Խ. Տէր Ղուկասեան
Յիսուն տարի առաջ, 11 Սեպտեմբերին, Չիլէի մայրաքաղաք Սանթիակոյի վրայ «կ’անձրեւէր», ինչպէս խորագրած է իր ժապաւէնը Հելվիօ Սոթօ (Helvio Soto, Il pleut sur Santiago, 1975, դերակատարներ՝ John Abbey, Jean-Louis Trintignant, Bibi Anderson, Annie Girardot և ուրիշներ):
Զօրավար Աուկուսթօ Փինոչէթի ղեկավարութեամբ, բանակը պետական հարուածի կը դիմէր իշխանութենէ հեռացնելու համար Սալվատոր Այենտէն, Լատինական Ամերիկայի առաջին ընկերվարական քաղաքական ղեկավարը, որ ժողովրդային քուէով, և ոչ թէ զինեալ պայքարով, իշխանութեան հասած էր 3 Նոյեմբեր 1970-ին, և նախաձեռնած ընկերա-տնտեսական բարեկարգումներու ի նպաստ աշխատաւորներուն, որոնք զայրացուցած էին հողատէր դասակարգն ու երկրի հանքային հարստութիւնը շահագործող օտար ընկերութիւնները: Այենտէ մերժեց իշխանութենէ հեռանալ, և բանակը ռմբակոծեց նախագահական պալատը ուր ան իր մտերիմներուն հետ ապաստանած էր՝ զէնքով դիմադրելու համար սահմանադրական կարգը: «Անձնական բան մը չէ որ պաշտպանելու ելած եմ», ըսաւ ան ձայնասփռուած իր վերջին պատգամին մէջ: «Չիլէի ժողովուրդն է որ կը պաշտպանեմ, և անոր արդար իրաւունքը՝ իրագործելու այն բարեփոխումները որոնք իրեն պիտի տան արժանապատիւ կեանք մը, ազգային արդար գոյութեան իմաստ մը, և Չիլէն վերածեն անկախ ու իր ճակատագրին տէր երկրի մը:» Այենտէ զէնքը ձեռքին մահացաւ: Իշխանասպանութիւն մը (magnicide), որ զինուորականները ուզեցին ծածկել պաշտoնապէս յայտարարելով որ «անձնասպան» եղած էր ան:
Չիլէի մէջ պետական հարուածէն հինգ տարի առաջ, 21 Օգոստոս 1968-ին, Խորհրդային Միութեան և Վարշաւիոյ Ուխտի երկիրներու հրասայլերը կը խուժէին Չեխոսլովաքիա վերջ տալու համար Փրակայի Գարնան, «մարդկային դէմքով ընկերվարութեան» մը քաղաքական ազատականացման այն փորձին որ նոյն տարուայ Յունուարին երկրի Համայնավար Կուսակցութեան Առաջին Քարտուղար ընտրուած բարեկարգիչ Ալեքսանտր Տուպչեքը սկսած էր: Փինոչէթի պետական հարուածը «ականահարեց «ընկերվարութեան հասնելու խաղաղ ուղին» զոր չիլէական հասարակութիւնը ընտրած էր դէպի նոր կարգեր անցնելու համար», կը գրէ արժանթինցի հրապարագրուհի Մոնիքա Մարթին «աշխարհի մէջ քուէով իշխանութեան հասած առաջին «Մարքսիստ»» Այենտէի մասին իր յօդուածին մէջ (Mónica Martín, “Salvador Allende, el primer “marxista”del mundo que llegó a la presidenciacon votos”, Perfil, 11.09.2023): «Օտար դրամագլուխը, կայսերականութիւնը, միացած յետադիմութեան ստեղծեց կլիման որպէսզի Զինեալ Ուժերը խզեն (քաղաքականութեան չմիջամտելու) իրենց աւանդութիւնը», կ’ըսէ Այենտէ իր պատգամին մէջ: Յստակօրէն կ’ակնարկէր Ուաշինկթընին, ուր Նիքսոնի վարչակարգը, Վիեթնամի մէջ ԱՄՆ-ի վարկաբեկիչ ձախողութեան լոյսին տակ, որոշած էր իր «ետևի բակ»ին մէջ «համայնավարութեան» յառաջխաղացքը արգիլել: «Եթէ ընտրել չեն գիտեր մենք կը սորվեցնենք» պոռթկացած էր Ռիչըրտ Նիքսըն երբ Այենտէ ընտրուած էր, և 15 Սեպտեմբեր 1970-ին ուղղակի հրահանգած ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութեանց «Չիլէն փրկելու» ի խնդիր պետական հարուածի մը ենթահող պատրաստելու:
Այդ կը բացայայտեն Պետական Քարտուղարութեան գաղտնազերծուած արխիւները որոնք լոյս կը սփռեն ի մասնաւորի Նիքսընի Ապովութեան Հարցերով խորհրդական Հենրի Քիսինճըրի առաջնային դերակատարութեան վրայ: Պարապի չէ որ, 2003-ին, երբ լոյս տեսած էր Ճորճ Ուաշինկթըն Համալսարանի Ազգային Ապահովութեան Արխիւներ ծրագրի գիտաշխատող և պետական փաստաթուղթերու գաղտնազերծման այդ հիմարկին մէջ Չիլէի Փաստաթուղթերու Ծրագրի ղեկավար Փիթըր Քորնպլուհի առաջին հատորը, Քիսինճըր ընդդիմացած էր անոր տարածումին, ինչպէս հեղինակը կը բացայայտէ գրքի տասը տարի յետոյ աւելի ամբողջացած տարբերակի վերջաբանին մէջ (Peter Kornbluh, The Pinochet File. A Declassified Dossier on Atrocity and Accountability. The New Press, 2013): Բայց տակաւին շատ փաստաթուղթեր կը մնան խորհրդապահական (The Coup in Chile: What Did Nixon Know and When Did He Know it? The National Security Archive, 12.09.2022), և պետական հարուածի յիսունամեակին առիթով Կապրիէլ Պորիչի կառավարութիւնը պաշտօնապէս դիմած է Ուաշինկթընին անոնց գաղտնազերծումը թոյլատրելու համար:
ԱՄՆ-ը և իր Եւրոպայի դաշնակիցները չմիջամտեցին երբ խորհրդային հրասայլերը կը սպաննէին Փրակայի Գարունը: Պաղ Պատերազմի խաղի լուռ օրէնքներէն էր հակառակորդին ազդեցութեան գօտիէն հեռու մնալը՝ առաջքը առնելու համար Երրորդ Աշխարհամարտին և կորիզային զէնքի գործածութեամբ հաւաքական անէացումին: 1973-ին Պաղ Պատերազմը մտած էր իր մեղմացման, Տեթանթ, հագրուանը: Եւրոպայի մէջ անշուշտ, և թերևս Ասիոյ: Ոչ Ափրիկէի, և մանաւանդ ոչ՝ Լատինական Ամերիկայի մէջ, ուր զինուորական իրերայաջորդ վարչակարգեր, ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութեանց անմիջական համագործակցութեամբ «պատերազմ»ի ելած էին «ներքին թշնամիին» դէմ, իմա՛՝ զինեալ ըմբոստութիւններ, կամ ալ անոնց պատրուակով ընդհանրապէս ընդդիմադիրներ թէկուզ և շարքային քաղաքացի: Փինոչէթի պետական հարուածը առաջինը չէր: Բայց Հարաւային Ամերիկայի մէջ այն յատկանշուեցաւ իր բացայայտ վայրագութեամբ: Այնքան բացայայտ, որ երբ երեք տարի յետոյ Արժանթինի զինուորականները կը պատրաստուէին նոյն քայլին դիմել Քիսինճըր անոնց խորհուրդ տուած է արագ շարժիլ և, մանաւանդ, ուշադիր ըլլալ որ ոճիրները չբացայայտուին… 1976 Մարտ 24-ին պետական հարուածով յաջորդ եօթը տարիներուն երկրին մէջ հաստատուած բռնատիրութիւնը հետևեցաւ անոր խորհուրդին: Երբ Խունթայի ղեկավար Ռաֆայէլ Վիտելային հարց կու տային թէ ուր են այս կամ այն քաղաքացիները որոնք չկային, ան հարցը տուած լրագրողին շնականօրէն կ’ըսէր՝ «չկան, ոչ ողջ են, ոչ ալ մեռած, անհետացած են»: Արժանթինի մէջ «Անհետացածներ»ուն թիւը կը հաշուըւի մօտ երեսուն հազար, որոնցմէ մօտ ութը հազարին ինքնութիւնը հաստատած է ժողովրդավարութեան վերադաձէն յետոյ ստեղծուած յանձնախումբը: Միւսները, ներառեալ անոնցմէ խլուած և որդեգիր տրուած զաւակները, տակաւին կը փնտռուին: Արժանթինի մէջ զինուորական բռնատիրութեան մարդկային իրաւանց մասսայական խախտումը դատարանի որոշումով «ցեղասպանութիւն» որակուած է: Չիլէի մէջ, բռնատիրութեան 17 տարիներուն ընթացքին անչափահասներու պարտադրուած որդեգրումներուն թիւը, ըստ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու, կրնայ հասնիլ մինչև քսան հազարի (Alfredo Greco y Bavio, “Al menos 20.000 bebés chilenos de familias pobres fueron entregados en adopción al extranjero para “limar el déficit””, elDiarioAR, 11.09.2023)
Անհետացած, բացակայ, կորսուած, կորած … Քոսթա Կավրասի Քաննի դափնեկիր ֆիլմը՝ Missing (1982) դերակատարութեամբ Ճէք Լեմմընի և Սիսի Սփաչէքի Փինոչէթի, պետական հարուածէն անմիջապէս յետոյ բռնատիրական վարչակարգին կողմէ առևանգուած, չարչարուած և սպաննուած ամերիկացի լրագրող Չարլի Հորմանի մասին է: Տղուն գտնելու նպատակով Չիլէ գացած Էտ Հորման կամաց կամաց պիտի անդրադառնայ համատարած սարսափին որուն ստեղծման ու պահպանման մէջ դերակատար է իր պետութիւնը: Արդարև, Ուաշինկթընի համար Չիլէի մէջ բռնատիրութեան հաստատման դրդապատճառները կրնային ատենին «արդարացուիլ» Պաղ Պատերազմի հրամայականով, որքան ալ այդ մէկը յաճախ պատրուակ եղած է, բայց ոչ խորքային պատճառ: Բայց Հարաւային Ամերիկայի մէջ ամենաերկարակեաց այդ բռնակարգը հետագային այլ հետաքրքրութիւն առաջացուց. Չիլէն վերածուեցաւ Նէօլիպերալ տնտեսական տեսութիւններու գործնականացման հսկայ փորձադաշտի մը, ուր Չիքակոյի Տղաքը (այդ անունով ծանօթ էին նախորդ տասնամեակին Չիքակոյի Համալսարանին մէջ Միլթըն Ֆրիտմանի աշակերտած Լատինական Ամերիկայի երկիրներու տնտեսագիտութեան ուսանողները որոնք իրենց երկիրները վերադարձան համոզուած որ անհրաժեշտ է վերջ տալ սոցիալական պետութեան և առիթ ստեղծել ազատ շուկայի ծաղկումին) պատեհ առիթը գտան իրենց տեսութիւնները գետնի վրայ փորձարկելու: Գաղտնիքը անոնց ընդդիմացող աշխատաւորական թէ գիւղացիական զանգուածը զսպելու պատրաստ իշխանութիւններն էին: Ինչ որ Փինոչէթ պատրաստ էր ընելու, ի մասնաւորի երբ Չիլէի տնտեսական «հրաշք»ը նաև իրեն և իր ընտանիքին հրաշալի հարստութեան տէր դառնալու առիթ կը ստեղծէր…
Անգլիոյ Քենթ Համալսարանի Միջազգային Յարաբերութիւններու դասախօս Րութ Պլաքլէյ ցոյց տուած է թէ որքա՛ն իրարու առընչակից են պետական ահաբեկչութիւնն ու Նէօլիպերալիզմը, և, հետևաբար, ինչքան կարևոր եղած է Հիւսիս դերը Հարաւի մէջ բռնատիրական վարչակարգերու հաստատելու գործին մէջ (Ruth Blakeley, State Terrorism and Neoliberalism. The North in the South. New York: Routledge, 2009): Այսպէս, 1999-ին, Փինոչէթ Լոնտոնի պանդոկի իր սենեակին մէջ 17 ամիս արգելափակուած մնաց որովհետև սպանացի դատախազ Պալթազար Կարսոն իր դէմ դատ բացած էր Չիլէի մէջ սպաննուած սպանացիներու հարցով և հիմնուելով Եւրոպական Միութեան օրէնքներուն վրայ կը պահանջէր անոր արտաքսումը Սպանիա ուր և պիտի դատուէր: Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Թոնի Պլէրի կառավարութիւնը խիստ ճնշումի տակ էր: Մարկարէթ Թաչըր զայրացած էր որ իր Աշխատաւորական հոգեզաւակը, Պլէր, Մալվինեան Պատերազմին (1982) իրենց այնքան օգնած Փինոչէթին նման նուաստացման կ’ենթարկէր: Հարցը, սակայն, Պլէրի Ներքին Գործոց Նախարար Ճաք Սթրաուին ձեռքերուն մէջ էր: Այս վերջինը ի վերջոյ տեղի տուաւ և ընդունեց այն բժշկական վաւերագիրը որ Փինոչէթին հոգեպէս անկարող կը նկատէր որևէ ատեանի մէջ ըլլալու համար: Երբ 2000-ին Փինոչէթ Սանթիակօ հասաւ, օդանաւէն իջածին պէս խնդալով շատ հանգիստ ոտքի ելաւ անիւաւոր աթոռէն և քալելու սկսաւ: «Զայրացայ տեսնելով որ Փինոչէթը վեր կը բարձրանար անիւաւոր աթոռէն» անամօթաբար ինքզինք կ’արդարացնէ Սթրաու արժանթինեան օրաթերթի մը տուած իր հարցարզրոյցին մէջ (Rubén Guillemí, “Jack Straw. “Me enfureció ver a Pinochet levantarse de la silla de ruedas”. La Nación, 10.09.2023): Նոյն այս քաղաքական անձնաւորութիւնը, այլ առիթով մը մամուլին իր ըրած յայտարարութեանց մէջ կ’ըսէ թէ «սխալ» եղած էր բաժանուած Կիպրոսը ընդունիլ Եւրոպական Միութեան անդամ… Աշխատաւորական կրնան կոչել իրենք իրենց: Ինչ որ չի մեռնիր մէջերնին կայսերականութեան շնականութեան, ստախօսութեան և ամբարտաւանութեան ջիղն է:
Չիլէի մէջ պետական հարուածէն յիսուն տարի յետոյ Փապլօ Լարրայինի տակաւին նոր ցուցադրութեան դրուած Կոմսը ֆիլմը (Pablo Larrain, El Conde, 2023, դերակատարներ՝ Jaime Vadeli, Alfredo Castro, Paula Luchsinger, և ուրիշներ) բռնատէր Փինոչէթը կը ներկայացնէ որպէս 250 տարեկան վամփիր մը, որ իր մահը կը կեղծէ որպէսզի հանգիստ ձգեն իրեն: Փինոչէթ մեռաւ 2006-ին: Իր թաղման նախօրեակին երկար շարք մը կար պաշտօնական և ոչ-պաշտօնական անձնաւորութիւններու և իր երկրպագուներուն որոնք կու գային իրենց յարգանքի տուրքը տալու: Փինոչէթ գոնէ այն ատեն աչքերը չբացաւ: Ոչ իսկ երբ շարքային քաղաքացի մը իր երեսին թքեց նախքան պահակներուն կողմէ չէզոքացուիլը: Բայց Փինոչէթի ուրուականը տակաւին կը սաւառնի. ըստ հանրային հարցախոյզի մը, չիլէցիներուն երեսուն վեց տոկոսը տակաւին կը հաւատայ որ ան երկիրը «ազատեց Մարքսիզմէ»… Զարմանալի չէ: Անտեան լեռներուն միւս կողմը, Արժանթինի մէջ, հոկտեմբերի նախագահական ընտրութիւններուն առաջին գիծին է Նէօլիպերալ թեկնածու մը որուն համար ընկերվարականները «աղբ» են: Բառացի: Չիլէի մէջ ծայրայեղ աջը առաւելի պատճառ ունի կարօտախտագին յիշելու բռնատիրութիւնը. պետական հարուածէն յիսուն տարի յետոյ, կրկին իշխանութեան հասած է ընկերվարական մը, երիտասարդ Կապրիէլ Պորիչը, որուն քաղաքական վերընթացը սկսաւ 2019-ին ծայր առած ուսանողական ցոյցերուն, որոնք, ինչպէս շատ վերլուծաբաններ կը դիտարկեն, Չիլէի տնտեսական «հրաշք» բնորդին սպառման ազդանշանը կը հանդիսանան:
Պետական հարուածի յիսուներորդ տարուան առիթով, Պորիչի նախաձեռնութեամբ 1990-ին վերահաստատուած ժողովրդավարութեան բոլոր նախագահները ստորագրեցին Սանթիակոյի Յանձնառութիւնը՝ ի պաշտպանութիւն ժողովրդավարութեան: Փաստաթուղթը ստորագրողներուն մէջ էր երկու առիթով երկրի նախագահ ընտրուած և ինչև անցեալ տարի ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի նախագահի պաշտօնին եղած Միշէլ Պաշըլէն, որուն հայրը, Ալպերթօ Պաշըլէ, որ Փինոչէթի նման զօրավար մըն էր Չիլէի բանակին մէջ, ընդդիմացաւ պետական հարուածին որուն համար ալ ձերբակալուեցաւ (զէնքի մաքսանենգութեան կեղծ մեղադրանքով), չարչարուեցաւ և սպաննուեցաւ բռնատիրական վարչակարգին կողմէ: Միշէլ Պաշըլէ, ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն, փորձեց բայց ամբողջականօրէն չյաջողեցաւ պաշտօնական թիւերով երեք հազար երկու հարիւր զոհ պատճառած բռնատիրութեան բոլոր ոճիրները բացայայտող գործընթացի սկիզբ տալ: Պորիչի կառավարութիւնը կեանքի կոչած է անհետացածներու Փնտռումի Ազգային Ծրագիր մը գլխաւորութեանբ իր կառավարութեան Արդարադատութեան և Մարդկային Իրաւանց նախարար Լուիս Քորտերոյի, որուն հօր երկու հօրեղբայրները «անհետացած» են Փինոչէթի բռնատիրութեան օրերուն: Երկրի աջակողմեան ընդդիմութիւնը դէմ է ծրագրին, և Խորհրդարանի մէջ անոնց պատգամաւորները մերժեցին ստորագրել Ժողովրդավարութեան Յանձնառութեան յայտարարութիւնը: Պորիչ տեղի չտար, բա՛յց կը հանդուրժէ այլակարծութիւնը: «Բազմազանութեան մէջ և տարբեր մտածողներու հետ է որ կրնանք լաւագոյն հասարակութիւն մը կերտել», ըսաւ ան 11 Սենտեմբերին իր հրապարակային խօսքին մէջ: «Սանթիակոյէն, ամենայն համոզումով, կը յայտարարենք որ բռնութիւնը երբեք պիտի չառնէ ժողովրդավար բանավէճին և համակեցութեան տեղը: Չիլէի և աշխարհի ընդառաջ կ’ըսենք՝ ժողովրդավարութի՛ւն, այսօր և ընդմի՛շտ:»