«Համազգային»-ի Հիմնադրութեան 95-Ամեակ՝ Հալէպի Մէջ

0 0
Read Time:2 Minute, 41 Second

Դեկտեմբեր 2-ին, Հալէպի մէջ հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ «Համազգային»-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, արժանաւորապէս յիշատակուեցաւ «Համազգային»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակը:

Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն:

Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ անդրադառնալով Համազգայինի հիմնադրութեան` շեշտեց, որ հիմնադիրները մարգարէատիպ լուսաւոր այրեր էին, որոնք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան պետական նշանաւոր գործիչներ եղած էին ու Հայաստանի խորհրդայնացումէն ու Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, Եգիպտոսի մէջ, հաւաքուելով ու կանխատեսելով սփիւռքահայութեան ուծացումի վտանզը, ստեղծեցին նախ կրթական ու հրատարակչական, այնուհետեւ մշակութային այնպիսի միութիւն մը, որ հայրենիքէն հեռու իւրաքանչիւր հայորդիի մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ դրոշմել կարողացաւ հոգեւոր հայրենիքի գաղափարն ու նորահաս սերունդները ազգային ինքնութեան հետ ամրօրէն կամրջուած պահեց: Ապա ակնարկ մը նետելով Համազգայինի 19 շրջաններու մէջ ծաւալած գործունէութեան վրայ` նշեց, որ յոբելենական սոյն հանդիսութիւնը կը կատարենք հայութեան համար ամէնէն դժնդակ օրերուն, Արցախը կորսնցուցած ենք, տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներուն տագնապը: Վտանգի տակ է սփիւռքին մէջ հայրենիքին համար ու հայրենական հեռանկարով ապրելու մեր գոյերթին գաղափարական իմաստը: Միւս կողմէ` սփիւռքը մաշումի մէջ է: Այս բոլորին լոյսին տակ ան ողջունեց հայ կեանքին մէջ քաղաքական ու գաղափարական տարբեր դրօշներու տակ գործող, սակայն հայապահպանման նոյն առաքելութեան տէր միութիւնները` շեշտելով, որ այսօր մեր կիզակէտը արցախահայութիւնն է, եւ Համազգայինի` Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ գրասենեակները լծուած են արցախահայութեան թեւ ու թիկունք կանգնելու անյետաձգելի գործին:

Իր խօսքի աւարտին Քէշիշեան միութեան 95-ամեակին առիթով յորդորեց վերարժեւորել անցեալը, քննել ներկայ մարտահրաւէրներն ու ուրուագծել ապագան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Համազգային»-ի շքանշանով պարգեւատրում` Համազգայինի վաստակաւոր անդամ, երկարատեւ տարիներ «Համազգային» ընտանիքէն ներս ծառայած Հռիփ Կանանեանի, որ ուղղեց նաեւ իր սրտի խօսքը:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Առաջնորդ սրբազանը: Ան յայտնեց, որ Համազգայինը իրեն համար եղած է ու կը մնայ փոքր Հայաստան մը` իր ողջ էութեամբ, աւելցնելով, որ Համազգայինը 95 տարուան ընթացքին իր հիմնադիրներուն ճամբով փորձած է վառ պահել` հայու հոգին, հայու երազը, հայու տենչը, ազատութեան ու անկախութեան ոգին, պայքարի տրամադրութիւնը եւ միշտ դժուարութեան, նեղութեան, տառապանքի, հալածանքի ճնշումներէ ետք ոտքի կանգնելու եւ դէպի վեր սաւառնելու կամքը, եւ այս բոլորը իրականացնելով` երազը գործի ու կեանքի վերածած է: Սրբազանը շեշտեց, որ Համազգայինի առաքելութիւնը եղած է տալ այն, ինչ որ անհրաժեշտ էր հայուն, հայակերտման, ազգապահպանման, մշակոյթի ծաղկեցման, եկեղեցւոյ, ազգային արժէքներուն համար:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, նաեւ ցուցադրուեցաւ «Արմատներուն կանչը» խորագիրը կրող տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին Համազգայինի հիմնադրութեան նպատակը, հիմնադիրներուն տեսլականը, ինչպէս նաեւ մշակոյթին դերը սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ` անոնց մէջ վառ պահելու հայոց լեզուի, դպրութեան, արուեստներու ու մանաւանդ Հայաստանի հանդէպ սէրը եւ Համազգայինին ջահը փոխանցելու սերունդէ սերունդ:

Նշենք, թէ Սրբազան Հայրը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս ընդունեց այցելութիւնը «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմէին ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, վարչութեան անդամ Արա Գէորգեան, գործավար Տօնիկ Տօնապետեան, ինչպէս նաեւ` Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեան, ընկերակցութեամբ` Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան:

Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց հայկական մշակութային արժէքները վառ պահող «Համազգային»-ի մեծ ընտանիքի նուիրեալ անդամներուն:

Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը անդրադարձած էր միութեան 95-ամեակի գործունէութիւններուն, արցախահայութեան ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն եւ միութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն: Այցելութեան առիթով Զաքար Քէշիշեան սրբազան հօր նուիրեց իր հեղինակած ձայնասկաւառակներէն օրինակներ:

«Համազգային»-ի 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութեան առիթով ,Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիւլահեան սրբազան հօր նուիրեց միութեան նշանակը կրող յուշանուէր:

Սրբազանը թեմին անունով շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ կատարեց այցելուներուն`  Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով եւ ծաղկուն գործունէութիւն մաղթեց անոնց:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles