ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 48 Second

Ա.Ա.

    Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները ներկայիս բաւական լարուած են։ Պատճառը Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմական վերջին գործողութիւններն են, որոնց իբրեւ հետեւանք Արցախը քանի մը շաբթուան ընթացքին ամբողջութեամբ հայաթափուեցաւ։ Ամերիկացիք նաեւ դժգոհ են,որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները յառաջ չեն երթար՝ իրենց միջնորդութեամբ  ամերիկեան ու եւրոպական հարթակներու վրայ։

    Արցախի վերաբերեալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վարած հակահայ քաղաքականութեան պաշտօնապէս անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն, որ յայտարարեց, թէ Արցախի դէմ պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններէն եւ յարձակումներէն ետք Միացեալ Նահանգներ – Ատրպէյճան յարաբերութիւնները բնական չեն կրնար շարունակուիլ, այնքան ատեն որ նաեւ յառաջխաղացք չկայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ։ Ամերիկեան բացայայտ դժգոհութիւններուն պատճառով ալ ջնջուեցան ամերիկացի կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու Ատրպէյճան այցելութիւնը՝ դատապարտանքի յայտարարութիւններ հրապարակելով  Արցախի հայաթափման պատճառ հանդիսացող ատրպէյճանական զինուորական գործողութիւններուն կապակցաբար։

    Ուաշինկթընի վարչակարգին որդեգրած այս  քաղաքականութեան ծիրին մէջ ուժի մէջ մնաց նաեւ Ատրպէյճանի զինուորական օժանդակութիւն տրամադրող՝ թիւ 907 օրինագիծը, որովհետեւ ըստ ամերիկեան իշխանութիւններուն եւ օրէնսդիրներուն, Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած ընդհանուր քայլերուն պատճառով ոչ մէկ բարելաւում արձանագրուած է իրավիճակին մէջ։ Թիւ 907 օրինագիծին պահպանման զուգահեռ, ամերիկեան Ծերակոյտը առաւ կարեւոր քայլ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ամերիկացիք որքան յանձնառու կը մնան Արցախի դէմ գործադրուած ատրպէյճանական քաղաքականութեան դէմ ազդու ձայն մը ըլլալու իրենց յանձնառութեան մէջ։Ծերակոյտին մէջ ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրուեցաւ «Հայերու Պաշտպանութեան Աքթ»-ը, որ եթէ օրէնքի վերածուի, ամբողջութեամբ պիտի արգիլէ Ատրպէյճանի յատկացուելիք զինուորական բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները։ Օրէնքի վերածուելուն պարագային, զայն ջնջելու կամ վերատեսութեան ենթարկելու հոլովոյթը կարիքը ունի օրէնսդրական բաւական բարդ գործընթացի մը, որ կրնայ երկար ժամանակ տեւել։

    Ամերիկեան այս քայլերուն դիմաց Ատրպէյճան բնականաբար ձեռնածալ եւ լուռ պիտի չմնար։ Առաջին հերթին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ, որ իր համալսարանական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած պաշտօնատար մըն է, յայտարարեց,որ պէտք է արգիլել Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան Ատրպէյճանի մէջ աշխատանքները եւ ծրագիրները, որովհետեւ, ըստ Հաճիեւի, գործակալութիւնը լրատու որոշ աղբիւրներու միջոցով երկրին մէջ հակաատրպէյճանական գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Ան նաեւ լրտեսութեան յանցանքով ամբաստանեց անցեալ ամիս ձերբակալուած ատրպէյճանցի հինգ լրագրողներ, որոնք ընդդիմադիր Ապսազ Մէտիա լրատուական կայքին աշխատակիցներէն են։ Անոնք վերջերս չէին ընդառաջած Արցախի մէջ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն «իրագործումները» գովաբանելու Պաքուի իշխանութիւններուն յանձնառարականներուն, այլ բացայայտած էին Արցախի մէջ փտածութեան եւ կաշառակերութեան պարագաներ, որոնց հերոսները Ալիեւի երկու դուստրերուն մօտիկ անձնաւորութիւններ են։Ըստ Հաճիեւի, Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր ենթակայ է Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպիինկին ճնշումներուն եւ հակաատրպէյճանական գործունէութիւն կը ծաւալէ։

    Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդեց, որ Ուաշինկթըն կորսնցուցած է չէզոք եւ առարկայական հիմեր ունեցող միջնորդի իր հանգամանքը, որովհետեւ կը ջանայ ապակայունացնել Ատրպէյճանը։Իսկ իշխանութիւններուն գործիքին վերածուած մամլոյ աղբիւրներ հաղորդեցին,որ ամերիկացիք իրենց գործակալ լրագրողներու միջոցով կը ջանան միջամուխ դառնալ եւ խանգարել Ատրպէյճանի ներքին իրավիճակը։Բնականաբար խօսքը կը վերաբերէր այն հինգ լրագրողներուն, որոնք, անտեսելով իշխանութիւններուն կողմէ բացայայտօրէն դրուած պահանջը, փոխանակ ատրպէյճանի բանակը գովերգելու, թէ Արցախի մէջ մեծ իրագործումներ արձանագրած է, գրեցին փտածութեան եւ կաշառակերութեան պարագաներու մասին, որոնք կ՛արձանագրուին Արցախի այսպէս կոչուած «վերաշինութեան» ծրագրերուն գործադրութեան ընթացքին։

   Նման բաւական լարուած իրավիճակի մը մէջ, աւելի քան տարուան մը պարապութենէ ետք, Միացեալ Նահանգներ ունեցան Ատրպէյճանի մէջ իրենց նոր դեսպանը, յանձինս Մարք Լիպպիի, որ իր պաշտօնը ստանձնելէ առաջ նշած էր,որ իբրեւ դեսպան կը մեկնի երկիր մը, որ կը համարուի տագնապներու կիզակէտ մը։ Անշուշտ ամերիկացի դեսպանը լաւապէս կը գիտակցի, որ ամերիկեւատրպէյճանական չափազանց լարուած մթնոլորտի մը մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը բնաւ հեզասահ պիտի չընթանայ։ Սակայն քաղաքականութեան մէջ բոլոր տեսակի յարաբերութիւնները յարափոփոխ ընթացք մը ունին եւ այսօրուան լարուած իրավիճակը միայն կարճ հանգրուան մը կրնայ ըլլալ։ Այս իրողութեան յենակէտը քաղաքական այն շահերն են, որոնք կրնան երէկուան հակառակորդները վաղուան բարեկամներուն վերածել։Նաեւ՝ հակառակը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles