Տերեւաթափ․- ՏՈՔԹ. ՊԵՏՐՈՍ ՄԱՆԿԻԿԵԱՆ (Հոկտեմբեր 3, 1931 – Նոյեմբեր 23, 2023)

0 0
Read Time:1 Minute, 16 Second

Իր կրտսեր եղբօր՝ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի մահէն վեց օր ետք, իր կարգին մահացաւ տոքթ. Պետրոս Մանկիկեանը, Մաքլինի (Վըրճինիա) մէջ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23-ին։

Տոքթ. Պետրոս Մանկիկեան ծնած էր Հալէպ (Սուրիա), Հոկտեմբեր 3, 1931-ին, Երուանդ եւ Արտեմիս Մանկիկեաններու ընտանիքին մէջ։ Յաճախած է Հալէպի Ալեփփօ գոլէճը եւ այնուհետեւ, այժմ հանգուցեալ իր քրոջ՝ Երանի, եւ աւագ եղբօր՝ Արշակի նիւթական աջակցութեամբ, բժշկական կրթութիւնը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, աւարտելով բարձրագոյն նիշերով։ Ուսումնական փայլուն ընթացքին համար, արժանացած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի կրթաթոշակին։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, կրթութիւնը շարունակած է Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանի (Սիրաքիւս) բժշկական կեդրոնին մէջ, որմէ ետք Միացեալ Նահանգները ձգելով իր մասնագիտութեամբ աշխատած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Պէյրութի մէջ, այնուհետեւ վերջնականօրէն հաստատուելով Միացեալ Նահանգներ։ Ֆիլատելֆիոյ հիւանդանոց մը աշխատելէ ետք, փոխադրուած է Սիրաքիւս (Նիւ Եորք), ուր սեփական դարմանատուն բացած է ընդհանուր եւ երակային վիրաբուժութեան մարզին մէջ։

Բազմիցս ազգային վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն մասնակցած, տոքթ. Մանկիկեան ծանօթ էր իր վիրաբուժական բացառիկ կարողութեամբ ու խոր յարգանքի արժանացած՝ իր գործընկերներուն կողմէ։ Անյագ ընթերցող մըն էր, կրթութեան հանդէպ խորին հետաքրքրութեամբ, ու միշտ զարկ տուած է բարձրագոյն ուսման։ Հովանաւորած է դասախօսական սրահի մը կառուցումը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ Ստեփանակերտի մէջ, մանկապարտէզի մը շինութիւնը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ։ Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ զօրավիգ կանգնած է, Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ հիմնադրամ մը հաստատելով՝ ի նպաստ Հայաստանի երէց ու հաշմանդամ անձերու համար։

Տոքթ. Մանկիկեան համեստօրէն ապրած է, իր հարազատներուն օգնութեան հասնելով եւ միշտ կեդրոնանալով մտքի ու մարդկային պայմաններու բարելաւման վրայ։ Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9-ին, Սիրաքիւսի Օքվուտ գերեզմանատան մէջ, ձեռամբ առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles