«ԱՄԷՆ ԱՆԳԱՄ ՈՐ ԳԱՍ ԱՅՍ ԳՈՒՄԱՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՍ»

0 0
Read Time:2 Minute, 3 Second

            Չեմ գիտեր թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կ’ընտրուին նորընծայ եկեղեցականներու աշխարհիկ կնքահայրերը: Որքան որ հասկցած եմ, անոնք թաղի, գիւղի կամ քաղաքի ոչխար արածողը, համետագործը կամ վարժապետը չէին ըլլար, այսօր ալ չեն: Այդ պատիւին արժանալալու կը կոչուին պարարտ քսակի իրաւունքով: Այդպէս եղած էր երիտասարդ քահանայի մը պարագային, որ գիր-գրականութիւն կը սիրէր, եւ ծառայութեան կոչուած էր մեծ քաղաքի մը կից ժողովրդական արուարձաին մէջ: Ոչ եկեղեցի գիտցող եւ ոչ ալ ոչ ալ գիր-գրականութեամբ հետաքրքրուող նորահարուստ այլապէս խոշոր անծանօթ Փիթըր-Պետրոս Սագոյեանը  որպէս կնքահայր յայտնուած էր նորընծայ Տէր Գալուստի կեանքին մէջ:

            Փիթըր-Պետրոս իր ծխականը չէր, բայց իր «սանուկ քահանան», պարտականութիւն կատարելու համար, Ս. Ծննդեան տօնին տնօրհնէքի համար գացած էր մեծ քաղաքը բնակող իր քահանայական կնքահօր տունը: Կնքահայրը հպարտութեամբ ցոյց տուած էր Լոնտոնի աճուրդէն գնուած հին հայկական մատեան մը, ապա խօսած էր իր գեղանկարչական հաւաքածոյի եւ ասդին անդին գտնուող կալուածներուն եւ Ամերիկա ուսանող զաւակին մասին:

            Երիտասարդ Տէր Գալուստ պատշաճ ձեւով կատարած էր տնօրհնէքը: Իշխանավայել հիւրասիրութեան արժանացած էր: Փիթըր-Պետրոս բաւարարութեամբ եւ շեշտելով յիշեցուցած էր, որ հրամցուած քաղցրաւենիքները  կու գային քաղաքի հռչակաւոր ծաղարէն, կարկանդակ, տուրմ, տպաւորիչ սրուակներու եւ ալքոլի մէջ պահուած պտուղներու  եդեմական ըմպելիներ…

            Տէր Գալուստ, տնօրհնէքէն ետք, երբ յարգանքով ոտքի ելած էր եւ կը պատրաստուէր հրաժեշտ տալու, Փիթըր-Պետրոս ծոցի գրպանէն հանած էր թանկարժէք դրամապանակը եւ  տպարանէն նոր ելած արդուկուած մեծագումար թղթադրամ մը,  եւ առանց պահարանի մէջ դնելու, խշրտացող թղթադրամը ձեռքէ ձեռք տուած էր,  եւ շեշտելով խոստացած էր, որ «Ամէն առիթով որ գաս, այսքա՛ն պիտի ստանաս»:

            Երիտասարդ քահանան շուարած էր, չէր գիտցած թէ ի՞նչ  պատասխան տար, եւ անշշուկ քաղաքավարութեամբ հրաժեշտ տուած էր:

            Վերադարձի ճամբուն վրայ, խաչի, աւետարանի եւ նշխարի սեւ պայուսակին մէջ դրած էր «նուէր»ը: Ամբողջ ճամբու ընթացքին մտորած էր այն մասին, որ նորահարուստ Փիթըր-Պետրոս ներկայ եւ գալիք տնօրհնէքները ուզած էր գնել, ինչպէս մեծ քաղաքի հռչակաւոր ծաղարանէն գնուած թանկարժէք ըմպելիները եւ տուրմերը, որոնք իր նոր ազնուականութեան որպէս ապացոյց շարուած էին եւ կը ցուցադրուէին ապակեդարանի մէջ, հաւանօրէն հիւրերուն յիշեցնելու համար իր նորագիւտ ազնուականութիւնը:

            Տօներու յաջորդած օրերուն մտորած էր երիտասարդ քահանան, եւ այդ արդուկուած թղթադրամի բեռէն ազատելու համար, զայն տարած եւ նուիրած էր  արուարձանի հայ դպրոցին:

            Քանի մը տարի ետք խշրտացող թղթադրամի առատաձեռն կնքահայրը իր հոգին յանձնած էր Ամենակալին: Տէր Գալուստ մասնակից չէր եղած կեղծ ողբերգուներու եղերամայրական խօսքերուն, խորանէն, հոգեճաշի սեղանին շուրջ, դամբանականներ եւ մահախօսական…

            Ափսոս, որ Փիթըր-Պետրոս երբեք չհասկցաւ, թէ ինչո՞ւ Տէր Գալուստ յաջորդ տօներուն տնօրհնէքի համար իր տունը օրհնելու չեկաւ, չգիտցաւ որ իր դրամանապանակէն թռած խշրտացող կարեւոր արժէքով թղթադրամը ծառայեց հայեցի կրթութեան, թերեւս թանկարժէք ըմպելիներու եւ կարկանդակներու ծաղարանը զրկելով եկամուտէ…

 

Մակար, 4 Օգոստոս 2023

 Երեւան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles