Անկախութեան Սեպտեմբերեանը

0 0
Read Time:3 Minute, 3 Second

Գէորգ Պետիկեան

21 Սեպտեմբեր… Մեր ներկայ պատմութեան ամէնէն նշանակալից թուականներէն մէկը: Հայրենիքի անկախութիւն։ Բաղձալի եւ նոյնքան ալ իրական։ Մեր մեծագոյն տօներէն մէկը, որուն՝ պարզ բառերով անհնար է արտայայտել: Եւ ամէն տարի, այս մասին խօսած, խորհած, գրած ու արտայայտուած ենք: Ու պէտք է նաեւ աւելցնել, թէ մեր երկրի անկախութիւնը մեր բոլորին երջանկութիւնը, ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնն ալ է:

Ըսէ՛ք խնդրեմ.- արդեօք կա՞յ աւելի մեծ երջանկութիւն քան երկրիդ ազատութիւնը։ Պատմութիւնը վկայ- ճակատագրի բերումով, միշտ զրկուած ապրած ենք մեր անկախութենէն ու մեր կեանքը շարունակած օտարներու լուծին տակ։ Սակայն դարեր շարունակ, իրարայաջորդ սերունդներ միշտ երազած են իրականացած տեսնել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը:

Ու հպարտօրէն կրնանք ըսել, որ մենք այն երջանիկ սերունդներէն ենք, որոնց բախտ վիճակուած է տեսնել եւ վայելել մեր հայրենիքի բաղձալի անկախութիւնը, որուն դարեր շարունակ երազած էին մեր նախնիները: Եւ այսօր, 32 տարիներէ ի վեր, միշտ լաւատեսութեամբ եւ վաղուայ յոյսով ու լոյսով մօտեցած ենք պապենական մեր երկրին։ Ահա թէ ինչո՞ւ միշտ առկայ է բոլորիս մեծ փաղձանքը, որ նախապայման է զգուշօրէն մօտենալ մեր անկախութեան, ամէն գնով պահպանել զայն, միշտ հեռու մնալով ամէն տեսակի նեղ, անձնական եւ մանաւանդ անձողիկ շահերէն։

Ու մեկնելով հայրենիքի եւ յատկապէս անոր դրկից շրջանի իրավիճակներէն, այսօր ամէն բանէ աւելի առաջնահերթ է այս անկախութիւնը պահելն ու պահպանելը, եւ յանուն բարեկեցիկ հայրենիքի՝ գիտակցիլ անոր արժէքին եւ նպաստել անոր հին ու նոր հարցերու լուծման եւ պահել անոր անկախ պետութիւնը արժանավայել կերպով:

Իւրաքանչիւր հայու համար «անկախութիւն» բառն ինքնին հաճելի է կը հնչէ: Ոգեւորիչ: Հպարտութիւն առթող: Այս առթիւ նաեւ կը յիշենք Մայիսեան Հայաստանն ալ, զոր իրականացած էր մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերու արեան զոհաբերութեան  գնով: Եւ այդ անկախութիւնը կերտողները, մեր փառքն են եւ մեր ցեղին պատիւը:

Իսկ այս օրերուն, ցաւ ի սիրտ, բազմաթիւ երեւոյթներ ստուերի տակ պահած են եւ յաճախ ալ խամրեցուցած՝ մեր անկախութեան արժէքը: Տեսանելի են: Այս բոլորը կը կարծեմ արդիւնքն են շատ-շատերու մօտ գտնուող հայրենասիրութեան պակասէն, ներշնչող ազգային ոգիէն, հայութիւն ու հայկականութիւն ոգեւորող մթնոլորտէն:

Այս առթիւ կը յիշենք Գարեգին Նժդեհի իմաստուն խօսքերը, որոնք իբրեւ դրական «կողմնացոյց», կարելի է մէջբերել.- «Հայրենիքները ծնվում են հայրենասիրութեամբ եւ մեռնում են դրա պակասից»:

Ու դժբախտաբար ներկայիս մեր երկիրը ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի: Մեզի կ’իյնայ փորձել ո՛չ միայն մէջբերելով պատմության տողերը, այլեւ՝ անկէ դասեր քաղելով եւ դաստիարակուելով:

Չեմ ուզեր խրատական խօսքերով եւ «պէտք է»ներով լեցնել տողերս: Անձնապէս կ’ապրիմ այն համոզումով, որ հայրենիքիս միշտ կը պարտիմ տալ աւելին՝ քան անկէ վերցնել կամ ակնկալել:

Չենք բաղձար եւ ոչ ալ կ’ուզենք, որ մեր երկիրը նոյնիսկ մեզի համար դառնայ միայն զբօսաշրջիկութեան յատուկ երկիր, կամ բաց երկնքի տակ պատմական թանգարան կամ օտար պետութեան համար պարզապէս սահմանապահ աշտարակ:

Մեզի կը մնայ մեր պապենական երկիրը միասնաբար վերակերտել, շենցնել, զօրավիգ դառնալ անոր ծրագիրներուն ու մանաւանդ նպաստել անոր հրաշք դրախտավայր վերածելու մեր բոլորի երազի իրականացման ճիգերուն: Հզօրացնել բանակն ու զայն տնտեսապէս բարգաւաճ դարձնել, որպէսզի յետ այսու ան կարիք չունենայ որեւէ երկրի դուռը թակելու եւ «ողորմութիւն» խնդրելու:

Նաեւ մեզի կը մնայ միաւորուիլ ու հայրենաշէն գաղափարներով ու մեր դրական աշխատանքներով եւ ծրագրումներով մեր նոր սերունդին օրինակ դառնալ:

Չմոռնանք…երկրի անկախութիւնը ձեռք կը ձգուի է թէ՛ արեան գնով, թէ՛ մեծ աշխատանքի շնորհիւ եւ թէ՛ ազգի մարդկային որակի զարգացման եւ կատարելագործման պայմաններով:

Սեպտեմբեր 21 է. ըսինք: Այս առթիւ կը շնորհաւորենք մեր ժողովուրդը եւ կը մաղթենք, որ հայրենասիրութիւնը իբրեւ սոսկ բառ չարտասանէ: Ու կը թելադրենք, որ ամէն հայ, ուր ալ գտնուի, իր զաւակը դաստիարակէ այն մտայնութեամբ, որ հայրենիքը կը պահուի եւ պահպանուի աչքի լոյսի պէս, որովհետեւ բոլոր ժամանակներուն ալ մեր երկրի անկախութիւնը պահուած է իր զաւակներուն գերագոյն զոհաբերութիւններով եւ զոհողութեամբ:

Յիշենք… մենք բոլորս ալ տակաւին շատ պարտք ունինք Եռաբլուրին հանգչող մեր տղոց հոգիներուն: Ու այս իսկ պատճառով, արդէն ձեռնոցը նետուած է: Մենք նահանջելու իրաւունք չունինք: Մեր նախնիներու եւ գալիք սերունդներու օրհնութեան արժանանալու համար, հայրենիքը ժամանակակից երկիր դարձած ժառանգութիւն պէտք է ձգենք:

Արդ, այս բոլորէն ետք՝ ազգային տօնդ շնորհաւոր, հայրենիք եւ հայ ժողովուրդ:

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles