընդառաջելով իր իսկ կողմէ յղուած պաշտօնական հրաւէրին։ Վարչապետը յայտնեց, թէ Քաթարը կը շարունակէ այն ուղին, որ Նորին Սրբութիւնը տարիներ առաջ պարզած էր նախկին էմիրին։

Վարչապետը ըսաւ, որ հարցերու լուծման գծով իրենց նպատակը միշտ եղած է արդարութիւն ու չէզոքութիւն։ Խօսելով հայ համայնքին մասին՝ ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եւ ընդգծեց, թէ ուր որ հայ ժողովուրդը բնակած է՝ հաւատարիմ մնացած է իր բնակած երկրին եւ պահած է իր մշակոյթը, լեզուն եւ ինքնութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի հողաշերտին, վարչապետը ըսաւ, որ ինք պիտի փորձէ օգտակար հանդիսանալ հայ համայնքին հող տրամադրելու համար։

Հանդիպման երկրորդ հանգրուանին, Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական Պպոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին։ Հանդիպման երրորդ հանգրուանը կայացաւ Նորին Սրբութեան եւ վարչապետին միջեւ, ուր Հայրապետը անդրադարձաւ կարգ մը հարցերու։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles