Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբ` Հպարտութեան Առարկայ

2 0
Read Time:8 Minute, 13 Second

 Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան

Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսէց

Ես երբեք նման յօդուած մը չեմ գրած: Բացի հոգեւորական ըլլալուս հանգամանքէն, ըլլալով նաեւ մասնագիտացած երաժիշտ գիտակցօրէն հեռու մնացած եմ որեւէ երաժշտական քննադատական գրութիւններէ, սակայն վերջերս Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին համերգը Պոսթընի Սիմֆոնի դահլիճին մէջ ինծի ստեպել կու տայ նման բան մը ընելու, նկատի ունենալով քանի մը հանգամանքներ: Առաջինը՝ որովհետեւ լաւ ծանօթ եմ նուագախումբերու արուեստին ու ատոնց գործնական երեսներուն, երկրորդը՝ ինքս անցեալին  ղեկավարած եմ ու յառաջիկային պիտի ղեկավարեմ Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիքը ու լաւ ծանօթ եմ տուեալ նուագախումբին եւ ատոր հետ կապուած հարցերուն, իսկ երրորդը՝  նկատի ունենալով նաեւ ներկայիս մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները կ’ուզեմ արտայայտուիլ համերգին ու նման միջոցառումներուն քարոզչական եւ նաեւ քաղաքական նշանակութեան մասին:

Անցեալ տարի Սեպտեմբերին Երեւան այցելեցի ղեկավարելու համար Հայաստանի Ազգային Կամերային (սենեկային) Նուագախումբը: Համերգէն ետք բնական էր որպէս մասնագէտ, որ ներկայ պիտի գտնուէի Հայաստանի Ֆիլհարմոնիքի համերգին: Գացի այն սպասումով, որ սովորական համերգի մը պիտի ներկայ ըլլայի, բայց ի զարմանս ինձ հաճելի անակնկալի մը դէմ յանդիման եկայ: Դիմացս բարձր մակարդակի նուագախումբ մը տեսայ: Նուագախումբը անցնող քսան տարիներու ընթացքին հսկայական յառաջխաղացում արձանագրած է: Ես վերջին անգամ տուեալ նուագախումբը ղեկավարած եմ  2001-ին ու այդ ժամանակ նուագախումբը ունէր ինդոնացիայի (երաժշտական ձայնի բարձրութեան ճշդութեան) ու ներքին կարգապահութեան հարցեր (իրարու հետ նուագելու, իրարու լսելու, մէկ խօսքով որպէս միակամ մարմին հնչելու հարց):  Այն ժամանակ Եդուարդ Թոփճեանը դեռ նոր ստանձնած էր Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին Գեղարուեստական Ղեկավարի ու Գլխաւոր Դիրիժորի (նուագավարի) պաշտօնը:

               Նուագախումբերը նման վիճակի մը կը հասնին, երբ ատոնց տէրութիւն ընող չկայ, ուրիշ խօսքով չկայ գլխաւոր ղեկավար մը, որ բացի նուագախումբը ղեկավարել է ժողովրդական արտայայտութեամբ նաեւ «պապայութիւն» ընէ: Արեւմտեան ու զարգացած երկիրներու  պարագային նման հարց գոյութիւն չունի: Ինչպէս քաղաքականութեան մէջ՝ համակարգը ինքն իրեն կը գործէ ու գլխաւոր ղեկավարը աւելի կը կեդրոնանայ նուագախումբին գեղարուեստական կատարման վրայ: Տնտեսական հարցերը իրեն չեն հետաքրքրեր: Հայաստանի նման երկրի մը մէջ գլխաւոր ղեկավարը ամէն ինչ է: Ան պէտք է հոգայ անդամներուն ամէնօրեայ պէտքերը, պէտք է օգնէ անոնց բնակարան հայթայթելուն, պէտք  է հոգայ որ անոնց եկամուտը գո՛նէ ընդունելի ըլլայ ու երբեմն ու բառացիորէն պէտք է կերակրէ անոնց: Այս մէկը չափազանց դժուար գործ մըն է Հայաստանի պարագային, նկատի ունենալով ներքին եւ արտաքին քաղաքական վերիվայրումները ու տնտեսական պայմանները: Ու նման պայմաններուն մէջ բարձր մակարդակի սիմֆոնիք նուագախումբ մը ունենալը երկարատեւ, ժրաջան ու իմաստուն աշխատանքի արդիւնք է:  Լաւ գիտնալով թէ ինչպէս նուագախումբ մը կը գործէ ու առանց հարցնելու կրնամ հաստատել, թէ այս մէկը գլխաւորաբար Եդուարդ Թոփճեանի ջանքերուն արդիւնքն է:

Այս բոլորին վրայ պէտք է գումարել գլխաւորը, նուագախումբին գեղարուեստական մակարդակը, որ ինչպէս վերը նշեցի եթէ կը թերանար անցեալին, ապա ներկայիս մեծ նուաճումներ արձանագրած է: Երկու տեսակի նուագավարներ (դիրիժորներ)  կան, առաջինը՝ արթիսքիք նուագավարներ, որոնք աւելի հակում ունին այցելու նուագավարներ ըլլալու: Նմաններուն ամենայայտնի ներկայացուցիչներէն մէկն էր  Քարլոս Քըլէյպըրը:  Նուագավարներու  երկրորդ տեսակը՝ աւելի աքատեմիք նուագավարներն են, որոնք հակում ունին աւելի քիչ հիւրախաղելու ուրիշ նուագախումբերու հետ ու կը նախընտրեն կեդրոնանալ իրենց նուագախումբերուն վրայ: Նման նուագավարներ էին Հերպերթ Ֆոն Քարայանը, Եւկենի Մրավինսկին ու ուրիշներ: Թոփճեանը անկասկած երկրորդ տեսակն է: Ան աչքի կ’իյնայ իր լրջութեամբ ու աշխատասիրութեամբ:  Շատ կարեւոր յատկանիշներ գլխաւոր ղեկավարի մը համար: Ինչքան որ ալ տաղանդաւոր ըլլայ նուագավարը, առանց այս յատկանիշներուն լուրջ յաջողութեան չի կրնար հասնիլ: Շատ օրինակներ կան, երբ տաղանդաւոր նուագավարներ քիչ արդիւնքներու հասած են որովհետեւ յարատեւ ու լրջօրէն չեն աշխատած: Երր Վերտիին հարցուցած են, թէ ի՞նչն է յաջողութեան գաղտնիքը ան պատասխանած է.  «Աշխատիլ, աշխատիլ եւ աշխատիլ»: Նոյնը կարելի է ըսել նուագավարութեան  ու սիմֆոնիք արուեստի պարագային:

Ահա այս պատճառով երբ Նոյեմբեր 21-ին ուղղուեցայ Պոսթըն Սիմֆընի դահլիճ Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիքի համերգին, բարձր սպասումներ ունէի, որոնք իրենց կարգին ինծի չդաւաճանեցին:

Համերգին ծրագիրը կը բաղկանար երեք ստեղծագործութիւններէ: Առաջին բաժնին մէջ ընդգրկուած էր Խաչատուրեանի Սպարտակ պալէէն երեք հատուածներ ու Ռախմանինովի երրորդ դաշնակի քոնչերթոն՝ մենակատար ունենալով Սերգէյ Պապայեանը, իսկ երկրորդ մասին մէջ Ռախմանինովի երկրորդ սիմֆոնիան:

Նուագախումբը հնչեց միակամ ու մաքուր: Ես յատուկ պիտի չանդրադառնամ Խաչատուրեանի Սպարտակ պալէի հատուածներու ու համերգի վերջին որպէս պիս (encore) կատարուած Վալսի կատարումներուն: Վարը յիշուած Նիւ Եորքի համերգի մասին յօդուածներուն մէջ ամէն բան ըսուած է արդէն: Գալով Ռախմանինովի երկրորդ սիմֆոնիայի կատարման, առանց կասկածի կարելի է ըսել որ բացառիկ էր: Լարայինները հնչեցին շքեղ, ու մանաւանդ առաջին ջութակները երրորդ մասին մէջ գերակատարեցին իրենց երգայնութեամբ: Ես համաձայն չեմ այն քննդատութեան հետ որ հնչած է «The Boston Musical Intelligencer» համացանցային ժուրնալին մէջ Սիւզան Միրընի կողմէ, այն մասին թէ Ռախմանինովի 2-րդ սիմֆոնիային երրորդ բաժնին մէջ մենանուագային բաժինները «չծաղկեցան սրահին մէջ», այսինքն պէտք եղած ձեւով չհնչեցին: Ամենայն դէպս, ես նման թերացում մը չլսեցի: Ընդհակառակը, այդ բաժինները հնչեցին մեղմ բայց արտայայտիչ, բան մը որ դիւրին չէ իրագործել: Արդե՞օք Միրընը կը սպասէր որ այդ հատուածները աւելի ուժեղ հնչէին, եթէ այդ է իրեն պատկերացումը անձնապէս համաձայն չեմ: Կը կարծեմ որ կատարումը կը համապատասխանէր Ռախմանինովի երաժշտութեան հոգիին ու ստեղծուած մթնոլորտը կը համապատասխաներ երգահանին նկրտումներուն, կատարում մը որ ինծի յիշեցուց Սէնթ Փիթըրզպուրկի Ֆիլհարմոնիքի կատարումները:

Գալով Սերկէյ Պապայեանին, որ համաշխարհային հռչակ կը վայելէ ու կատարեց Ռախմանինովի երրորդ դաշնակի քոնչերթոն, ստեղծագործութիւն մը որ դաշնակի համար ամենէն դժուարներէն մէկն է համաշխարհային դասական երաժշտութեան մէջ, ապա վստահօրէն կարելի է ըսել, որ Պապայեանը ցոյց տուաւ ամենաբարձր մակարդակ ու կատարողալան հմտութիւն:

Համերգը Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիքի համաշխարհային հիւրախաղերուն մասը կը կազմէր ու ատոր եզրափակիչ հանգրուանն էր: Ան նուիրուած էր Ռախմանինովի ծննդեան 150 եւ Խաչատուրեանի ծննդեան 120 ամեակներուն: Նախքան Պոսթըն ժամանելը նուագախումբը համերգներ տուած էր Յունաստան՝ Սալոնիկի եւ Աթէնքի մէջ, Նիւ Եորքի «Քարնըկի» դահլիճէն ներս, Գանատա՝  Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ: Ըստ վկայութիւններու ամենուրէք մեծ յաջողութիւն եղած է: Բնական է, որ հիւրախաղերուն ամենէն կարեւոր համերգը Նիւ Եորքինն էր, նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ «Քարնըկի»  դահլիճը դասական երաժշտութեան ամենէն կարեւոր համաշխարհային հարթակներէն մէկն է, հաւանաբար առաջին երեքէն մէկը՝ Վիեննայի Միւզիքֆէրայնի ու Լոնտոնի Ռոյալ Ֆէսթիվալ կամ Ռոյալ Ալպերթ դահլիճներուն հետ: Առ ի տեղեկութիւն պէտք է յիշել, որ Նիւ Եորքի համերգին մենանուագողը ի տարբերութիւն Պոսթընի համերգին մեր հպարտութեան առարկայ ու համաշխարհային հռչակ վայելող Սերգէյ Խաչատուրեանն էր, որ մենակատարած էր Խաչատուրեանին ջութակի քոնչերթոն:  Ու հոս Հայաստանի Ֆիլհարմոնիքը կատարեալ յաջողութիւն արձանագրեց: Ահա թէ ինչ կը գրէ Տէյվիտ Փաթրիք Սթըրնը «artsjournal.com» համացանցային թերթին մէջ. « Խաչատուրեանին ստեղծագործութիւններէն բաղկացած համերգին առաջին մասը ցոյց տուաւ, որ նուագախումբը անհամեմատօրէն բարձր է երկրորդական մակարդակի նուագախումբ մը դասուելէ, եւ արժանի յաւելում մը կրնայ ըլլալ «Քարնըկի»-ի մէջ ներկայացուած աշխարհի միւս մեծ նուագախումբերուն»: Իսկ յօդուածին վերջաւորութեան Սթըրնը կարծիք մը կու տայ, որ մասնագէտներուն ու մեծ փորձառութիւն ունեցող դասական երաժշտութեան սիրողներուն համար կրնայ հասկնալի ըլլալ, երբ ան համացանցէն ծանօթանալով նուագախումբին ձայնագրութիւններուն այն կարծիքը կը յայտնէ որ նուագախումբը կրնայ նաեւ Մոցարթ կատարել: Բայց ինչո՞ւ համար Մոցարթ: Որովհետեւ գեղարուեստականօրէն Մոցարթը կատարելու համար ամենէն դժուար երգահաններէն մէկն է: Թեքնիք կողմին մասին չէ խօսքը, այլ Մոցարթի գեղարուեստական ոճի կատարման մասին է, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ անգամ շատ քիչերուն համար հասանելի է:

              Գալով Հարի Ռոլնիքին, որ ուրիշ համացանցային ժուրնալի «concertonet.com»-ի մէջ յօդուած մը հրատարակած է, ան հետեւեալը կը գրէ Թոփճեանին ղեկավարելու ոճի մասին.

«Մաեսթրօ Թոփճեանը երկու յատկանիշներ եւ ինչ որ ինծի թուաց մէկ պարտականութիւն ունի: Յատկանիշները՝ նուագախումբին վրայ անոր կատարեալ հսկողութիւնն ու Խաչատուրեանի երաժշտութեան կառուցուածքին ճիշտ զգացողութիւնն է: Խաչատուրեանին համար շատ կարեւոր են քրեշենտոները (ձայնի ուժգնութեան աճման ընթացքը): Ինչքան որ ալ հատուածի մը սկիզբը հանդիսաւոր էր (պէտք է հասկնալ նաեւ բարձրաձայն), օրինակ Սպարտակի Ատաճիօյի պարագային, նուագախումբին ձայնը անխուսաբելիօրէն զօրացաւ հագեցածօրէն ու փայլունօրէն եւ Պր. Թոփչեանը այս պահերը նրբօրէն, բայց միաժամանակ նուագախումբին վրայ  կատարելապէս հսկելով ղեկավարեց»:

Անպայման պէտք է կարդալ երկու յօդուածներն ալ հոս սեղմելով.

– https://www.artsjournal.com/condemned/2023/11/the-armenian-national-philharmonic-makes-a-magical-stealth-appearance-at-carnegie-hall/

– https://www.concertonet.com/scripts/review.php?ID_review=15961

Համերգին գլխաւոր հովանաւորողներն էին Նիւ Ինկլընտի Համահայկական Խորհուրդը ու ուրիշ կազմակերպութիւններ եւ ամենէն կարեւորը որ համերգը բարեգործական էր, Արցախի փախստականներուն օգնութեան համար: Ահա թէ ինչ կը գրէ այս մասին նոյն Սիւզըն Միրընը. «Ես կը սիրեմ համայնք մը որ իրենիններուն կ’օգնէ: Այս համերգը կատարեալ օրինակ մըն էր միութեան ու համերաշխութեան»:

Հոս պէտք է բակագիծ մը բանալ ու խօսիլ այն երեւոյթի մասին, որ համերգին ներկայ գտնուող հայ ունկնդիրներուն մեծամասնութեան անտեղեակ ըլլալն է դասական երաժշտութեան համերգներու յաճախման կանոններուն: Այս մէկը արտայայտուեցաւ ուշացած դահլիճ մուտք գործողներուն բարձր թիւերով, ծափահարութիւններուն ուղեկցող սուլոցներով եւ նոյն ստեղծագործութեան մասերուն միջեւ ծափահարութիւններով: Ուրիշ բան դժուար էր ակնկալել: Գաղութէն ներս ըսի-ըսաւ կայ այս մասին: Մի գուցէ արժէր համերգէն առաջ յայտարարութիւն մը ընել ու բացատրութիւն մը տալ: Ամենայն դէպս, չնայած երեւոյթին անսովորական ըլլալուն, ատոր ժխտական անդրադարձին մասին պէտք չէ չափազանցել: Նման երեւոյթներ տեղի կ’ունենան ուրիշ տեղեր նաեւ: Փաստօրէն՝ օրինակ Սիւզան Միրընին չէր խանգարած այս հանգամանքը:

           Ինչպէս վերը նշած էի, այս յօդուածը գրելուս պատճառներէն մէկը նաեւ համերգին կամ աւելի լայն նայած արուեստին ու մանաւանդ դասական երաժշտութեան ունեցած դերի մասին է քաղաքակրթական տեսանկիւնէն: Բանը այն է, որ այսօր ամէն ինչ շատ արագ կրնայ քաղաքական նշանակութիւն ստանալ: Պատերազմները միայն ուժային չեն, այլ ամէն ճակատներու վրայ տեղի կ’ունենան, առաւել եւս այսօրուայ իրարու փոխկապակցուած աշխարհին մէջ: Արուեստը քարոզչութեան հզօր միջոց է: Ինչպէս մարզական խումբերը, դասական երաժշտութեան պարագային նուագախումբերը ու օփերային թատրոնները երկիրներու դեսպաններն են: Եթէ մարզանքի պարագային զանգուածներու հետ գործ ունինք, ապա դասական երաժշտութեան պարագային էլիթներու, վերին դասակարգերու հետ: Հայաստանը, որ վերջերս մեծ պարտութիւն մը կրած է Արցախի պարպումով ու ինքը գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւէ, նման պայմաններուն մէջ Հայաստանը որ այսպիսի ձեւով՝  նման ազգային սիմֆոնիք նուագախումբով մը աշխարհին կը ներկայանայ, զօրաւոր պատգամ մը կու տայ աշխարհին մեր ով ըլլալու մասին, մանաւանդ Արեւմուտքին մէջ ու մանաւանդ Արցախի պարպումէն ետք մեզի հանդէպ ստեղծուած համակրանքին հիման վրայ: Շատ կարեւոր նշան մըն է այս, որ ներկայ ծանր վիճակին մէջ մեզի յոյս կու տայ ու կը գօտեպնդէ: Հետաքրքրական է, Ազրպէյճանը որ շատ աւելի կարելիութիւններ ունի եւ մեծ միջոցներ կը յատկացնէ իր դասական երաժշտութեան ու երաժշտական տարբեր խումբերուն զարգացման համար, նուագախումբերու պարագային մեզի շատ բանով կը զիջի: Անկասկած կրնանք ըսել, որ այս ճակատին վրայ յաղթական ենք: Ատրպէյճանցիները դասական երաժշտութեան պարագային դեռ երկար ճամբայ ունին անցնելու: Ու արդե՞օք երբեւիցէ պիտի կրնան անցնիլ, քանի որ իրենց հայատեացութեամբ ու ցեղասպանական մտայնութեամբ արդե՞օք ատակ պիտի ըլլան քաղաքակիրթ աշխարհին մասը կազմելու, բան մը որուն վատթարացման մէջ իր մեծ մեղքը ունի նաեւ անձամբ Ալիեւը:  Համերգին յաջորդ օրը կարճ զրոյց մը ունեցայ Թոփչեանին հետ, որուն ընթացքին այս նիւթին մասին խօսեցայ: Թոփճեանը իր կարգին պատասխանեց, թէ երանի որ այս մասին բոլորը գիտակցին: Ու իսկապէս, երանի գիտակցինք ու ծրագրուած աշխատինք այս ուղղութեամբ:

Ինչպէս վերը գրած էի, որ յաղթական ենք նուագախումբերու պարագային: Պատճառ չկայ, որ յաղթական ըլլանք նաեւ ուրիշ բնագավարներէ ներս: Հարցը ճիշդ նպատակները դնելու ու ճիշդ ձեւով աշխատելու մէջ է: Տաղանդաւորներու, ու ինչու չէ նաեւ հերոսներու պակասը չունինք: Կը մնայ նորանոր յաջողութիւններ մաղթել Հայաստանի Ֆիլհարմոնիքին:

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles